ՓՈՒԹԻՆ. «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ Կ՚ՈՐՈՇՈՒԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ»

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի դադրեցման վերաբերեալ յայտարարութիւնը պայմաններ կը ստեղծէ հիմնախնդրի արդար հիմքով երկարատեւ կարգաւորման համար։ «Կարեւոր է, որ պայմանաւորուածութիւնները պահպանուին։ Մարտական գործողութիւնները ամբողջովին դադրած են, իրավիճակը կայունացած է։ Այսպէսով պայմաններ ստեղծուած են տարածքաշրջանէ ներս տագնապի երկարատեւ ու լիարժէք կարգաւորման համար, ընդ որում արդար հիմքով՝ թէ՛ ատրպէյճանական եւ թէ հայ ժողովուրդի շահերուն համապատասխան», ըսաւ Փութին եւ աւելցուց, որ ռուսական կողմը աշխոյժ ջանքեր գործադրած է, որպէսզի մարտական գործողութիւնները դադրին իր երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ։

Ռուս ղեկավարը երէկ տեսաժողովի մը մասնակցեցաւ Պրազիլի, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի ղեկավարներուն հետ։ Այս առթիւ ան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրադրութեան շուրջ։ Բաց աստի, Փութին ռուսական հեռուստաալիքի մըն ալ տուած հարցազրոյցին մէջ մանրամասնութիւններ ներկայացուց վերջին իրադարձութիւններուն մասին։ Ըստ Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դաւաճան մը չէ։ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը կը վերաբերի ապագային։ Ան ընդգծեց, որ մինչեւ այս պատերազմը չէ քննարկուած Շուշիի յանձնման հարցը եւ շարունակեց.

«Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը տակաւին որոշուած չէ։ Մենք պայմանաւորուած ենք, որ կը պահպանենք կարգավիճակը, իսկ պէտք է որոշել, թէ յառաջիկային ի՛նչ կ՚ըլլայ։ Կը կարծեմ, որ եթէ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուին, այսինքն՝ վերականգնուին յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, ներառեալ՝ ժողովուրդներու միջեւ կենցաղային մակարդակի վրայ, այս բոլորը նաեւ կը ստեղծեն պայմաններ, որոնք թոյլ կու տան որոշել Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը»։

Պատերազմական օրերու իրադարձութիւններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հաղորդելով՝ Փութին աւելցուց. «Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան սկիզբին հրաժարած էր ընդունիլ հոկտեմբերի 15-20-ի հրադադարի մասին առաջարկը, երբ Ատրպէյճանի բանակը տակաւին գրաւած էր Լեռնային Ղարաբաղի հարաւի փոքր հատուած մը։ Ընդհանուր առմամբ ես յաջողած էի Ալիեւը համոզել, թէ կարելի է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները։ Իր կողմէ պարտադիր պայման էր փախստականներու վերադարձը՝ ներառեալ Շուշի։ Ինծի համար անսպասելիօրէն մեր հայ գործընկերներու դիրքորոշումը այնպէս ձեւակերպուեցաւ, որ սա անոնց համար անընդունելի էր։ Վարչապետ Փաշինեան ինծի ուղղակի ըսաւ, որ այդ բանին մէջ վտանգ կը տեսնէ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի շահերուն համար։ Ինծի համար հիմա եւս այդքան ալ հասկնալի չէ, թէ ո՞րն էր այդ սպառնալիքը։ Կ՚ենթադրուէր, որ խաղաղ բնակիչները վերադառնան Շուշի, հայկական կողմը պահպանէ վերահսկողութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի այդ տարածքին վրայ, ներառեալ Շուշին, եւ նկատի ունենալով մեր խաղաղապահներու գոյութիւնը՝ մենք արդէն այդ ժամանակ համաձայնած էինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ։ Այդ ժամանակ Փաշինեան ըսած էր, որ Երեւան չի կրնար ընդառաջել եւ յայտարարած էր պայքարը շարունակելու եւ պատերազմելու պատրաստակամութեան մասին։ Այդ պատճառով, իր հասցէին դաւաճանութեան մասին մեղադրանքները որեւէ հիմք չունին։ Այլ բան է՝ սա ճի՞շդ թէ սխալ որոշում մըն էր։ Դաւաճանութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ»։

Փութինի այս յայտարարութիւններէն յայտնի դարձաւ, որ Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ տակաւին հոկտեմբերի 20-ին համաձայնութիւն գոյացած էր Ռուսաստանի խաղաղապահներու տեղակայման շուրջ։ Ան անդրադարձաւ այն հաւանականութեան, թէ Հայաստանի քաղաքական գործընթացներուն հետեւանքով եթէ փոխուի ղեկավարութիւնը եւ համաձայնութիւն չտրուի իրականացնել հրադադարի յայտարարութեան կէտերը, ապա ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Ըստ Փութինի, այդպիսի քայլ մը Հայաստանի տեսակէտէ ինքնասպանութեան համազօր կ՚ըլլայ։ Խօսելով Հայաստանի ներքին քաղաքական վիճակին մասին՝ Փութին շեշտեց, որ պատերազմի վտանգի ենթակայ երկիրը չի կրնար պառակտուած ըլլալ ներսէն, ուստի, պէտք է հանրութիւնը միաւորել ու ոչ թէ մասնատել։ Խորհրդածելով հակամարտութեան պատճառներուն մասին՝ Փութին յիշեցուց Սումկայիթի դէպքերը եւ ակնարկեց, որ եթէ Հայաստան ճանչցած ըլլար Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, ապա իրավիճակը կրնար տարբեր ըլլալ։ Այս մօտեցումը հիմնաւորելու համար Փութին օրինակ ցոյց տուաւ Աբխազիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ եւ Խրիմի պարագաները, երբ Ռուսաստանի կողմէ բոլորի անկախութիւնը ճանչցուած է։

Վլատիմիր Փութին հեռատեսիլէն սփռուած յայտարարութիւններուն մէջ նշած է, որ ինչպէս կարելի էր խուսափիլ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն։ Արդարեւ, եթէ ընդունուէին տակաւին 2013 թուականին մշակուած առաջարկները, ապա կարելի կրնար ըլլալ կանխել պատերազմը։ «2013 թուականին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս Ռուսաստան ձեւակերպած էր պայմաններ, որոնց համաձայն գտնուած եւ աջակցած էին Մինսքեան խմբակի բոլոր մասնակիցները՝ ներառեալ համանախագահները։ Այդ առաջարկներու հիմքին կը գտնուէին՝ Հայաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հինգ շրջաններու վերադարձ, այնուհետեւ եւս երկու շրջաններու վերադարձ, Ղարաբաղ-Հայաստան միջանցքի ստեղծում, Ղարաբաղի կարգավիճակի ճանաչում՝ չամրապնդելով անոր վերջնական կարգավիճակը, երկու կողմէ փախստականներու վերադարձ։ Իմ կարծիքով՝ սա կ՚ըլլար հարցի լուծում։ Մենք քանի մը անգամ մօտեցած ենք վերջնական լուծման, սակայն, դժբախտաբար։ Իմ տեսանկիւնէն, եթէ մենք յաջողէինք, կարելի ըլլար համաձայնութիւն ձեռք բերել, պատերազմ ալ չէր ըլլար։ Եւ ես հիմա վստահ եմ», աւելցուց Փութին։ 

Բաց աստի, երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ ռուս ղեկավարը ընդգծեց, որ Մոսկուա համոզած է Անգարան, որպէսզի խաղաղապահներ չուղարկէ Լեռնային Ղարաբաղ։ Փութինի խօսքով, Ռուսաստան յաջողած է համոզել Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, թէ պէտք չէ պայմաններ եւ նախադրեալներ ստեղծել Լեռնային Ղարաբաղի հարցով համաձայնութիւններու կործանման համար։ «Ինչո՞ւ սադրենք հայկական կողմը շփման գծի վրայ թուրք զինուորներու առկայութեամբ։ Կը կարծեմ, թէ նախագահ Էրտողան նոյնպէս շատ լաւ կը հասկնայ այս մէկը», նշեց Փութին եւ պարզաբանեց, որ նկատի ունի անցեալ տարիներու ծանր ժառանգութիւնը եւ այն ինչ, որ կապուած է Առաջին աշխարհամարտի ժամանակներու ողբերգական արիւնալի իրադարձութիւններու եւ ցեղասպանութեան հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի ստեղծման նիւթին շուրջ ալ Փութին յայտնեց հետեւեալը. «Մենք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ համագործակցութեան լաւ փորձառութիւն ունինք՝ ներառեալ Սուրիոյ մէջ, ուր Իտլիպի գօտիէն ներս համատեղ հերթափոխութիւն կ՚իրականացուի։ Այստեղ նմանօրինակ համագործակցութեան ան-հըրաժեշտութիւն չկայ։ Սակայն, համաձայնած ենք, թէ կը ստեղծենք համատեղ կեդրոն մը, որ կ՚օգտագործէ անօդաչու թռչող սարքեր եւ անոնց օգնութեամբ միասին կը վերահսկենք իրավիճակը սահմանազատման գծի երկայնքով»։

Փութինի ընդհանուր յայտարարութիւններուն մէջ առանձնացած են կարգ մը շեշտադրումներ, ըստ որոնց Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ճանչցուած չըլլալը զգալի հետք մը թողած է իրադարձութիւններու ընթացքին վրայ։ Բաց աստի, մինչեւ այս պատերազմը՝ նախապէս Շուշին յանձնելու պայմանը բանակցային սեղանին վրայ չէ գտնուած։

Ի լրումն այս բոլորին, Վլատիմիր Փութին տեղեկացուց, որ յաւելավճարներ պիտի ստանան այն ռուս խաղաղապահները, որոնք պաշտօնի կը ձեռնարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2020