ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընտրեալ-նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, որ Սպիտակ տուն պիտի վերադառնայ յառաջիկայ յունուարի վերջաւորութեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Փաշինեան Թրամփը շնորհաւորեց ընտրութիւններուն մէջ տարած յաղթանակին կապակցութեամբ եւ անոր տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու վերջին տարիներու զարգացումներուն եւ ընթացիկ վիճակին շուրջ։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Տանըլտ Թրամփ քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանային օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։

ՎԵՐԼՈՒԾԱԲԱՆԻ ԿԱՐԾԻՔ

Միւս կողմէ, վերլուծաբան Սուրէն Սարգսեան, որ մօտէն կը հետեւի ԱՄՆ-ի իրադարձութիւններուն եւ Հայաստանի նկատմամբ քաղաքականութեան, ընկերային ցանցերու վրայ ուշագրաւ գրառումով մը հանդէս եկաւ՝ Փաշինեան-Թրամփ զրոյցին հետ գրեթէ նոյնաժամանակ։ Ան համոզուած է, թէ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը պիտի չփափաքի Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի արագ ստորագրման բեմագրութիւնը։ Ի տարբերութիւն Ուաշինկթընի այժմու ղեկավարութեան՝ Թրամփի պարագային նման հեռանկար մը չկայ։ Իրերու առարկայական դիտարկման լոյսին տակ վերլուծաբանը օրակարգի վրայ կը բերէ երեք վարկած.

1- Թրամփի վարչակազմը չի փափաքիր խաղաղութեան պայմանագրի արագ ստորագրումը, որովհետեւ այդ պարագային պէտք է ընդունի, որ դափնիները կը պատկանին այժմու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին։ Բաց աստի, Թրամփ կրնայ ձգձգել բանակցութիւնները եւ պայմանագրի գործընթացը՝ այնքան ժամանակ, որ դափնիները իրեն կը վերագրուին։ Արդարեւ, անոր համար անհրաժեշտ են խաղաղութեան հաստատման յաջող պատմութիւններ։ Ժամանակի ձգձգման տարբերակը, ի հարկէ, կը բխի նաեւ Պաքուի շահերէն։ Այսպէսով Ատրպէյճան կրնայ աւելի շատ պահանջել Հայաստանէն եւ աւելի քիչ ճնշման ենթարկուիլ։

2- Թրամփ կրնայ ընդհանրապէս ներգրաւուածութիւն չունենալ Հարաւային Կովկասի մէջ եւ այդ պարագային տարածաշրջանի ամբողջ նախաձեռնութիւնը կրնայ անցնիլ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի, այսինքն նոյնինքն տարածաշրջանի խաղացողներու ձեռքը։ Սա նոյնպէս կը բխի Պաքուի շահերէն։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի վրայ ճնշումներ չեն ըլլար եւ ան, ի տարբերութիւն Հայաստանի, ընդունակ է պայմանաւորուելու Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հետ։ Այս բեմագրութիւնը, ի հարկէ, անհակակշիռ վիճակ մը կը ստեղծէ տարածաշրջանէն ներս։ Արդարեւ, ԱՄՆ-ի բացակայութիւնը կ՚ազատէ բոլոր խաղացողներու ձեռքը։ Ինչպէս որեւէ հաւասարակշռութեան փլուզում, այս պարագան եւս պատճառ կը դառնայ յաղթած բեւեռի ազդեցութեան աճին։

3- Վերջին վարկածը կը վերաբերի լարուածութեան մագլցման Իրանի շուրջ, ինչ որ տարածաշրջանին տեսակէտէ բազմաթիւ ծանրակշիռ հետեւանքներ կրնայ ստեղծել։

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Վատիկան։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, դէպի Սուրբ Աթոռ ուղեւորութեան ընթացքին վարչապետին կ՚ուղեկցի նաեւ իր կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան։ Վարչապետ Փաշինեան այս կը հիւրընկալուի Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2024