ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՁԻՒՆԱՀԱԼ
Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի պաշտօնական աղբիւրները երէկ երեկոյեան ժամերէն սկսեալ տեղեկացուցին, թէ երկու երկիրներուն միջեւ պաշտօնապէս սկսած է ձիւնահալի մը գործընթացը։ Ծանօթ է, որ «Մաւի Մարմարա» նաւու դէպքով ծագած ճգնաժամը պատճառ դարձած էր, որ վերջին տարիներուն մեծ լարուածութիւն մը ապրուի երկու երկիրներուն միջեւ, որոնք մինչ այդ իրենց կապերը հասցուցած էին ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակին։ Զուիցերիոյ մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են երկու երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն միջեւ։ Թուրքիայէն Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու մասնակցած է այդ բանակցութիւններուն։ Իսրայէլի կողմէ մասնակցած են Վարչապետ Նեթանիյահուի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Ժոզէֆ Սայչանովըր եւ Եոսսի Քոհէն, որ մօտաւոր ապագային պիտի գլխաւորէ «Մոսատ»ը։
Երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման համար նախատեսուած եւ նախաստորագրուած համաձայնութիւնը կը բաղկանայ հինգ կէտերէ։ Թուրքիա 20 միլիոն տոլար հատուցում պիտի ստանայ «Մաւի Մարմարա»ի համար ու պիտի փակուի այդ թղթածրարը։ Կողմերը փոխադարձ պիտի նշանակեն նոր դեսպաններ եւ Համասի անդամներէն Սալիհ Էլ Արուրի պիտի լքէ Թուրքիան։ Բաց աստի, բնական կազի ոլորտէն ներս պիտի համագործակցին կողմերը։ Ցիւրիխի մէջ ապահովուած այս համաձայնութիւնը տակաւին վերջնականօրէն չէ ստորագրուած։ Թրքական կողմը պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ շփումները կ՚ընթանան դրական։
Իսրայէլի հետ այս նոր շրջանը կը զուգադիպի այն փուլին, երբ Թուրքիա կազի այլընտրանքային աղբիւրներ կը փնտռէ՝ Ռուսաստանի հետ ծագած լարուածութեան բերումով։