ԵՒ ՕՐԷՆՔԻ ԱՌՋԵՒ…
Կիւմրիի մէջ այս առաւօտ սկսաւ ռուս զինուորական Վալերի Փերմեաքովի դատավարութիւնը, որուն անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի հանրային կարծիքը եւ համայն հայութիւնը։ Տարեմուտին՝ Յունուարի 12-ին Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամները դաժանօրէն սպաննած ոճրագործը ի վերջոյ կանգնած է օրէնքի առջեւ։ Կիւմրիի ռուսական ռազմախարիսխէն ներս տեղի կ՚ունենայ Վալերի Փերմեաքովի դատավարութիւնը եւ ան հաշիւ կու տայ Հայաստանի Հանրապետութեան դատական մարմիններուն առջեւ։ Նկատի ունենալով, որ նախապէս ռուսական մարմիններուն կողմէ դասալքութեան մեղադրանքով, արտագնայ դատավարութեամբ դատուած եւ տասն տարի ազատազրկման դատապարտուած էր Փերմեաքով՝ ոճրագործութեան վերաբերեալ ներկայ դատական նիստին առթիւ ան դահլիճ տարուեցաւ ռուս զինուորներու ուղեկցութեամբ։ Դատավարութիւնը տեղի կ՚ունենայ դռնբաց, կը մասնակցին նաեւ Աւետիսեաններու հարազատները։
Հայաստանի Շիրակի մարզի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանին կողմէ կը քննարկուի այս գործը, զոր կը վարէ դատաւոր Յարութիւն Մովսէսեան։ Դատավարութեան սկսելէն անմիջապէս վերջ ապրուեցաւ 10 վայրկեանի ընդմիջում մը, որպէսզի դատավարութեան սրահ ուշ մուտք գործած Աւետիսեաններու իրաւայաջորդներու փաստաբանները տեղաւորուին։ Նիստի վերսկսելէն վերջ դատաւորը ներկայացուց կողմերուն իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, ամբաստանեալը ներկայացած է, սակայն ցած ձայնով խօսելու հետեւանքով նկատողութիւն կատարուած է իրեն դէմ։ Աւետիսեաններու իրաւայաջորդները դատարանին մէջ բացայայտումներ ըրին նաեւ Վալերի Փերմեաքովի «սաթանիստ» ըլլալուն մասին։