ԽԱԲԵԲԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԴԱՏԱՎՃԻՌ
Սիրքէճիի Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը Պատրիարքական Աթոռին վերադարձնելու խոստումով, որպէս պետական պաշտօնեայ Պատրիարքական Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին ներկայացած եւ անկէ գումար ստացած Քեմալ Թայֆուն Նարկին դատապարտուեցաւ բանտարկութեան եւ տուգանքի։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներուն հիման վրայ «Սապահ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, որ դատախազ Թանէր Թապէլի կողմէ ենթական մեղադրուած է խաբեբայութեամբ եւ ըստ այդմ պահանջուած է իր պատիժը։ Դատակազմը յանգած է այն եզրակացութեան, թէ մեղադրեալի կատարած յանցանքը փաստ է։ Ուստի, Նարկին դատապարտուած է չորս տարուան ազատազրկման եւ 16 հազար լիրա դատական տուգանքի։ Դատակազմը որոշած է նաեւ, թէ վճռի պարագային որեւէ կրճատում կամ յետաձգում չկատարուի։