ՀԵՐԹԸ ՀԱՍԱՒ ՎՃՌԱԲԵԿ

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին շրջագ­ծով, դա­տա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մէջ միշտ կը յա­ռա­ջա­նան բար­դու­թիւն­ներ, ո­րոնք շա­րու­նակ նոր ի­րա­վի­ճակ­ներ կը ծնին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջերս այս մա­հա­փոր­ձին մէջ հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րուն ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը պար­զե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ կա­տա­րուե­ցաւ յա­ւե­լեալ հար­ցաքն­նու­թիւն մը եւ պատ­րաս­տուե­ցաւ նոր մե­ղադ­րա­կան մը։ Իս­թան­պու­լի 14-րդ Ծանր պատ­ժա­կան ա­տեա­նին եւ 5-րդ Ծանր պատ­ժա­կան ա­տեա­նին մի­ջեւ այս նիւ­թը դար­ձաւ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու ա­ռա­րա­կայ։ Նախ Իս­թան­պու­լի Ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան կող­մէ վա­ւե­րա­ցու­մը յա­պա­ղած նոր մե­ղադ­րա­կա­նը ա­ւե­լի վերջ ար­դէն հա­սաւ բուն դա­տի թղթած­րա­րի կցման հանգ­րուա­նին։ Գործ­նա­կա­նին մէջ այս եր­կու դա­տե­րը պի­տի միա­ցուէին։ Վեր­ջին հա­ղոր­դում­ներն ալ հա­մա­հունչ էին այդ ակն­կա­լու­թեան։ Բայց եւ այն­պէս, Իս­թան­պու­լի 5-րդ Ծանր պատ­ժա­կան ա­տեա­նը յան­գե­ցաւ այն ո­րոշ­ման, թէ իր ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րէն դուրս է Իս­թան­պու­լի 14-րդ Ծանր պատ­ժա­կան ա­տեա­նին կող­մէ պատ­րաս­տուած ամ­բաս­տա­նագ­րին բուն դա­տին ա­ծան­ցուի­լը։ Հե­տե­ւա­բար, այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Իս­թան­պու­լի 14-րդ Ծանր պատ­ժա­կան ա­տեա­նը ո­րո­շեց այդ թղթած­րա­րը ու­ղար­կել Վճռա­բեկ ա­տեա­նի 5-րդ պատ­ժա­կան բա­ժան­մուն­քը։

Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, դա­տա­խազ Կէօ­քալփ Քիւ­չիւք, որ պատ­րաս­տած է նոր ամ­բաս­տա­նա­գի­րը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­նոր պատ­ճէ­նը ու­ղար­կած է Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015