ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ

Յու­նաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Փա­նոս Քա­մե­րոս, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան, ե­րէկ ըն­դու­նուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էին նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան, Նա­խա­գա­հա­կան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ար­դի խնդիր­նե­րուն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն։ Շօ­շա­փուե­ցաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լը։

Սերժ Սարգ­սեան բարձր գնա­հա­տեց Հա­յաս­տա­նի եւ Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ձեռք բե­րուած վեր­ջին պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը՝ երկ­կող­մա­նի եւ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փե­րով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լի աշ­խու­ժաց­նե­լու եւ խո­րաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, հիւր նա­խա­րա­րը ե­րէկ այ­ցե­լեց նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015