Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան։ Կը տեղեկանանք, որ նորին սրբազնութիւնը երէկ ուշ գիշերին ճամբորդեց Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով եւ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն հասաւ «Զուարթնոց» օդակայանը, ուր դիմաւորուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան առաջնորդուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի մայրավանքը, որու համալիրէն ներս վանատան երդիքին տակ կ՚իջեւանի իր կեցութեան օրերուն։ Շուրջ շաբաթ մը պիտի տեւէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կեցութիւնը, որու ընթացքին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին ան կը մէկտեղուի իր հայաստանաբնակ ընտանեկան պարագաներուն եւ սաներուն հետ։

Այցելութեան տեւողութեան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ կը հիւրընկալէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017