ՓԱԿՈՒՂԻ ԵՒ ՊՈՌԹԿՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հարցին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Երեւան կը պատրաստուի մինչեւ յառաջիկայ գարուն առ ոչինչ հռչակել 2009 թուականին Անգարայի հետ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները։ Հայաստանի պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր վերջին շրջանին սկսած են միջազգային հարթութեան վրայ բարձրաձայնել այս խնդիրը։ Վերջին օրերուն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այս նիւթը արծարծեց Աթէնքի մէջ։ Իր այդ յայտարարութեան արձագանգեց Անգարան, յաջորդեց նաեւ Երեւանի պատասխանը։ Առկայ բանավէճի մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ աւելի ծաւալուն յայտարարութիւնով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ յայտարարութեան մէջ ըս-ւած է հետեւեալը.

«Հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան 14 Դեկտեմբերի մեկնաբանութիւնը 2009 թուականի Ցիւրիխի արձանագրութիւններու տարրն ու ոգին աղաւաղելու հերթական աղաղակող օրինակն է։ Նախագահ Սար-գսեանի նախաձեռնած Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը արտայայտուած էր առանց նախապայմաններու կարգաւորման յայտնի մօտեցումով։ Թըր-քական կողմի հետ այս իսկ ընդհանուր փոխըմբռնումով մենք սկսանք բանակցային գործընթացին եւ հասանք պայմանաւորուածութիւններու։ Ինչպէս յայտնի է, արձանագրութիւններու ստորագրումէն անմիջապէս յետոյ Անգարա ետ կանգնեցաւ պայմանաւորուածութիւններէն՝ ոչ միայն մերժեց վաւերացնել զանոնք, այլեւ վերադարձաւ նախապայմաններու լեզուին, զոր ան կ՚օգտագործէր մինչեւ գործընթացի սկիզբը։ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան վերջին մեկնաբանութիւնը նոյն շարքէն է։

«Անգարա չի խորշիր անգամ մը եւս կրկնել իր նախապայմանները, կապելով հայ-թրքական յարաբերութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի՝ Ատրպէյճանի օգտին լուծման հետ՝ կամայական յղում կատարելով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերուն, որոնք որեւէ առընչութիւն չունին կարգաւորման բանակցային գործընթացին հետ։ Բոլորին յայտնի է, որ արձանագրութիւններուն մէջ ղարաբաղեան հակամարտութեան կամ որեւէ նախապայմանի մասին խօսք իսկ չկայ։ Ստորագրումէն յետոյ, դարձեալ նախապայմաններու լեզուին վերադառնալով, Թուրքիա դէմ գնաց միջազգային հանրութեան, որ ինչպէս այն ժամանակ, այնպէս ալ այսօր կ՚աջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու՝ առանց նախապայմաններու կարգաւորման։ Թրքական կողմը հրաժարեցաւ արձանագրութիւն-ներու վաւերացումէն եւ ամբողջ գործընթացը միտումնաւոր մղեց դէպի փակուղի։ Հայաստան այս իսկ պատճառով ստիպուած էր կասեցնել վաւերացման ընթացակարգը՝ տակաւին մնալով կարգաւորման գործընթացի մէջ, ինչ որ զանազան երկիրներու ղեկավարներու կողմէ ընկալուեցաւ ըմբռնումով ու ողջունուեցաւ։ Ակնյայտ է, որ այսօր ալ՝ արձանագրութիւններու ստորագրումէն տարիներ անց, Անգարա պատրաստ չէ կարգաւորել հայ-թրքական յարաբերութիւնները։

«Նորութիւն չէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը կառչին կարծրատիպային մօտեցումներէ, կը փորձեն շինծու մեղադրանքներ հնչեցնել։ Հարիւր տարիէ աւելի է, որ այդ երկրի ղեկավարութիւնը կը ժխտէ հայոց ցեղասպանութիւնը։ Միթէ աւելի դիւրի՞ն է ժխտողականութեան միջոցաւ իր ուսերուն վրայ վերցնել Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած 100-ամեայ վաղեմութեամբ մեծ ոճիրի մեղքը, քան զայն ճանաչել՝ կարեւոր ծառայութիւն մատուցելով թէ՛ սեփական ժողովուրդի, թէ՛ տարածքաշրջանի ապագայի եւ թէ նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին։ Անգարա կ՚երթայ հակառակ ուղիով։ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութիւնը կը պնդէ, թէ իբր հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերը սխալ են բարոյական ու իրաւական առումով եւ քայլեր, որոնք կը հետապնդեն վատ նպատակներ։ Կը ստացուի, որ Թուրքիա բարոյական խրատներ կու տայ Ֆրանսային, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Ռուսաստանին, Ուրուկուային, Արժանթինին, Պելժիոյ, Յունաստանին եւ այլ տասնեակ երկիրներու, որոնք ճանչցած են հայոց ցեղասպանութիւնը։ Զաւեշտալի է, որ Թուրքիա ըլլալով աշխարհի վրայ խօսքի ազատութեան ամենամեծ սահմանափակողներէն մին, ժխտողականութիւնը կը փորձէ արդարացնել խօսքի ազատութեան պատճառաբանութեամբ։

«Ինչպէս արձանագրութիւններու ստորագրումէն յետոյ, այնպէս ալ այսօր աշխարհի զանազան մայրաքաղաքներուն մէջ յստակ կը գիտակցին, որ գնդակը թրքական կիսադաշտին մէջ է, որ Հայաստան հնարաւորը ըրած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ Անգարայի մէջ այս եւ այլ իրողութիւններու գիտակցման բացակայումն է, որ աշխարհով մէկ կ՚արմատաւորէ զգացումը, թէ Թուրքիան ու միջազգային հանրութիւնը կը խօսին տարբեր լեզուներով։ Եւ կրկնենք, որ այս իսկ պատճառով Նախագահ Սարգսեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարեց, որ ցիւրիխեան արձանագրութիւններու կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ Հայաստան 2018 թուականի գարնան զանոնք պիտի յայտարարէ առ ոչինչ»։

ԱՆԳԱՐԱ Ի՞ՆՉ ԸՍԱԾ ԷՐ

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին վերի յայտարարութիւնը ըրած է ի պատասխան՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան թիւ 385, 14 Դեկտեմբեր 2017 թուակիր յայտարարութեան։ Թուրքիոյ տեսակէտներու բացատրուած այդ յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւալը.

Ermenistan Dışişleri Bakanı Edward Nalbantyan’ın Atina’da 13 Aralık 2017 tarihinde yaptığı konuşmada dile getirdiği, Türkiye ile Ermenistan arasında 10 Ekim 2009 tarihinde Zürih’te imzalanan Protokollerin onaylanma sürecindeki gecikmenin sorumluluğunun Türkiye’ye ait olduğu yönündeki iddiaları gerçeği yansıtmamakta olup, uluslararası kamuoyunu yanıltmaya dönük bu ifadeler esefle karşılanmıştır.

Türkiye, Ermenistan ile ilişkilerini normalleştirme yönündeki çalışmalarını, bu ülkenin bağımsızlığını ilan ettiği 1991 tarihinden bu yana çeşitli düzeylerde sürdürmüştür.

Bu bağlamda, sözkonusu Protokoller İsviçre’nin kolaylaştırıcılığında gerçekleştirilen görüşmeler sonucunda hazırlanmış olup, Türkiye ile Ermenistan arasındaki ilişkilerin normalleştirilmesini amaçlamaktaydı.

Hal böyleyken, ilk olarak Ermenistan Anayasa Mahkemesi 12 Ocak 2010 tarihinde aldığı bir kararla Protokollerin lafzına ve ruhuna aykırı önkoşullar ve kısıtlayıcı hükümler ortaya koymuştur.

Ardından Ermenistan Cumhurbaşkanı Serj Sarkisyan, 22 Nisan 2010 tarihinde Protokollerin onayının askıya alındığını kamuoyuna açıklamıştır. Ermeni diasporasının Protokollere baştan beri karşı çıktığı ve Protokolleri onaylamaması için Ermenistan Hükümeti üzerinde baskı kurduğu da bilinen bir gerçektir.

Son olarak, Sarkisyan 19 Eylül 2017 tarihinde BM 72. Genel Kurulu’nda yaptığı konuşmada, Protokollerin gecikmesinin sorumluluğunu mesnetsiz şekilde Türkiye’ye yükleyen iddialarda bulunmuş; gelişme sağlanamadığı için Protokolleri hükümsüz sayacaklarını ve 2018 baharına bu Protokoller olmaksızın gireceklerini açıklamıştır.

Ermenistan’ın bu olumsuz tutumuna rağmen Türkiye, Protokollerin asli hükümlerine bağlılığını muhafaza etmektedir. Protokoller halen TBMM Dışişleri Komisyonu’nun gündeminde olup, onaylanmaları için Güney Kafkasya’da uygun siyasi atmosferin ve barış ortamının oluşması elzemdir.

Ülkemizin protokol süreciyle hedeflediği ana unsur, Türkiye ile Ermenistan normalleşme sürecinin, Güney Kafkasya’da kapsamlı barış ve istikrar sağlayacak şekilde hayata geçirilmesi, bu bağlamda çeyrek yüzyıldır sürüncemede olan Yukarı Karabağ sorununun çözüm sürecinde, BM Güvenlik Konseyi kararları ışığında ve Azerbaycan’ın toprak bütünlüğü temelinde ilerleme kaydedilmesidir. Herhalükarda, Ermenistan, Azerbaycan topraklarının işgaline son vermelidir.

Nalbantyan’ın sözkonusu konuşmada dile getirdiği soykırım iddiaları da gerçeği yansıtmamaktadır. Avrupa İnsan Hakları Mahkemesi’nin kararlarıyla da tespit edildiği üzere, 1915 olayları ifade özgürlüğü bağlamında meşru bir tartışma konusudur. Kötü niyetli çevrelerin sözkonusu tarihi olaylara ilişkin tek taraflı anlatılarını dayatma ve uluslararası kamuoyu nezdinde baskı kurma arayışları hukuken ve ahlaken yanlış olup, bölgemizde barış ve istikrara katkı yapmamaktadır. Ermenistan’dan beklentimiz, tartışmalı tarihi konuları bırakıp, yakın tarihin en önemli insanlık suçlarından biri olan Hocalı Katliamı’nın hesabını vermesidir.

Յարաբերութիւններու բնականոն կացութենէ հեռու ըլլալու պայմաններուն ներքեւ, ճիշդ է, որ Թուրքիա եւ Հայաստան բոլորովին անհաղորդ վիճակի մէջ կը գտնուին։ Յամենայնդէպս, ըստ երեւոյթին, առաջին անգամ երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ այսպիսի խիստ յայտարարութիւններ կը փոխանակուին։ Նորութիւններէն մին ալ այն է, որ Անգարա առաջին անգամ Պաքուի տեսակէտները ու մասամբ Երեւանի դէմ օգտագործած քարոզչական տուեալները գրեթէ կ՚իւրացնէ պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը խրախուսելու սկզբունքի ընդգծումէն անդին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017