ՄԱՍՈՒՆՔԻ ՊԷՍ ԱՐԺԷՔՆԵՐ

Շաբաթ օր աննախընթաց դէպքերու ականատես դարձայ: Ամիսներ առաջ, որպէս նախաձեռնութիւն հանդէս եկած «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» անունով հրապարակ եկած խումբի նօսրաթիւ անդամներ որոշած էին բողոքի ցոյց կազմակերպել Մայր Աթոռի հարեւանութեամբ:

Յետմիջօրէի ժամը մէկին բողոքարարները տասն-տասներկու ինքնաշարժներով ճամբայ ելան դէպի Մայր Աթոռ: Լրագրական պարտականութեամբ ես եւս «Շանթ» կայանի իմ գործընկերներուն հետ կը հասնէի Մայր Աթոռի մուտքը:

Տիրող մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ կարգ մը ոստիկաններու թելադրանքները՝ այդ խումբի անդամներուն կը յուշէին, որ այդ օր ամէն բան «հեզասահ» պիտի չընթանայ: Եւ այսպէս ժամը երկուքին այդ խումբին մաս կազմող երկու գլխաւոր ինքաշարժներ կը հասնէին Մայր Աթոռի մօտակայքը: Ու կը պատահէր անկանխատեսելին: Վայրկեաններու մէջ հազարաւոր մարդիկ (մեծաւ մասամբ էջմիածինցիներ) կը լեցուէին ճամբաները եւ կը պաշարէին այդ երկու ինքնաշարժները, որոնցմէ մէկուն վրայ կային բարձրախօս սարքեր, որոնց միջոցաւ ալ ինքնաշարժին մէջինները վանկարկումներ կը կատարէին եւ կը պահանջէին կաթողիկոսին հեռացումը:

Դէպքերը այնքան արագ կը զարգանային, որ շրջանի ոստիկանութիւնը կը ստիպուէր արագօրէն հասնիլ դէպքի վայր եւ մեծ ջանքեր գործադրել, որպէսզի բողոքի հաւաքին դէմ հանդէս եկող քաղաքացիները հեռու պահուին ինքնաշարժներէն: Եւ այս բոլորին արդիւնքով լարումը կը հասնէր իր գագաթնակէտին: Պոռչտուք, հրմշտուկ եւ լարուած իրավիճակ: Աւարտին ոստիկանութիւնը կը յաջողէր այդ երկու ինքնաշարժները հանել «պաշարում»էն եւ ճանապարհ ապահովել անոնց, որպէսզի հեռանան շրջանէն:

Կէս ժամուան ընթացքին պարզ կը դառնար, որ բողոքի հաւաք իրականացնողներուն բոլորն ալ հեռացած են Էջմիածին քաղաքէն:

Քանի մը վարկածներ

Նախ պէտք է հաշուի առնել, որ բողոքի այս ցոյցը տապալած է: Ճիշդ է, որ հաւաքը նախաձեռնողները աւելի ուշ կ՚երթային ոստիկանութեան կեդրոն բողոքի իրենց ձայնը բարձրացնելու համար, բայց այսօր արդէն իսկ յստակ կը դառնայ, թէ անոնց շարժումը թուլացած է: Անոնց անդամներէն շատերը արդէն չեն մասնակցիր բողոքի հաւաքներուն. սա անշուշտ կը նը-շանակէ, որ շարժումը հասած է կարեւոր ջրբաժանի:

Երկրորդ կարեւոր կէտը, որ պէտք է հաշուի առնուի, ժողովուրդին ունեցած վերաբերմունքն է: Ժողովուրդը կ՚ուզէ իր խօսքը ըսել եւ յառաջիկային ալ չի բա-ցառուիր, որ բողոքի հաւաք կատարողները նման իրավիճակներու առջեւ յայտնուին: Չէ՞ որ կարծիքի ազատութիւն կայ ու այդ ազատութիւնը կրնայ հիմք դառնալ, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը սիրող եւ պաշտպանող մարդիկ ուզեն նոյնպէս փողոց ելլել եւ իրենց խօսքը ըսել...

Այս բոլորին մէջ անշուշտ ամենախոցելին Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտեցումն է։ Իշխա-նութիւնը մինչեւ այս պահը չէ վճռած եւ չունի յստակ կեցուածք մը, թէ ինչպէ՛ս պիտի «վարուի» եկեղեցիին հետ:

Փաստ է, թէ եկեղեցին պաշտպանութեան կարիք չունի ու աւելի քան յստակ սկսած է դառնալ, որ եկեղեցիին կապուած որեւէ խնդիր «փողոցային լուծումներ»ով չի լուծուիր:

Ամէն պարագայի, շաբաթ օր տեղի ունեցած դէպքերը ամէն իմաստով մերժելի են: Մերժելի է փողոցային լեզուով վանկարկումներ կատարելու փորձը, մերժելի է բըռ-նութիւնը եւ մերժելի է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վիճակով մտահոգուածի դերով հանդէս եկող խումբ մը մարդոց արկածախնդրութիւնը:

Լրագրական կանոնները յաճախ արգելք կրնան դառնալ, որ իրերը իրենց անունով կոչես, սակայն վստահ եմ, որ հասկցողը հասկցաւ...:

*

Այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ օրը, բոլոր առումներով ալ անընդունելի է:

Նոյնիսկ, եթէ մարդ հարցերուն փորձէ մօտենալ զուտ լրագրական տեսանկիւնէ, ապա յստակ է, որ պատահած դէպքերը եւ անկէ առաջ տեղի ունեցած զարգացումները չեն կրնար տեղաւորուիլ որեւէ հայու տրամաբանութեան մէջ:

Հիմա շատեր պիտի առարկեն, որ «հայ մարդ» մօտեցումը կաղապար մօտեցում մըն է, սակայն կան բաղադրիչներ, որոնք իրապէս կը զատորոշեն մեզ այլոցմէ:

Ու այդ առումով է նաեւ, որ նոյն այդ հայ մարդուն համար մշտական եւ գերագոյն արժէք կը կազմէ Հայոց Եկեղեցին: Եւ այս տեսակէտէ ալ կը հաւատամ, որ մեզմէ շատ-շատերուն համար կարիք չկայ անգամ մը եւս խօսիլ, պատմել, ներկայացնել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դերին եւ էութեան մասին:

Դժուար ժամանակներ կ՚ապրինք: Լրագրական շրջանակներուն մէջ կան մարդիկ, որոնք իրապէս կը հաւատան, թէ Հայաստան այսօր կ՚ապրի փորձ-քննութեան օրեր:

Քննութիւն՝ արժէքներու նկատմամբ, քննութիւն՝ ազգային տեսլականին նկատմամբ եւ քննութիւն՝ մեր արժեհամակարգին նկատմամբ:

Ամէն ոք կ՚ուզէ խօսիլ, ամէն ոք կ՚ուզէ քննադատել, ամէն ոք կ՚ուզէ իր խօսքը տեղ հասցնել եւ ամէն ոք կ՚ուզէ ներկայանալ որպէս ճիշդ եւ մարգարէ:

Ի հարկէ, միտուած չեմ ըսելու, որ ազատ խօսքի արդար իրաւունքը տանելի չէ, կամ թէ մարդոց կողմէ որեւէ նիւթի շուրջ առարկումը անընդունելի:

Ո՛չ, այդպէս չէ, սակայն կան արժէքներ, որոնք անփոխարինելի են այնքան ժամանակ, երբ այդ արժէքները մասունքի պէս կը շարունակեն մեր ժողովուրդի հոգին ամրացնել:

Այս մուտքը գրեցի, որովհետեւ պիտի ուզէի, որ մարդիկ ճիշդ հասկնան տեղի ունեցածը:

Խօսքը շաբաթ օր տեղի ունեցած դէպքերուն մասին է. երբ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» անունով հրապարակ իջած մարդոց խումբը կը փորձէր բողոքի իր հերթական ցոյցը կատարել՝ այս անգամ Մայր Աթոռի հարեւանութեամբ: Որպէս նախաձեռնութիւն հանդէս եկող այս մարդկանց խումբը, անցնող ամիսներուն ալ կը շարունակէր իր բողոքի գործողութիւնները, յատկապէս Երեւանի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Այս անգամ տեղի ունենալիք բողոքի հաւաքը կը տապալուէր, որովհետեւ Մայր Աթոռի շուրջ ապրող հազարաւոր հայորդիներ փողոց կ՚իջնէին, այդ նախաձեռնութեան անդամներէն պահանջելով արագօրէն հեռանալ Էջմիածնէն:

Էջմիածինցիներուն պահանջը հասկնալի էր: Մարդիկ, առանց ոչ մէկ օրինականութիւն ունենալու, եկած էին «քար շպրտելու» Մայր Աթոռին ու անոր գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին վրայ: Անտեղի վարմունք, վիրաւորական բառեր, անլուրջ վերաբերմունք ու այս բոլորը հանրութեան կը ներկայացուէին որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ճակատագրով ու այսօրուան վիճակով մտահոգ մարդկանց մօտեցում: Եղածը անշուշտ եւ բոլոր առումներով դատապարտելի էր: Վիրաւորական մեր ազգին, մեր էութեան եւ մեր եկեղեցւոյ համար:

Ու անշուշտ իրադրութիւնը կրնար աւելի ծանրանալ եւ կրնային վիրաւորներ ալ ըլլալ, եթէ Էջմիածին քաղաքի ոստիկանութիւնը տեղին եւ արագ միջամտութիւն չկատարէր:

Բոլորը միաբերան այդ մարդոցմէ կը պահանջէին արագօրէն լքել տարածքը:

Դարձեալ լրագրական մօտեցման վրայ հիմնուելով հարց պիտի տամ. Որքանո՞վ ճիշդ պիտի ըլլայ, եթէ քանի մը մարդոց կողմէ առաջ քշուած պահանջները եւ անոնց բերաններէն լսուած խօսքերը ներկայացուին որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն: Կամ թէ ճիշդ է՞ր հաւատալ եւ ընդունիլ, որ այս բոլորը կը կատարուին յանուն մեր եկեղեցւոյ բարօրութեան:

Գաղտնիք չէ, որ որեւէ կառոյցի, կազմակերպութեան, հաւաքական աշխատանք իրականացնող միութեան մէջ կրնան ըլլալ, կամ նոյնիսկ կան սխալներ:

Սակայն խնդիրը այն է, որ նման փողոցային արարքներով հարցերը չեն լուծուիր, այլ կը ստեղծուին աւելի վատ դրոյթներ:

Ի դէպ, այս տողերը գրելու պահուն երբեք չմտածեցի, թէ նման գրութիւն մը կրնայ սատարել, որ այդ շարժումին մէջ եղած մարդիկը «խելքի գան» եւ հրաժարին փողոցի լեզուէն:

Կայ կանոնադրութիւն, գոյութիւն ունի եպիսկոպոսական դաս եւ աւելի քան վստահ եմ, որ մեր եկեղեցիին կապուած որեւէ խնդիր կրնայ միայն լուծուիլ անկեղծ, կիրթ եւ յարգալից մթնոլորտի մը մէջ:

Այլապէս տուժողը մենք պիտի ըլլանք ու բացառուած ալ չէ, որ հարցերուն վերջնական լուծում բերելու կամ գռեհիկ լեզուները ի չիք դարձնելու ճիգերը կրնան երկար ժամանակ մը առնել:

Կարեւորը, մնայունը, յաւիտենականը մարդկային խօսքով եւ թերի մօտեցումով պոռթկումի վերածուող բողոքները չեն:

Մշտականը մեր եկեղեցւոյ խորքէն բխող աղօթքի բառն է, որուն այնքան կարօտ ենք բոլորս: Կայ նաեւ այլ մեծ ճշարտութիւն մը, որուն համաձայն մեր եկեղեցին միայն աղօթքի վայր չէ: Ան նաեւ պարիսպ է, մեր էութեան արմատները պահող եւ մեզ փոթորիկներէն ազատող:

Պէտք է հաւատանք անոր կայմերուն, անոր խարիսխին եւ անսասան պահենք անոր դարաւոր սիւները:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2018