ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ԱԼԻ ԵՐԼԻՔԱՅԱ ԵՐԷԿ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԸ

Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա երէկ երեկոյեան նահանգապետարանի մէջ հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը։ Հարկ է նշել, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 112-րդ հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու այցելած էր խմբագրատունս եւ այդ այցելութեան միացած էր նաեւ կուսակալ Ալի Երլիքայա։ Ուստի, թերթիս խմբագիրը փոխադարձ՝ քաղաքավարական այցելութեան մը փութաց նահանգապետարան։ Ալի Երլիքայա ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Արա Գօչունեանը, որ իրեն շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ թերթիս խմբագրատունը տրուած այցելութեան եւ թէ անցեալ շաբաթավերջին Ամանորի առթիւ նահանգապետարանի կողմէ կազմակերպուած ընթրիքին հրաւիրուած ըլլալու համար։

Զրոյցի տեւողութեան կուսակալ Ալի Երլիքայա հետաքրքրուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գործունէութեան մանրամասնութիւններով։ Արա Գօչունեան տեղեկութիւններ տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կողմէ ծաւալուած բազմակողմանի աշխատանքին շուրջ։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վերջերս տեղի ունեցած պատրիարքական ընտրութեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2019