ՓՈՒԹԻՆ. «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ»

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ մաս կը կազմէ Ատրպէյճանին։ Երէկուան տարեկան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Փութին յայտնեց, որ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը Ատրպէյճանին մաս կը կազմէ։ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, ռուս ղեկավարը աւանդական մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտնեց. «Միջազգային իրաւունքի տեսակէտով ես այդ մասին արդէն ըսած եմ, բոլոր այդ տարածքները կը հանդիսանան Ատրպէյճանի Հանրապետութեան անքակտելի մասը»։ Փութին կրկնեց վերջին շրջանին յաճախ մատնանշած հանգամանքը, թէ Հայաստանն ալ չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ հաշուի առնելով այս պարագան, միջազգային իրաւունքի տեսակէտէ Լեռնային Ղարաբաղը եւս Ատրպէյճան է։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Փութին յոյս յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ չի կրկնուիր հրադադարի խախտումը։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան Լեռնային Ղարաբաղէ ներս կրնայ համալրել խաղաղապահները՝ եթէ այս ուղղութեամբ բոլոր կողմերը հաւանութիւն տան։ Ան շեշտեց, որ հայկական եւ ատրպէյճանական ուժերը կը մնան այն դիրքերուն վրայ, ուր կանգնած էին հրադադարի համաձայնագրի ստորագրուած գիշերը։ Ըստ Փութինի, մինչեւ պատերազմը Մոսկուա Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման հարցին մէջ տարիներ շարունակ անփոփոխ պահած էր իր դիրքորոշումը։ Սա «Լաւրովի ծրագիր»ն էր, ըստ որու Արցախի յարակից արդէն նախկին անվտանգութեան գօտիի եօթ շրջանները պէտք է վերադարձուէին Ատրպէյճանին, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը պիտի թողուէր ապագայի՝ յստակեցնելով կարգավիճակի մը ճշդուելու պարագան եւ ի հարկէ պիտի ապահովուէր Արցախի կապը Հայաստանի հետ Լաչինի միջանցքով։ Ըստ Փութինի, պատերազմէն առաջ ռուսական կողմը առանց արիւնահեղութեան լուծում մը կ՚ենթադրէր հիմնախնդրին համար։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Փութին հերթական անգամ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը պէտք է որոշուի ապագային։ Այս մատնանշումը կը բիւրեղանայ այն համայնապատկերին վրայ, ուր Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը յայտարարեն, որ ո՛չ այսօր օրակարգի վրայ կայ եւ ոչ ալ ապագային պիտի ըլլայ Արցախի կարգավիճակի հարցը։ Առկայ բազում խնդիրներուն անդրադառնալով՝ Փութին յայտնեց, որ անոնք պարբերաբար կը ծագին եւ ունին թեքնիկ բնոյթ։ Այդ բոլորը կարգաւորելու համար անհրաժեշտ է նստիլ բանակցային սեղանի շուրջ։ Յամենայնդէպս, Փութին չմանրամասնեց, թէ ե՞րբ կրնան սկսիլ այս բանակցութիւնները, ինչպէ՞ս պիտի լուծուին ենթակառուցուածքներու, ճանապարհներու եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման բազմաթիւ հարցերը։ Իր խօսքով՝ հրադադարէն վերջ յաջորդ փուլը, ըստ համաձայնագրի, պէտք է ըլլայ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու հարցը։ «Սա կը վերաբերի Նախիջեւանի եւ Հայաստանի հիւսիսին ու հարաւին», ըսաւ Փութին։ Թէ ի՞նչ նկատի ունէր ռուս ղեկավարը՝ խօսելով Հայաստանի «հիւսիսի եւ հարաւի» մասին, վերջնականօրէն պարզ չէ։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Փութին ամփոփ ձեւով ակնարկեց նաեւ Արցախի հակամարտութեան պատմութեան եւ հերթական անգամ յիշեցուց Սումկայթի դէպքերը։ Ըստ իրեն, Արցախի առաջին պատերազմին ժամանակ հայերը զէնք վերցուցած էին իրենց կեանքն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանելու համար։ Իսկ այս վերջին պատերազմէն առաջ իրավիճակը վերահսկողութենէ դուրս եկած էր, լարուածութիւնը կը տեւէր երկար տարիներէ ի վեր։ Ան կասկած յայտնեց, որ հակամարտութիւնը բռնկած է արտաքին միջամտութեան պատճառով։ «Հակամարտութեան էթնիք արմատները կը հասնին մինչեւ Սումկայիթ, ուր տեղի ունեցած դէպքերը տեղափոխուած էին Լեռնային Ղարաբաղ։ Այստեղ իւրաքանչիւր կողմ ունի իր ճշմարտութիւնը։ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը ժամանակին զէնք վերցուցած են, որպէսզի պաշտպանեն իրենց կեանքն ու արժանապատուութիւնը», յայտնեց Փութին։

Այսօրուան կացութեան անդրադառնալով՝ ռուս ղեկավարը դիտել տուաւ, որ Մոսկուա պատրաստակամ է շարունակել իր գործառոյթները՝ Արցախի բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ։ «Մենք կը յուսանք, թէ միջազգային միջնորդները խօսքէ գործի կ՚անցնին ու կը սկսին օգնել մարդոց, որոնք այդ բանին կարիքը ունին, միջազգային կազմակերպութիւնները կը սկսին գործել», աւելցուց Փութին։

Խօսելով լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան մասին՝ Փութին դիտել տուաւ, որ այդ մէկը շատ կարեւոր է, որովհետեւ կասեցուցած է արիւնահեղութիւնը, մարդիկ դադրած են զոհուելէ։ Այժմ յառաջացած են թեքնիկ հարցեր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի համար։ Այդ բոլորը պէտք է լուծուին հանգիստ՝ բանակցային գործընթացի ընթացքին, որովհետեւ հրադադարի համաձայնութիւնը կու տայ բոլոր համապատասխան հնարաւորութիւնները, որովհետեւ այնտեղ նշուած է տարածքաշրջանէ ներս յարաբերութիւններու ամբողջական կայունացման մասին՝ տնտեսական ու ենթակառուցուածքային ապաշրջափակումով։

ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Վլատիմիր Փութին երէկուան ասուլիսին ժամանակ խօսեցաւ նաեւ աշխարհի ղեկավարներու մասին, ներառեալ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանը։ Իր խօսքով՝ ինք յաճախ համաձայն չէ Էրտողանի հետ, բայց ան կը պահէ իր խոստումը, թափ չի տար իր ոչը եւ շատ յամառ է Թուրքիոյ շահերը յառաջ տանելու հարցին մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2020