ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ իր երկրէն ներս Թուրքիոյ ռազմական խարիսխի մը հաստատման վերաբերեալ հաղորդումները մտացածին են ու կը համարուին քաղաքական շահարկում։ «Ռիա Նովոստի»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան անդրադարձաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու համապատասխան հաղորդումներուն՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանին պէտք չէ թրքական ռազմախարիսխ մը։ Իլհամ Ալիեւ ըսաւ.
«Եթէ կարճ՝ պէտք չէ։ Եթէ քիչ մը ընդլայնեմ պատասխանը՝ հաշուի առնելով, որ ժամանակ առ ժամանակ նման տեղեկատուութիւն կը յայտնուի մետիայի մէջ, ապա պէտք է ըսեմ, որ այդ բանին կարիքը չկայ։ Այդ տեղեկատուութիւնը քաղաքական շահարկումներու բնոյթ կը կրէ։ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին «Շուշիի հռչակագիր»ին մէջ կայ կէտ մը, որ կը նախատեսէ փոխադարձ ռազմական օգնութիւն սպառնալիքի եւ բռնութեան պարագային։ Սա թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Թուրքիոյ պարտաւորութիւնն է՝ օգնութեան հասնիլ այն պարագային, եթէ այս կամ այն երկիրը բախուի արտաքին սպառնալիքի, արտաքին յարձակման։ Ուստի, հռչակագրի այս կէտը, ըստ էութեան, բացարձակապէս աւելորդ կը դարձնէ այս կամ այն տարածքէն ներս մշտական ռազմական ենթակառուցուածքներու ստեղծումը»։
Ի լրումն այս բոլորին, Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ իր երկիրը կը ծրագրէ շարունակել զէնք ներածել Ռուսաստանէն։ Ան յիշեցուց, որ այդ գործընթացը կանգ առած է առարկայական պատճառներով։ Շուրջ երեք տարիէ ի վեր զէնքի գնման պայմանագիր չէ ստորագրուած կողմերուն միջեւ։ Ըստ Ալիեւի՝ պատճառը այն է, որ ռուսական ռազմարդիւնաբերական համալիրը կ՚աշխատի ներքին սպասարկման համար։
Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Թուրքիայէն բազմաթիւ բարձրաստիճան զինուորական պատուիրակութիւններ այցելեցին Պաքու։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր ելոյթ ունեցաւ Ատրպէյճանի Ազգային ժողովէն ներս։ Իր խօսքով՝ Անգարա կը յուսայ, թէ Երեւան եւ Պաքու շուտով կը հասնին խաղաղութեան համաձայնութեան, ինչ որ հիմք կը դառնայ Հարաւային Կովկասէ ներս երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման։
«Հետեւելով «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքին՝ մենք միշտ եղած ենք մեր եղբայրներուն կողքին՝ յանուն Ատրպէյճանի կայունութեան։ Ատրպէյճանի անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը անբաժան են Թուրքիոյ անվտանգութենէն։ Այսպէս կ՚ըլլայ նաեւ ապագային», ըսաւ Կիւլէր։
Բաց աստի, նախարարը ընդգծեց, որ թրքական բանակը կը մնայ ուժի գործօն, որ վստահութիւն կը ներշնչէ եւ որու վրայ կը յենուին բարեկամ ու եղբայրական երկիրները։
Բաց աստի, Ցամաքային զօրքերու հրամանատարութենէն՝ բարձրաստիճան զինուորականներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մըն ալ վերջին օրերուն այցելեց Պաքու։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Միւս կողմէ, ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի շրջանակներէն ներս վերջերս շփում մը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի պատուիրակութիւններուն միջեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան երէկ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին տեղեկացուց, որ նախկին արտաքին գործոց նախարար, այժմ երեսփոխան Մեւլիւտ Չավուշօղլու մօտեցած է հայկական պատուիրակութեան։ «Ան կը խօսէր Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու անոր ընձեռելիք հնարաւորութիւններուն մասին։ Սա շատ լաւ է», ըսաւ Անդրանիկ Քոչարեան։