ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որու թրքերէն տարբերակին առաջին ցուցադրութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, առիթ հանդիսացաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու մատնուած փակուղիին մասին հետաքրքրական քննարկումներու։ Տիգրան Պասկեւիչեանի հեղինակած այս ֆիլմի՝ Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) մէջ կազմակերպուած փրէօմիէրին յաջորդած ասուլիսը եկաւ ամբողջացնել ցուցադրութիւնը։ Աւելի՛ն, ամբողջացնելէ անդին, այդ ասուլիսը անգնահատելի նշանակութիւն ունեցաւ եզակի այս ժապաւէնի արժեւորման, անոր պարփակած պատգամի բիւրեղացման տեսանկիւնէն։ Քննարկումը այնպիսի մակարդակ մը ունէր, որ մէկ կողմէ հանդիսատեսը մտածելու առաջնորդեց արծարծուած նիւթի զանազան ծալքերուն շուրջ, իսկ միւս կողմէ ալ եկաւ պայմանաւորել ֆիլմին վերաբերեալ ընկալումները։ Այս քննարկում-ասուլիսի արձանագրած յաջողութեան գրաւականներէն մին ալ ատենախօսներուն կողմէ դրսեւորուած ճարտարութիւնն էր։ Արդարեւ, անոնք յաջողեցան հրապուրիչ համադրութիւնով ու ողջունելի հաւասարակշռութեամբ մատուցել թէ՛ ֆիլմին մասին իրենց թարմ տպաւորութիւնները եւ թէ Թուրքիա-Հայաստան առկայ փակուղիին շուրջ իրենց մօտեցումները։ Այդ բոլորի համատեղումով ապահովուած պատկառելի արդիւնքը եկաւ ապացուցանել ձեռնարկին իսկապէս որակով փայլուն բնոյթը, նաեւ «Փակ սահմանի երկխօսութիւն»ին հասած խորութիւնը։ Այս կէտին վրայ հարկ է աւելցնել, որ ձեռնարկը գոհացուցիչ էր Պատմութեան հիմնարկին տեսակէտէ, իսկ ֆիլմէն բխած ճոխ հնարաւորութիւնները, հարուստ հորիզոնները եկան վերահաստատել Տիգրան Պասկեւիչեանի վարպետութիւնը։ Ան բազմակողմանի դէմք մըն է. գրողէ սկսեալ մինչեւ հասարակական-քաղաքական գործիչ՝ կը կրէ շարք մը տիտղոսներ, սակայն այդ բոլորէն անդին, ֆիլմին մէջ բանած էր իր մտաւորականի տաղանդը։ Հեռատես ու զգօն իր հայեացքները երաշխաւորած էին այս ժապաւէնին անաչառութիւնը, առարկայականութիւնը, ինչ որ այս գործը հաւասարապէս հետաքրքրական դարձուցած էր հայկական ու թրքական կողմերուն համար։
Ինչպէս հաղորդած էինք, ֆիլմի ցուցադրութեան յաջորդած ասուլիսը վարեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Ատենախօսներն էին՝ վաստակաւոր դեսպան Վոլքան Վուրալ, վաստակաւոր դեսպան Իւնալ Չեւիքէօզ, NTV հեռուստակայանի լրատուական բաժնի գլխաւոր խմբագիր ու արտաքին քաղաքական նիւթերու յայտնի մեկնաբան Մեթէ Չուպուքճու, ինչպէս նաեւ Տոց. Պիւլենտ Պիլմէզ։ Այս վերջնոյն մասնակցութիւնը ունէր ձեւով մը ի պաշտօնէ բնոյթ, որովհետեւ ան Պատմութեան հիմնարկի նախկին նախագահն է եւ իր շրջանին է, որ յառաջ տարուած էր այս աշխատանքը։
Ասուլիսի սկիզբին Արա Գօչունեան ունեցաւ հակիրճ ելոյթ մը, որու ընթացքին ստեղծագործական խումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց չափազանց նշանակալից վկայութիւնները բերած էին այս փաստավաւերագրական գործին համար։ Այս շրջագծին մէջ ան վերյիշեց Հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Սիւլէյման Տեմիրէլը, որ սկզբունքօրէն համաձայնած էր այս ժապաւէնին համար ներդնել իր վկայութիւնները, սակայն նախ առողջութիւնը, յետոյ ալ օրերը չէին ներած՝ հարցազրոյցի մը իրականացումը։ Նոյնպէս վերյիշուեցաւ հանգուցեալ Սարգիս Սերովբեանը, որ «Ակօս»ի հայերէն բաժնի խմբագրի հանգամանքով իր կեանքի վերջին հարցազրոյցը տուած էր այս ֆիլմին համար։ Սոյն բարոյական պարտքերու հատուցումէն վերջ, Արա Գօչունեան շեշտեց, որ ժապաւէնը միջպետական հարթութեան պրիսմակէն կը դիտարկէր հայ-թրքական յարաբերութիւնները։ Ըստ իրեն, գործի հիմնական խոցելի կողմը Թուրքիա-Հայաստան քսանհինգամեայ շփումներու ամենավերջին հանգրուանին կը վերաբերէր։ Արդարեւ, Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններուն վերաբերեալ իրադարձութիւններու ներկայացման ճանապարհին յառաջացած էր խնդրայարոյց պարագայ մը։ Թուրքիոյ կողմէ այդ գործընթացին մասնակցած բազմաթիւ առանցքային դէմքեր այժմ արդէն պաշտօնի գլուխ չեն գտնուիր եւ որպէս նախկին պաշտօնեաներ ունեցած են վկայութիւններ տալու հնարաւորութիւնը։ Նոյնը կարելի չէ եղած Հայաստանի պարագային, որովհետեւ արձանագրութիւններու գործընթացին մասնակից դէմքերը այնտեղ տակաւին կը մնան պաշտօնի գլուխ, հետեւաբար չեն կարողացած մասնակցութիւն բերել այս նախագծին։ Գօչունեան յիշեցուց, որ սոյն ֆիլմի արտադրութեան շրջանին Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւնները ունէին բնականոն ընթացք, իսկ այժմ անոնց միջեւ ծագած լարուածութիւնը բոլորովին նոր իրավիճակ մը ստեղծած է տարածքաշրջանէն ներս։
Արա Գօչունեանի այս ամփոփ ներածականէն վերջ արտայայտուեցաւ Պիւլենտ Պիլմէզ, որ կարեւորեց քաղաքացիական հասարակութեան դերակատարութիւնը՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման որոնումներուն տեսանկիւնէն։ Ըստ իրեն, երկու երկիրներուն մէջ որքան որ ամրապնդուի ժողովրդավարութիւնը, ապա այնքան աւելի աշխոյժ ու համարձակ պիտի կարենայ գործել քաղաքացիական հասարակութիւնը, որ կը բարձրաձայնէ սահմանի բացման ու յարաբերութիւններու բնականոնացման սպասումը, պահանջը։ Պիւլենտ Պիլմէզ նշեց, թէ այս ֆիլմին պատրաստութիւնը զուգադիպած է 2015 թուականին, երբ իրենք հետամուտ եղած էին յիշողութեան թարմացման։ Իր խօսքով, սահմանի բացումը միջպետական հարց մըն է, իսկ եթէ փակ սահմանի պայմաններով երկու ժողովուրդներուն միջեւ կարելի կը դառնայ երկխօսութիւնը, ապա սա արդիւնքն է քաղաքացիական հասարակութեան ջանքերուն։ Երկու երկիրներու միջեւ առկայ բոլոր խոչընդոտներու յաղթահարման երաշխիքն է՝ ժողովրդավարութիւնը եւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացումը։
Պիւլենտ Պիլմէզ օրինակելի նկատեց, որ կողմերու հասարակական կազմակերպութիւններուն համատեղ ծրագրերը կեանքի կը կոչուին երրորդ կողմերու վրայով կամ խրախուսանքով։ Ան կանգ առաւ մշակութային ու ժողովրդագրական նմանութիւններուն վրայ։ Ըստ իրեն, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու առկայ վիճակը կը համարուի Պաղ պատերազմի շրջանին ապրուած աղաւաղումի մը տակաւին յաղթահարուած չըլլալը։ Հետեւաբար, ան շեշտեց նաեւ խաղաղամէտ մշակոյթի մը տարածման ու հաստատման անհրաժեշտութեան վրայ։
Դիտարկումներու տարափի մը մթնոլորտին մէջ անցաւ ասուլիսը, որու տեւողութեան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարներուն շրջա-գըծով ամբողջական պատկեր մը ստեղծուեցաւ ներկաներու մտքին մէջ՝ թեր ու դէմ մասնագիտական ու շահեկան կարծիքներու փոխանակումով։
Մեր վաղուան թիւով պիտի անդրադառնանք այս ասուլիսի միւս ատենախօսներու ելոյթներու մանրամասնութիւններուն։