ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան խորհուրդի 16-րդ նիստը։ Եւրոպական պատուիրակութիւնը գլխաւորեցին Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահութիւնը ներկայացնող Հոլանտայի Արտաքին գործոց նախարար Պերթ Քունտերս եւ Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան։ Հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, որու կողքին էին ԵՄ-ի մօտ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, Տնտեսութեան առաջին փոխ-նախարար Գարեգին Մելքոնեան, Արդարադատութեան փոխ-նախարար Վիգէն Քոչարեան եւ այլ պաշտօնատարներ։
Եդուարդ Նալպանտեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան խորհուրդի 16-րդ նիստին հանգամանօրէն քննարկուեցան կողմերու համագործակցութեան հետագայ զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը՝ քաղաքական երկխօսութեան, յարաբերութիւններու ապագայ իրաւական հիմքի շուրջ անցեալ տարիներուն սկսած բանակցութիւններու, շարժունակութեան, մարդու իրաւունքներու, տնտեսական բարեփոխումներու, ԵՄ-ին կողմէ Հայաստանին տրամադրուող աջակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Բանալով ժողովը՝ Նալպանտեան ըսաւ. «2015 թուականը առանձնայատուկ տարի մըն էր Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան համար։ Մենք ականատես եղանք բարձր մակարդակի այցելութիւններու, աշխոյժ ու շինիչ երկխօսութեան, երկկողմանի հանդիպումներու, զանազան ոլորտներու մէջ Հայաստան-ԵՄ համաձայնագրերու վերաբերեալ բանակցութիւններու։ Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու նոր իրաւական շրջանակի բանակցութիւններու նախորդ ամսուան մեկնարկը մեր յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մըն է։ Հաւատացած ենք, որ նոր համաձայնագիրը պիտի արտացոլէ մեր յարաբերութիւններու ծաւալն ու խորութիւնը եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան համար պիտի սահմանէ նոր ուղենիշներ»։
Նախարար Նալպանտեան եւրոպական կողմին երախտագիտութիւն յայտնեց՝ տարիներէ ի վեր Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութեան եւ օժանդակութեան համար, ինչ որ նշանակալի դեր մը խաղացած է՝ երկրէն ներս բարեփոխումներու իրականացման եւ հաստատութիւններու կարողութիւններու զարգացման համար։ Ան վերահաստատեց Հայաստանի հաստատակամութիւնը՝ խորացնելու ԵՄ-ի հետ զանազան ոլորտներէ ներս եւ ուղղութիւններով համապարփակ համագործակցութիւնը՝ հիմնուելով վերջին տարիներու ձեռքբերումներուն վրայ՝ հաշուի առնելով Երեւանի պարտաւորութիւնները այլ միջազգային, համարկման ձեւաչափերուն մէջ։ Նալպանտեան ընդգծեց նաեւ, որ ԵՄ-ի հետ համագործակցութեան առաջնահերթութիւններու շարքին են շարժունակութիւնը, մարդկային շփումներու խթանումը։ Այս ամբողջին մէջ ան նշեց, թէ 2014 թուականի Յունուարին ուժի մէջ մտած ԵՄ-Հայաստան մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման եւ ետընդունման մասին համաձայնագրերը ճանապարհ կը հարթեն դէպի մուտքի արտօնագրային դրութեան ազատականացման վերաբերեալ գործընթացի մեկնարկը, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի տայ ապագային հասնելու Հայաստանի քաղաքացիներու պարագային մուտքի արտօնութեան անհրաժեշտութեան վերացման։ Նալպանտեան կարեւորեց նաեւ Գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագրին կից՝ կողմերու միջեւ ստորագրուած արձանագրութեան ուժի մէջ մտնելը։ Այդ արձանագրութեան շնորհիւ Հայաստան կրնայ մասնակցիլ ԵՄ-ի ծրագրերու լայն շրջանակի ու կրնայ համագործակցիլ ԵՄ-ի զանազան գործակալութիւններուն հետ։
Նալպանտեանէն վերջ Գարեգին Մելքոնեան եւ Վիգէն Քոչարեան եւս հանդէս եկան ելոյթներով ու տեղեկացուցին Հայաստանի կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան, դատաիրաւական ոլորտէն ներս իրականացուող բարեփոխումներուն, անցեալ տարի տնտեսութեան ու դատաիրաւական բնագաւառներէն ներս ԵՄ-ի հետ կատարուած համագործակցութեան արդիւնքներուն մասին տուեալներ։
Նիստի տեւողութեան Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ 2015-ի ոգեկոչումներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոխորհրդարանին ու ԵՄ-ի երկիրներուն՝ սկզբունքնային մօտեցումներուն համար։ Բաց աստի, Եդուարդ Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի հանգուցալուծման ուղղեալ բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումները։ Այս ամբողջին մէջ ան կանգ առաւ Ատրպէյճանի ապակառուցողական եւ սադրիչ գործողութիւններուն վրայ, որոնց հետեւանքով Արցախի հետ շփման գծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած է լարուած իրավիճակ։ «Անցեալ տարի արձանագրուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի կոպիտ խախտումներու զգալի աճ մը, ներառեալ ծանր զինատեսակներու օգտագործումը, ինչ որ բազմաթիւ մարդկային զոհերու պատճառ դարձաւ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հասցէական կոչեր յղեցին Ատրպէյճանին՝ որպէսզի զսպուածութիւն ցուցաբերէ, յարգէ հրադադարի համաձայնութիւնը, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման իր յանձնառութիւնները, չխոչընդոտէ բանակցային գործընթացը, համաձայնի շփման գծին ու սահմանին վրայ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան դրութեան մը ստեղծման», ըսաւ Նալպանտեան ու վստահեցուց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հետ համատեղ ջանքերը, որոնք ուղղուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման։
Խորհուրդի նիստի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներ, լուծման ուղիներով հանդերձ։
Երէկուան խորհուրդի նիստէն վերջ Պրիւքէսլի մէջ Եդուարդ Նալպանտեան եւ Պերթ Քունտերս սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ Նալպանտեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու ուշադրութեան յանձնեց ԵՄ-ի հետ համագործակցութեան հեռանկարներուն նկատմամբ Երեւանի կողմէ վերագրուած կարեւորութիւնը եւ այդ շրջագծով ներկայ հեռանկարները։