ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿ ՄԸ ԵՒՍ
Արցախի ճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը՝ թիրախ դառնալով Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ այս դէպքը պատահեցաւ երէկ ժամը շուրջ 14.00-ին։ Ազէրի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով նահատակուեցաւ Անդրանիկ Մուսիկեան (1997)։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առթիւ հրապարակեց ցաւակցական մը ու տեղեկացուց, որ քննութեան ձեռնարկուած է՝ այս դէպքին մանրամասնութիւնները ստուգելու համար։
Միւս կողմէ, Ստեփանակերտի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան նախընթաց օր ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գծի իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։