ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Յու­նուա­րի 21-ին, Ե­րե­ւա­նի Յով­հան­նէս Շա­րամ­բէ­յեա­նի ա­նուան ժո­ղովր­դա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան կեդ­րո­նին մէջ պի­տի բա­ցուի Ա­րա­գած Ա­խո­յեա­նի՝ «Վե­րա­դարձ…» խո­րագ­րեալ գե­ղան­կար­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Հայաստանի Մ­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան տե­ղե­կատո­ւու­թեան վար­չու­թիւ­նը։

Ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ Յու­նուա­րի 31-ը նե­րա­ռեալ:

Երբ կու գայ ներշն­չան­քը, քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը կը վերց­նէ վրձի­նը… Եւ ա­հա գոյնն ու գի­ծը կը դառ­նան պատ­կեր ու մե­զի կը փո­խան­ցեն ա­րուես­տա­գէ­տի զգա­յա­կան աշ­խար­հին գոյ­նե­րը:

«Վե­րա­դար­ձը…» ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղի ա­ռա­ջին ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէսն է, ուր ներ­կա­յա­ցուած իւ­րա­քան­չիւր կտաւ հայ­րե­նի բնաշ­խար­հի նկատ­մամբ տա­ծած ան­սահ­ման սի­րոյ ու հիաց­մուն­քի ար­տա­յայ­տու­թիւնն է:

Ա­րա­գած Ա­խո­յեան ծնած է 1962 թուա­կա­նին Աշ­տա­րա­կի շրջա­նի Ձո­րափ գիւ­ղին մէջ: 1985 թուա­կա­նին ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի Փա­նոս Թեր­լե­մե­զեա­նի ա­նուան գե­ղա­րուես­տի ու­սում­նա­րա­նը: 1985-1987 աշ­խա­տած է «Հայ­ֆիլմ» շար­ժան­կա­րի ա­րուես­տա­նո­ցին մէջ՝ իբ­րեւ խմբա­գիր: Հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն զբա­ղած է շի­նա­րա­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ: 2012 թուա­կա­նին ընտ­րուած է Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր, այ­նու­հե­տեւ՝ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի եւ­րո­պա­կան ըն­դե­լուզ­ման հար­ցե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ:

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2017