ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ ընդունեց Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ երէկ հրապարակուած օրուան ծրագրին մէջ արդէն նախատեսուած էր այս հանդիպումը։ Պետրոս Շիրինօղլու ներկայացուած էր՝ որպէս հայկական վաքըֆներու միաւորման նախագահ։ Պաշտօնական աղբիւրները աւելի վերջ հրապարակեցին դռնփակ այս հանդիպումէն լուսանկարուած դրուագներ եւ տեսագրութիւն, սակայն զրոյցի բովանդակութեան մասին ոչինչ հաղորդուեցաւ։
Պետրոս Շիրինօղլու երէկ գիշերուան ժամերուն վերադարձաւ Անգարայէն եւ մասնաւոր հեռախօսազրոյցով մը մեզի մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Էրտողանի հետ ունեցած հանդիպման մասին։ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնեց, որ ժամադրութիւն մը խնդրած էր Էրտողանէն եւ ան ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ամենայն ջերմութեամբ ընդառաջեց իր խնդրանքին։ Հանրապետութեան նախագահի ծանրաբեռնուած ժամանակացոյցին պատճառով հանդիպումը սկսաւ նախատեսուածէն երկու ժամ աւելի ուշ։ Զրոյցը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը, անցաւ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ։
Ըստ ատենապետ Շիրինօղլուի կողմէ մեզի փոխանցուած տեղեկութիւններուն, հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան համայնքային քանի մը կարեւոր հարցեր եւ վերջին օրերու կարգ մը իրադարձութիւնները։ Պետրոս Շիրինօղլու պետութեան գլխաւորին նկատառման յանձնեց մասնաւորապէս ընտրութիւններու հարցերը։ Այսինքն թէ՛ պատրիարքական ընտրութեան եւ թէ համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութիւններուն հրատապ խնդիրները։ Էրտողան յայտնած է, որ տեղեակ է, թէ շատ երկար ժամանակէ ի վեր սպասումներ, ակնկալութիւններ կան այս հարցերուն շուրջ։ Նախագահին խօսքերով, յապաղումը ունեցած է երկու հիմնական պատճառ։ Առաջին՝ հայ համայնքէն ներս առկայ պղտորութիւնները եւ երկրորդ՝ պետական մարմիններու չափազանց ծանրաբեռնուածութիւնը։ Հետեւաբար, ան յայտնած է, որ կամքէ անկախ պատճառներով յապաղումներ յառաջացած են, մանաւանդ 15 Յուլիսի դէպքերուն ալ ազդեցութեամբ։ Էրտողան մատնանշած է, որ պատկան մարմինները կը շարունակեն զբաղիլ թրքահայ համայնքի այս խնդիրներու լուծման հնարաւորութիւններով։ Մօտալուտ հանրաքուէէն վերջ այլեւս պիտի լուծուին թէ՛ պատրիարքական ընտրութեան եւ թէ մատակարար մարմիններու ընտրութիւններու հարցերը։ Պետրոս Շիրինօղլու խորին երախտագիտութիւն յայտնած է այս դրական վերաբերմունքին համար ու նշած է, որ այդ մէկը կը համընկնի մեր համայնքի սպասումներուն։
Տեսակցութեան ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլու կանգ առած է նաեւ ընդդիմադիր հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի խորհրդարանի վերջին ելոյթին, որ ստեղծած է լայն արձագանգ եւ ան զրկուած է երեք նիստերու մասնակցելու իրաւունքէն։ Հայկական հարցին անդրադառնալու ժամանակ ան օգտագործած էր ցեղասպանութիւն որակումը, ինչ որ մթնոլորտը ալեկոծած էր Ազգային մեծ ժողովէն ներս։ Փայլան ներկայիս իրեն դէմ սահմանուած պատժին բերումով կը պատրաստուի դիմել Սահմանադրական ատեան եւ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեան։ Այս բոլորին առընչութեամբ Շիրինօղլու Էրտողանին դիտել տուած է, որ համայնքային շրջանակներու ջախջախիչ մեծամասնութեան կողմէ իրեն հասած են հակազդեցութիւններ։ Շիրինօղլու բացատրած է, թէ համայնքին մեծամասնութիւնը անհանգստացած է այդ ելոյթէն եւ Փայլանի խօսքերը ընդհանրապէս չեն ցոլացներ համայնքի տրամադրութիւնները։ Համայնքին մեծամասնութիւնը այդ ելոյթը կը համարէ անտեղի ու անժամանակ եւ ցաւ կը զգայ այս բոլորին բերումով։ Համայնքը համամիտ չէ այդ ելոյթին ու կը դիրքաւորուի պետութեան կողքին։ Նախագահն ալ այս բոլորը լսելով շնորհակալութիւն յայտնած է թրքահայ հայրենակիցներուն։
Էրտողանի հետ զրուցելու ընթացքին Շիրինօղլու անդրադարձած է նաեւ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի տարածքի խնդրին։ Ծանօթ է, որ հիւանդանոցը տասնամեակներ առաջ անարդարօրէն զրկուած էր այդ կալուածէն, որու սեփականութեան իրաւունքը քանի մը տարի առաջ վերադարձուած էր անոր։ Այսպէսով ուղղուած էր պատմական սխալ մը, սակայն աւելի վերջ քաղաքապետարաններու մակարդակով կատարուած դատական միջամտութիւններով հաստատութիւնը դարձեալ զրկուած էր այդ սեփականութեան իրաւունքէն, ինչ որ մեծ հիասթափութիւն ստեղծած էր համայնքին մօտ։ Շիրինօղլու հանգամանօրէն ներկայացուց այս երկար ոդիսականը, իսկ Էրտողան յայտնեց, որ կը հրահանգէ բոլոր դժուարութիւններու, հարցերու լուծման համար։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմն ալ տեղեակ է այս հարցէն, երէկուան խօսակցութիւններէն եւ Էրտողանի հրահանգներէն։ Արդարեւ, Ատնան Էրթէմ եւս ներկայ գտնուեցաւ երէկուան զրոյցին։
Պետրոս Շիրինօղլու հուսկ դիտել տուաւ, որ Անգարայէն վերադարձած է շատ լաւ տպաւորութիւններով եւ յուսադրուած։ Հրաժեշտ առնելէ առաջ ան Էրտողանին յանձնած է նաեւ յուշանուէր մը։ Տեսակցութիւնը այսօր արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլէն զանազան թերթերու մօտ։