ՎԻՄԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չու­թեան բա­ժի­նը, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, լոյս ըն­ծա­յեց հե­ղի­նա­կա­ւոր պատ­մա­բան ու վի­մագ­րա­գէտ Ար­սէն Յա­րու­թիւ­նեա­նի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած՝ «Վա­ղար­շա­պատ. վան­քե­րը եւ վի­մա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը» աշ­խա­տու­թիւ­նը։ «Սար­գիս Գաբ­րիէ­լեան» հիմ­նադ­րա­մի մե­կե­նա­սու­թեամբ հրա­տա­րա­կուած է այս գոր­ծը, որ նուի­րուած է Վա­ղար­շա­պա­տի վան­քե­րու վի­մագ­րա­կան ժա­ռան­գու­թեան հա­մա­կող­մա­նի քննու­թեան։ Սա ա­ռա­ջին հա­մա­լիր ու­սում­նա­սի­րու­թիւնն է, ուր վի­մագ­րե­րու հի­ման վրայ ըն­թեր­ցո­ղին կը ներ­կա­յա­ցուին Վա­ղար­շա­պա­տի՝ յատ­կա­պէս 17-19-րդ դա­րե­րու քա­ղա­քա­կան ու ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը, հա­յոց հայ­րա­պետ­նե­րու շի­նա­րա­րա­կան նո­րոգ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, վան­քե­րու ստա­ցած նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րը, վա­նա­կան միա­բա­նու­թիւն­նե­րու կազ­մա­ւո­րու­մը, ինչ­պէս նաեւ միա­բա­նա­կան գե­րեզ­ման­նոց­ներն ու ար­ձա­նա­գիր խաչ­քա­րե­րը։ Նա­խա­պէս հրա­տա­րա­կուած 188 վի­մագ­րե­րուն վրայ ա­ւել­ցած են եւս 520-ը, ո­րոնք ա­ռա­ջին ան­գամ ներ­կա­յա­ցուած են վի­մա­գի­տա­կան քննու­թեամբ։

Վի­մագ­րա­կան ու մա­տե­նագ­րա­կան սկզբնաղ­բիւր­նե­րու եւ ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րու հա­մադ­րու­թեամբ ու­սում­նա­սի­րուած են ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու մէջ յի­շա­տա­կուած նուի­րա­տու­նե­րու, բա­րե­րար­նե­րու, յա­ճախ նաեւ նշա­նա­ւոր հո­գե­ւոր գոր­ծիչ­նե­րու կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Աշ­խա­տու­թեան վեր­ջա­ւո­րու­թեան զե­տե­ղուած են լու­սան­կար­նե­րը։

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2017