ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ» ՏԻԿՆԻԿԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻՆ ԽԱՂԱՑԱՆԿԸ

Տիկնիկային թատրոնի խաղացանկը կը համալրուի նոր ներկայացումներով։ Այսպէս, Հայաստանի «Յովհաննէս Թումանեան» պետական տիկնիկային թատրոնին մէջ 2019 թուականին կը բեմադրուին հետաքրքրական ներկայացումներ ինչպէս երեխաներու, այնպէս ալ՝ մեծահասակներու համար: Թատրոնը կը մասնակցի միջազգային փառատօներու, հիւրախաղերու կը մեկնի Հայաստանի մարզեր:

Այս մասին «Արմէնփրէս»ի թղթակից Անժելա Համբարձումեան տեսակցութիւն մը ունեցաւ թատրոնի տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռուբէն Պապայեանի հետ։

«Այս տարի կը լրանայ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակը: Իբր այդ ալ մենք քանի մը ներկայացում պատրաստած ենք մեծ դասականի ստեղծագործութիւններու հիման վրայ: Կը նախատեսենք նաեւ տրամաթիք բեմադրութիւն ընել օթիզմէ տառապող հիւանդ երեխայի մասին: Փոքրիկներու դատին կը յանձնենք «Վիննի տը Փուհ արջուկի» երկրորդ մասը: Յայտնի արջուկին կը միանան նոր կերպարներ», նշեց Պապայեան եւ աւելցուց, որ յունուարի 18-ին թատրոնի խաղացանկը կը համալրէ Զարուհի Անտոնեանի «The Best of Shakespeare» ներկայացումը, որ նախատեսուած է մեծահասակներու համար:

Անդրադառնալով փառատօներու մասնակցութեա՝ Ռուբէն Պապայեանը յիշեցուց, որ անցեալ տարի Տաթեւ Մելքոնեանի «Ես հոս եմ» ներկայացումը փառատօներէն մէկուն արժանացած է մրցանակի, որմէ յետոյ ան հրաւէր ստացած է 2019 թուականին մասնակցելու՝ Մոսկուայի Չեխովի անուան թատերական միջազգային փառատօնին:

«Նարինէ Գրիգորեանի «Իմ ընտանիքը իմ ճամպրուկին մէջ է» մենաներկայացումը կը մասնակցի «Մարդ-քոնթաքթ» միջազգային փառատօնին: «Թեւաւորը» բեմադրութեամբ հանդէս կու գանք Օմսքի միջազգային փառատօնին:

«Կան եւս մի քանի հրաւէրներ, որոնց մասին դեռ կանուխ է խօսելու համար», շեշտեց ան:

Պապայեան խօսեցաւ նաեւ թատրոններու առջեւ ծառացած խնդիրներու մասին եւ ընդգծեց, որ թատրոններու գործունէութիւնը բարդացած է, քանի որ թատրոններու հաշիւները տեղափոխուած են գանձապետարան: «Իւրաքանչիւր լումայ ծախսելու համար հազար թոյլտուութիւն պէտք է: Մէկ խօսքով՝ դիւանակալութիւն տեղի կ՚ունենայ: Այն օրէնքները, որոնք կան մեր երկրին մէջ, եւ որոնց շրջանակէն ներս կը գործէ թատրոնը, բացարձակ հաշուի չեն առներ այս ոլորտի առանձնայատկութիւնը՝ ստեղծագործական բնոյթը», նշեց Պապայեան:

Ան անգամ մը եւս շեշտեց, որ ամէն մէկ լումայ կ՚երթայ գանձապետարան, իսկ նախապէս կ՚աշխատէին դրամատուներու հետ, ինչ որ աւելի արդիւնաւէտ էր: «Դուն պէտք է ունենաս ելքերու մեծ ցուցակ, որուն մէջ յստակ գրուած կ՚ըլլայ, թէ ինչ պէտք է ձեռք բերել տարուայ ընթացքին: Պատկերացուցէք, որ նկարիչէն պահանջեն, որ ան յստակ նշէ, թէ տարուայ ընթացքին ո՛ր ներկէն որքան կ՚օգտագործէ: Հնարաւո՞ր է: Այո, հնարաւոր է, բայց յիմարութիւն է: Սա ստեղծագործական աշխատանք է. ներկայացումը բացառիկ ստեղծագործութիւն է, իւրայատուկ ու չկրկնուող: Կարելի չէ կանխատեսել, թէ այս կամ այն թատերական ներկայացման համար որքան գումար անհրաժեշտ է: Մենք գործ ունինք գեղագիտութեան հետ, իսկ նոր կարգը գեղագիտութիւնը կը բացառէ», եզրափակեց Ռուբէն Պապայեան:

Շաբաթ, Յունուար 19, 2019