ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԴԷՄՔԵՐ ԳՈՐԾԻ ԳԼՈՒԽ ԿՈՒ ԳԱՆ
Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր վարչախումբի յառաջատար դէմքերու պարագային երէկ կատարեց կարգ մը նոր նշանակումներ։ Հայաստանի կառավարութիւնը մէկ կողմէ կը ջանայ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ հրաժարականի համատարած պահանջի մարտահրաւէրը դիմագրաւել, իսկ միւս կողմէ Նիկոլ Փաշինեան կը կատարէ նոր նշանակումներ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկ, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնէն ազատուեցաւ Եդուարդ Աղաճանեան, որուն փոխարինեց Արսէն Թորոսեան։ Այս վերջինը իշխանափոխութենէն ի վեր առողջապահութեան նախարարի պաշտօնը կը վարէր եւ հիմա արդէն Նիկոլ Փաշինեանի աշխատակազմի ղեկավարը դարձած է։ Արսէն Թորոսեանի փոխարէն առողջապահութեան նախարար նշանակուեցաւ Անահիտ Աւանէսեան։
Բաց աստի, Գառնիկ Իսախանեանն ալ նշանակուեցաւ վարչապետի օգնական։