ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ՝ ԱՊԱԳԱՅԻՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հետ Հայաստանի կապը երբեք ոչ ոք է մերժած է։

Երէկ, Լաւրով Մոսկուայի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին Ատրպէյճանէն լրագրող մը հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ հայ պաշտօնատարներ Լեռնային Ղարաբաղ կ՚այցելեն առանց Պաքուի թոյլտուութեան եւ ի՞նչ է այս կապակցութեամբ Ռուսաստանի դիրքորոշումը։ Ի պատասխան՝ Լաւրով յայտնեց, որ տասնամեակներ շարունակ բանակցութիւններու ընթացքին երբեք չէ հնչած Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը իրարմէ կտրելու հարցը։ «Բոլոր պայմանաւորուածութիւններուն մէջ, առաջին հերթին, 9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ, արձանգրուած է կողմերու համաձայնութիւնը, որպէսզի ապահովուի կապը Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ Լաչինի միջանցքով, որ կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան ներքեւ։ Ղարաբաղի հետ Հայաստանի կապը ոչ ոք երբեք մերժած է։ Այս իսկ պատճառով Լաչինի միջանցքը՝ որպէս հայեցակարգ, ոեւէ մէկուն կողմէ չէ մերժուած։ Եւ այդ մէկը անցեալի նման կողմերու համաձայնութեան, ներառեալ՝ մեր ատրպէյճանցի հարեւաններու համաձայնութեան առարկայ կը հանդիսանայ։ Ճիշդ այդպէս յուսալի եւ մշտական կապ կը հաստատուի Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի միջեւ։ Սա ամրագրուած է եռակողմ յայտարարութեան մէջ։ Եթէ մենք համաձայն ենք (իսկ բոլորը այս ուղղութեամբ համաձայն են), որ պէտք է ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու եւ Հայաստանի հայերու միջեւ կապ, չեմ տեսներ այդ մակարդակի վրայ շփումները խոչընդոտելու պատճառներ», յայտնեց Լաւրով եւ աւելցուց, որ Հայաստանի պաշտօնեաները ներգրաւուած են Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու գործընթացին, ինչ որ Ատրպէյճանի կողմէ որեւէ բացասական արձագանգ չ՚ունենար։ Ըստ Լաւրովի, տարօրինակ կ՚ըլլար, եթէ այլ ձեւով ըլլար։ Ռուս նախարարը պատասխանին մէջ յստակ շեշտեց, որ Հայաստան պէտք է կապ ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հետ։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Սերկէյ Լաւրով դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը չէ յիշատակուած 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ եւ այդ մէկը թողուած է ապագային լուծուելու համար։ «Այն տարածքը, ուր տեղակայուած է խաղաղապահ առաքելութիւնը, խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի է։ Մենք այս հանգամանքը մեկնակէտ ունինք Երեւանի եւ Պաքուի հետ մեր շփումներուն ժամանակ։ Այժմ կը մշակուին փոխադրական հաղորդակցութեան կազմակերպման, մարդասիրական աջակցութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները», ըսաւ ան։ Լաւրովի խօսքով՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հակասութիւններ կան կարգավիճակի շուրջ եւ այդ հակասութիւններու պատճառով ալ երեք ղեկավարները որոշած են այդ հարցը թողուլ ապագային լուծելու համար։ Լաւրով նշեց, որ այս հարցով պէտք է զբաղին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները, անոնք արդէն կապի մէջ են կողմերուն հետ ու կը պատրաստուին այցելել տարածքաշրջան։ Լաւրովի կարծիքով՝ որքան արագ լուծուին Երեւանի եւ Պաքուի հաւաստիացումները էթնիք, կրօնական համայնքներու միջեւ առօրեայ կազմակերպելու պատրաստակամութեան մասին, այնքան աւելի արագ կը լուծուի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը։

Ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով Սերկէյ Լաւրով յայտեց, որ Մոսկուա չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ Ռուսաստան չի պատրաստուիր այդ տարածքը իր սահմաններուն մէջ ընդգրկելու։ Ռուսական կողմի մօտեցումով՝ տարածքաշրջանէ ներս բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին այնտեղ գտնուող երկիրներու, այս պարագային՝ առաջին հերթին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Մոսկուա պատրաստ կ՚ըլլայ օգնել, որպէսզի տարածքաշրջանէն ներս հաստատուի խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ անվտանգութիւն։

Ասուլիսի ընթացքին Սերկէյ Լաւրով կոչ ուղղեց, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ յուզական յայտարարութիւններ չկատարուին։ Սա կը համարուի անարդիւնաւէտ։ Ան յիշեցուց Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի կողմէ մօտաւոր անցեալին կատարուած «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներ» յայտարարութիւնը։ Լաւրով նշեց, որ բառերը կը ստանան նիւթական ուժ եւ այս պարագային զանազան կողմերու բառերը վերածուած են շատ ժխտական նիւթական ուժի մը։

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններուն վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան՝ Լաւրով նշեց, որ այդ մէկը ընդհանրապէս գաղտնի յաւելուածներ չունի։ Սա նիւթ մըն է, որ Հայաստանի մէջ յաճախ օրակարգի վրայ կու գայ եւ մանաւանդ ընդդիմութիւնը համապատասխան պնդումներ կը կատարէ։ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ ինք չի տեսներ «գաղտնիքներու առարկայ» նիւթեր։

Հրադադարի համաձայնութիւնով նախատեսուած ռազմագերիներու վերադարձի եւ այս ուղղութեամբ առկայ ձգձգումներուն շուրջ ալ խօսեցաւ Սերկէյ Լաւրով։ Այս կապակցութեամբ ան նշեց, որ հայկական կողմը անմիջապէս եւ ամբողջութեամբ չէ տրամադրած կորսուածներու ցուցակները։ Բայց, այժմ հիմնական խնդիրը կը համարուի Հադրութի շրջանէն ներս դեկտեմբերի սկիզբին գերի ինկած 62 զինուորականներու պարագան։ Հարկ է նշել, որ այդ 62 հայ զինուորականները գերեվարուած են հրադադարի համաձայնութեան ստորագրումէն վերջ։ Ըստ Լաւրովի, Ատրպէյճանի մօտեցումով՝ այդ մարդիկ այնտեղ հրադադարէն վերջ եւ բոլոր մարտական գործողութիւններու աւարտին հասած են։ Ուստի, անոնք պէտք է առանձին կարգով դիտարկուին ու պէտք չէ մաս կազմեն հրադադարի համաձայնութեան շրջանակին։ «Մենք, այնուամենայնիւ, յառաջ կը տանինք այդ հարցի քննարկումը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի զայն փակենք՝ առաջնորդուելով «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով։ Ես խօսած եմ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ՝ փորձելով ճշդել անոնց վերջնական ցուցակները։ Պարզուեցաւ, որ կորսուածներու թիւը աւելին է, քան 62-ը։ Եւ հիմա մեր զինուորականները կապի մէջ են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուորականներուն հետ։ Այժմ կորսուածներու անուններու ցուցակները կը հաստատուին», շարունակեց Լաւրով։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ի շարունակութիւն օրերս տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցներու՝ նախարարները անդրադարձան տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատման եւ անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ հարցերու։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան եւ 11 յունուարին Մոսկուայի մէջ կատարուած եռակողմանի յայտարարութեան կեանքի կոչման համատեսքին մէջ Արա Այվազեան անգամ մը եւս ընդգծեց մարդասիրական հարցերու լիարժէք լուծման անհրաժեշտութիւնը՝ նախ եւ առաջ ռազմագերիներու, պատանդներու ու պահուած այլ անձերու անյապաղ ու անվտանգ վերադարձը։ Այվազեան Լաւրովի ուշադրութիւնը հրաւիրեց Արցախի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական կրօնական եւ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման վրայ։ Նախարարը կարեւորեց այս ուղղութեամբ միջազգային մասնագիտական կառոյցներու անխափան ներգրաւումը։

Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ Հայաստան-Ռուսաստան օրակարգի վերաբերեալ հարցերուն։

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2021