ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՈՒՏՈՎ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԷՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ դարմանման տակ մնալ՝ քորոնաժահրով վարակուած ըլլալով։ Նախագահ Սարգսեան տարեմուտին Լոնտոնի մէջ ենթարկուած էր վիրահատութեան մը եւ այդ ժամանակ վարակուած՝ քորոնաժահրով։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդած էին, որ ան փոխադրուած է հիւանդանոց։ Երէկ, այս կապակցութեամբ նոր մանրամասնութիւններ հաղորդուեցան։ Այսպէս, Արմէն Սարգսեան յառաջիկայ օրերուն դուրս պիտի գայ հիւանդանոցէն։ Իր դարմանումը տնային պայմաններու ներքեւ պիտի շարունակուի՝ բժիշկներու հսկողութեան տակ։ Իրեն յանձնարարուած է հանգստանալ անկողնոյ մէջ մնալով։

Հանրապետութեան նախագահի գրասենեակը տեղեկացուց, որ ապաքինուելէ եւ բժիշկներէ անհրաժեշտ թոյլտուութիւնը ստանալէ անմիջապէս վերջ Արմէն Սարգսեան պիտի վերադառնայ Հայաստան, մինչ այդ ան կը շարունակէ աշխատիլ հեռավար։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2021