«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ՀՆԱՐԱՒՈՐԻՆՍ ԱՐԱԳ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԻԼ ԲՈՎԱՆԴԱԿԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակէ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ մնալ բոլոր երեսակներով։ Երեւան-Անգարա առանցքին վրայ ակնկալուած զարգացումներու մթնոլորտին մէջ կը կատարուին իրերայաջորդ յայտարարութիւններ՝ մանաւանդ անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումէն վերջ։ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Ռուբէն Ռուբինեան Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի հետ վարած բանակցութիւններէն վերջ զանազան հարթութիւններու վրայ հանդէս կու գայ լուսաբանութիւններով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան երէկ յայտնեց, որ հայկական կողմի ցանկութիւնն է հնարաւորինս արագ ներգրաւուիլ բովանդակային բանակցութիւններու մէջ։ Յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման ժամանակ կարծիքներ փոխանակուած են, թէ գործընթացի շարունակութիւնը ինչպէս կը պատկերացուի թէ՛ թեքնիկ եւ թէ բովանդակային առումով։
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Ռուբէն Ռուբինեան դիտել տուաւ, որ կողմերը համաձայնած են բանակցային գործընթացը յառաջ տանիլ առանց նախապայմանի։ Ըստ Ռուբինեանի, գործընթացի շարունակութիւնը կախում ունի, թէ Անգարա որքան շինիչ, անկեղծ ու պատրաստակամ պիտի ըլլայ։ «Հայկական կողմի ցանկութիւնն է, որ հնարաւորինս արագ ներգրաւուինք բովանդակային բանակցութիւններու մէջ, որովհետեւ մենք հետաքրքրուած ենք իսկական խնդիրներու լուծումով եւ սա առաջին հերթին սահմանի բացումն է։ Մենք ըսած ենք ու կ՚ըսենք՝ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմանի հասնիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման», ըսաւ ան։
Լրագրողներ հարց տուին, թէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան Հայաստանի կողմէ ճանաչումը նախապայմա՞ն մըն է։ Ի պատասխան՝ Ռուբինեան ըսաւ. «Երբ մենք կ՚ըսենք, որ Հայաստան պատրաստ է յարաբերութիւնները կարգաւորել առանց նախապայմանի, սա կը նշանակէ, որ նոյնը կ՚ակնկալուի միւս կողմէն։ Բանակցութիւններու ամբողջ իմաստը ի՞նչ է։ Կայ իրավիճակ մը, որ մեզի համար ձեռնտու չէ։ Ես կը կարծեմ, թէ այդ իրավիճակը ձեռնտու չէ նաեւ Թուրքիոյ համար։ Մենք կ՚ուզենք, որ սահմանը բաց ըլլայ։ Եւ մենք պատրաստ ենք բանակցիլ այն բանին շուրջ, թէ երկու երկիրներու միջեւ կայ խնդիր եւ այդ մէկը պէտք է լուծել։ Սա է բանակցութեան ամբողջ իմաստը»։
Ռուբինեան յայտնեց, որ Սերտար Քըլըչի հետ հանդիպումէն առաջ խորհրդակցած է մասնագէտներու եւ հայկական կողմէ Թուրքիոյ հետ նախապէս բանակցած դէմքերու հետ։ Ան նաեւ աւելցուց, որ առաջին անգամ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ գործընթաց մը այսքան թափանցիկ կ՚ընթանայ։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՍԱՂԱԹԵԼԵԱՆ
Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահներէն Իշխան Սաղաթելեան եւս երէկ անդրադարձաւ Անգարա-Երեւան բանակցութիւններու գործընթացին։ Ան խորհրդարանի ընդդիմադիր փոխ-նախագահն է, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչը։ «Առ հասարակ, դէմ չենք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման, բայց խնդիրը այն է, թէ ի՞նչ գինով եւ ի՞նչի հաշուոյն։ Մենք համոզուած ենք, թէ այս իշխանութիւնները ի վիճակի չեն նոյնիսկ ամենամեծ ցանկութեան պարագային պաշտպանել Հայաստանի Հանրապետութեան շահերը։ Թուրքիան նոյն Թուրքիան է, բայց Հայաստանը նոյն Հայաստանը չէ պատերազմէն յետոյ։ Առաջին դէպքին իշխանութիւններու բանակցութիւններու հետեւանքով ունեցանք Արցախի տարածքներու մեծ կորուստ, իսկ այս պարագային Հայաստանի գոյութիւնը կը դրուի հարցականի տակ», նշեց Սաղաթելեան։