ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ ԿԱՐՕՏԸ

Հրանդ Տինքի յարձակման ենթարկուած կէտը այսօր սրբավայրի մը վերածուած է յաչս հանրութեան խղճին։ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան գտնուած շէնքի մուտքի դրան անմիջապէս առջեւն է այդ կէտը, իսկ նախկին խմբագրատունը ներկայիս դարձած է յիշողութեան վայր մը, ուր կը թեւածէ Հրանդ Տինքի հոգին։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս այդ շէնքի ճակատին ցոլացուեցաւ Հրանդ Տինքի լոյս դէմքը, որ կը ժպտէր բոլորին, առանց խտրութեան։ Լոյս իջնէ՛ գերեզմանին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 19, 2022