ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԶԱՐԳԱՆԱՅ

Երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած հանդիպում մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ կուտակուած օրակարգի կնճռոտ բոլոր հարցերը ծաւալուն քննարկման ենթարկուեցան։ Նախարար Չավուշօղլու հանդիպումէն վերջ նշեց, որ երկու երկիրներու միջեւ տարիներէ ի վեր անլոյծ մնացած խնդիրներու կարգաւորման համար փոխադարձ առաջարկներ ներկայացուած են։ «Տարածաշրջանային խնդիրներն ալ շօշափեցինք, մեր համագործակցութիւնը պիտի զարգացնենք», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Ուշագրաւ էր, որ Էնթընի Պլինքըն Մեւլիւտ Չավուշօղլուն հիւրընկալելու առընթեր երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման հեվտեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ Լաչինի միջանցքը փակելով Պաքու հերթական անգամ կը դիմէ սադրիչ գործողութեան եւ փաստացիօրէն կը խախտէ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութիւնով ստանձնած իր պարտաւորութիւնը։ Իր կարգին, Էնթընի Պլինքըն ընդգծեց Լաչինի միջանցքի անխափան գործունէութեան կարեւորութիւնը։ Ան մատնանշեց նաեւ Ուաշինկթընի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար նպաստել այս խնդրի լուծման։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Էնթընի Պլինքըն կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ապահովման, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցերուն շուրջ։ Ուաշինկթընէն հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ ալ շեշտուեցաւ, որ Պլինքըն խոր մտահոգութիւն յայտնած է Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէ ներս վատթարացող մարդասիրական իրավիճակին շուրջ։

Իր կարգին, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Նէտ Փրայսն ալ տեղեկացուց, որ չի բացառուիր նաեւ Էնթընի Պլինքընի հեռախօսազրոյցը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Միւս կողմէ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու Ուաշինկթընի շփումներուն ծիրէն ներս հանդիպման մը ընթացքին յայտնեց, որ Անգարա Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս կը փափաքի տեսնել հայկական կողմին անկեղծութիւնը՝ ո՛չ միայն խօսքով, այլեւ՝ գործով։ Չավուշօղլու տեղեկացուց, որ Պլինքըն իրեն ըսած է, թէ Փաշինեան գործընթացին մէջ անկեղծ է։ «Բայց մենք կը փափաքինք այդ բանը տեսնել ո՛չ միայն խօսքով, այլեւ՝ գործով», ըսաւ Չավուշօղլու։ Այսպէսով արդէն յայտնի կը դառնայ, որ թուրք-ամերիկեան երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւնները։

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023