ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ՝ ՊԱՏԳԱՄԻԴ ՀԵՏ, ՅԻՇԱՏԱԿԻԴ ԱՂԱՒՆԻԻՆ

Այո՛, ծանր է Եղեռնի բեռը եւ ինչքան ալ այդ բեռը մեզի քաղաքական ու բարոյական իմաստներով յանձնարարէ մնալ իր տակ, յաճախ ակամայ հասկնալի ընդվզում մըն ալ կը պարզէ ինքնին. մինչեւ ե՞րբ եւ ինչո՞ւ այս պայքարն ու արշաւը:

Ե՞րբ է վերջնական հանգրուանը հայկական ինքնութեան համահունչ համարուած ցեղասպանութեան հարցին։ Ո՞րն է մեր կայացած պատկերը: Այս բոլորը կը հարթուի՞ն, կը լուծուի՞ն Թուրքիոյ պաշտօնական քայլերով, թէ ոչ…

Չարչրկուած բոլոր քաղաքական, ընկերային ու մշակութային բաւիղներէն ու լուծումներէն վեր կը կանգնինք նորէն՝ մինակ ենք կամ ոչ, տառապանքը կը ցանցառի կամ ոչ, սերունդները կը յամենան իրենց երազներով կամ ոչ, չունինք պատասխաններ տեղ մը, իսկ մենք մեզ միշտ կը կանչենք:

Այո՛, կ՚արժէ կրկնել օրն ի բուն, որ ամէն մարդկային, անհատական եւ հաւաքական փորձ իւրայատուկ է եւ այդպէս պիտի մնայ միշտ, իսկ մենք՝ երկրայիններս կեանք կ՚ուզենք, հարստութիւն կ՚ուզենք եւ սէր՝ առանց մնալու մինակ:

Մտածելով այս բոլորին մասին, բնականաբար, կ՚առերեսուինք Թուրքիոյ եւ թուրքերուն հետ մեր կապի ու յարաբերութիւններուն հետ։ Անոնք արդէն մեր ինքնութեան բացայայտման մասնիկներէն են եւ պեղուած ըլլալու-չըլլալու աստիճանով՝ շատ անգամներ կը ձեւաւորեն մեր անհատական եւ հաւաքական վարքն ու բնաւորութիւնը:

Այո՛, այդպէս են միջազգային յարաբերութիւնները եւ կը մնան անվերծանելի եւ այս պարագային՝ մենք եւ թուրքերը եւ նոյնքան կարեւոր բաղադրութեամբ կամ մետաղի միւս մարդկային ճակատագրութեամբ - թուրքերը եւ մենք - չենք տարբերիր ու կը մնանք հաղորդակցութեան ու կապի առաքելութեան հաստատման այս մարդկային մեծ ջանքին կամակատար եւ ինչքան բան կայ հոս խօսելու, գրելու, պեղելու, ստեղծելու եւ կատարելագործելու:

Երբեք մինակ չէ որեւէ ոճիր, այո՛, ան ունի երկու կողմ եւ մշտապէս կարեւոր է զայն ճիշդ հասկնալը, որպէսզի ոճիրը վերածուի դասաւանդութեան, վերածուի կեանքի, ինչպէս որեւէ մշակոյթ մինակ չի գործեր բնաւ եւ ան իր կողքինի «հատուցող, ընկալող»ի լինելութեամբ ու գնահատմամբ կը կայանայ վերջնականապէս: Եթէ Ֆրանսան անգլիական մշակոյթը չգնահատէր եւ փոխադարձաբար, երկուքն ալ իրենց վաւերականութենէն շատ բան կը կորսնցնէին:

Եւ կոչը պարզ ու մեկին կու գայ հիմա, այսօր ալ իր խաչէն եւ մահիկէն իջնելով, կը հասնի անգամ մը եւս, օր մը եւս, ժամ մը եւս թուրքին՝ ախբարիկ ու չատելի թուրքին կամ «չախբարիկ» ու ատելի թուրքին, հայի աչքերէն առանց ժպիտի կամ հայի «չաչքերէն» բայց ժպիտով: Որքա՞ն սէր ու ատելութիւն վատնել, որքան մարդկայնութիւն ու վերամբարձութիւն ճարել հասկնալու՝ մենք մեզ, յետոյ զիրար ու միասին այս աշխարհը:

Կ՚արժէ յիշել, որ մեր հոգիի խորքերը թրքական երանգապնակներով ալ յաճախ կը ներկուին, ինչպէս համահաւասարաբար թուրքերու հոգիին խորքերը հայկական խազերով ալ երբեմն կը գունաւորուին եւ այդ ոճիրի-պատիժի, կեանքի-մահուան, ըլլալ-չըլլալու ամենացայտուն հարցերէն է՝ մեզի ու թուրքին եւ բոլոր մարդկութեան համար:

Երբ հակառակորդին, թշնամիին, մրցակիցին, նուաճողին, բարեկամին (ինչ արտայայտութեամբ ալ ըլլայ) ցաւը, հարցը, գոյութենականութիւնը եւ իրմէ քեզի պարգեւուելիք կոչումը քուկդ է, ինչքան որ դուն ես (դուն քեզի տուածիդ չափ կոչումը) եւ ինչքան որ (ուղղակի շրջուած մարմնացմամբ) դուն ես դիմացինիդ արժեւորման ու ինքնութեան կերտիչներէն մէկը, այնքան ժամանակի առատութեամբ կը զգաս մարդկայնութեան լեղի թուացող, բայց իրական առաքելութիւնը՝ ազգայինի, տեղականի, բնածինի եւ արտածինի շերտերը հաւաքող ու համադրող:

Այսօր, ինչպէս միշտ, սիրելի՛ Հրանդ Տինք, մահուան յիշատակիդ հետ քալող այս միտքերն ու մղումը կը մնան ներշնչուած մազերովդ, կօշիկովդ եւ պոլսահայ հայերէնովդ, որ թրքական երաժշտականութիւն ունի իր մէջ, կամ ալ մենք հին ըլլալով քու եւ մեր տուած երաժշտականութեան մոռցուած պարգեւներով՝ թրքերէնէն ետ վերադարձուած հայերէն ունի իր մէջ. Սինանի հաճելի շինարարութեան պէս: Այս բացած ճամբադ խորտուբորտ է, բայց առինքնող, դժուար է, բայց լուսաւոր, երկար է, բայց մաքառեցնող, հին է, բայց ջամբող. մեր բոլոր բարդոյթներու խտութեամբ, մեր հայ-թուրք բոլոր տգեղութիւններով եւ անբնականութեամբ (nature չենք), բայց միաժամանակ յանկարծակի եւ, ինչո՞ւ չէ, ընտրելի անուշութեամբ ու յոյսով մը: Այս ճամբան, որ մեր գոյութեան մարդկային ու ազգային աստիճանականացման կը տանի, որ կը հասնի հազարաւոր ազգերու ու ժողովուրդներու ըմբռնման, այս ճամբան ինչքան ալ ըլլայ մեր պատմութեան քարուղիներու բոլոր ներդաշնակութիւններով յագեցած, ամենակարեւորը՝ ան դէպի վեհութիւն ու ազնուացում տանող մեր ու թուրքերուն ոգեղինութեամբ, քաղաքակիրթ-անքաղաքակիրթի բոլոր ցաւերը պարփակող ճամբան է միակ:

Տինք…

Վարուժանի, Սիամանթոյի լեզուով աղաւնիդ շատ պիտի ըսէր՝ հայերը հին են, պէտք է ներեն, թուրքերը շատ են, պէտք է ներողութիւն խնդրեն, իսկ հիմա, այսօր, մահուանդ 16-րդ տարելիցին օրը նորէն կը տեսնենք, որ անջրպետներուն, ինքնին երկուութեան, ինքնին ինքնութեան, մարդկայնութեան մէջ եղած, ստեղծուած, վերստեղծող եւ տեսիլքներ ու պայծառութիւն բացող հոգիդ հո՛ս է, մեր մէջ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023