ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԱՆԹԱԼԻԱ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ տեղեկացուց, որ այս տարի դարձեալ պիտի մասնակցի Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս կազմակերպուած կառավարութիւն-խորհրդարան հարցում-պատասխանի ժամանակ երեսփոխանի մը հարցումին պատասխանելով ըսաւ. «Ինչպէս անցեալ տարի, այս անգամ եւս Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութենէն հրաւէր ստացած եմ մասնակցելու համար Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։ Ըստ ամենայնի, պիտի մասնակցիմ այդ ֆորումին, ուր ենթադրաբար նաեւ հանդիպում կ՚ըլլայ եւ քննարկում։ Կը կարծեմ՝ սա շատ կարեւոր է նաեւ երկխօսութիւնը շարունակելու, զարգացնելու եւ աւելի յստակ առարկայական արդիւնքներ ապահովելու համար»։

Ինչպէս ծանօթ է, Արարատ Միրզոյեան անցեալ տարի մարտին մասնակցած էր Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս հանդիպում մըն ալ ունեցած էր Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։

Խորհրդարանի ամպիոնէն Արարատ Միրզոյեան երէկ մեկնաբանեց նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին ընթացքը։ Իր խօսքով՝ հայկական կողմը դրական կը գնահատէ թրքական կողմի՝ օդային բեռնափոխադրումներու սահմանափակումներու վերացման որոշումը։ Նախարարը տեղեկացուց, որ այսօրուան դրութեամբ կան բազմաթիւ այլ հարցեր, որոնց շուրջ բանակցութիւններ կ՚ընթանան։ «Կը յուսանք, թէ յառաջիկային միւս պայմանաւորուածութիւնները կամ նիւթերը իրականութիւն պիտի դառնան», ըսաւ ան՝ անդրադառնալով նաեւ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումներուն։ «Բաւական երկար ժամանակէ ի վեր մեր ներկայացուցիչներուն միջեւ որեւէ հանդիպում տեղի չէ ունեցած։ Այնուամենայնիւ, քննարկումներն ու հանդիպումները տեղի կ՚ունենան փորձագիտական մակարդակով։ Սա դրական քայլ մըն է։ Կ՚ակնկալենք այս նիւթերու իրագործումը», եզրափակեց Արարատ Միրզոյեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023