ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ԼԱՒԱՏԵՍ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

Արցախի պաշարումը կը շարունակուի աւելի քան ամիսէ մը ի վեր՝ մարդասիրական բոլոր ծանր հետեւանքներով։ Առկայ հրատապ մթնոլորտին մէջ երէկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։ Ռուս նախարարը այս կապակցութեամբ յարաբերաբար աւելի լաւատես մօտեցումներ արտայայտեց։ Իր խօսքով՝ Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ իրավիճակը մօտաւոր ապագային պիտի կարգաւորուի։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերկէյ Լաւրով երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ժամանակ յայտնեց վերջին օրերուն Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին մասին։ Ան յիշեցուց, որ Լաչինի միջանցքը 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի համաձայնութիւնով պէտք է ազատ ըլլայ բեռներու, քաղաքացիներու եւ փոխադրամիջոցներու անցքին համար։ «Լաչինի միջանցքը պէտք է երկկողմանի բաց ըլլայ մարդոց, բեռներու համար։ Առանձին որոշուած էր, որ ռազմական բեռներ այդ միջանցքով պէտք չէ անցնին։ Ատրպէյճան տուեալներ տրամադրած է այն մասին, թէ հայկական կողմը ականներ տեղափոխած է եւ ականապատած՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանակից շրջանները եւ այլն։ Մեր զինուորականները կ՚ուսումնասիրեն այս բոլորը։ Այնտեղ բազմաթիւ փոխադարձ մեղադրանքներ կան», ըսաւ Լաւրով։ Բաց աստի, ան ընդգծեց, որ Մոսկուա կ՚առաջարկէ պարզ բան մը։ Ռուսաստանի խաղաղապահները բոլոր հնարաւորութիւնները ունին ստուգելու այդ միջանցքով անցնող բոլոր բեռները՝ արգիլուած ապրանքներու տեղափոխումը կանխելու համար։ «Տարացիօրէն երէկ կամ նախորդ օրը հանդիպած են Ռուսաստանի խաղաղապահները, ատրպէյճանցիները եւ Ղարաբաղի ներկայացուցիչները։ Կը կարծեմ՝ հարցը մօտակայ ժամանակներուն կը լուծուի», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով։

Միւս կողմէ, Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ երէկ ալ շարունակուեցան այս կապակցութեամբ հնչեցուած ահազանգները։ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը նոր խոչընդոտ մըն է խաղաղութեան գործընթացին տեսակէտէ։ Խորհրդարանի ամպիոնէն ան չբացառեց, որ Պաքուի ձգտածը այս իսկ բանն է։ Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ խորհրդարանի ամպիոնէն յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքի հարցով միջազգային հանրութեան յստակ դիրքորոշումը իր արդիւնքը կու տայ։ Ըստ իրեն, իրականութեան մէջ Ատրպէյճանն է, որ դադրեցուցած է բուն խաղաղութեան պայմանագրի բնագրին վերաբերեալ քննարկումները։ Միրզոյեան աւելցուց, որ Հայաստան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս պիտի շարունակէ իր աշխատանքները՝ Լաչինի միջանցքի վերաբացումը ապահովելու նպատակով։

Մինչ այդ, Եւրոխորհրդարանը երէկ քննարկեց Արցախի շրջափակման հարցը։ Քննարկումներու արդիւնքին Եւրոխորհրդարանը դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակուիլը եւ պահանջեց անյապաղ վերականգնել տեղաշարժի ազատութիւնը։

Այս բոլոր արձագանգներու մթնոլորտին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ճգնաժամը կը շարունակուի։ Ստեփանակերտի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ։ Արդէն մօտաւորապէս 40 օրէ ի վեր շարունակուող մարդասիրական աղէտի հետեւանքները յաղթահարելու ուղղեալ որոնումներ կատարուեցան ժողովականներուն կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ Արցախի դպրոցներուն եւ ուսումնարաններուն մէջ դասաւանդութիւնները ժամանակաւորապէս դադրեցուած են։ Լեռնային Ղարաբաղի զանազան արտադրական կառոյցներու աշխատանքներն ալ կասեցուած են ակամայ։ Այս ամբողջին մէջ դրական միակ հանգամանքը այն է, որ Կարմիր խաչի ջանքերով Արցախէն Հայաստան պարբերաբար կը փոխադրուին հիւանդներ։ Երէկ ալ եւս երեք հիւանդ Արցախէն Հայաստան փոխադրուած է՝ բուժման համար։

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023