ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ՄԱՀԱՑԱՒ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ ցա­ւա­լի դէպ­քե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ե­րէկ, ժա­մը 13.00-ի սահ­ման­նե­րուն, Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յուած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն մօտ, պահ­պա­նու­թեան տե­ղա­մա­սի մէջ հրա­ցա­նով սպան­նուե­ցաւ զի­նուոր մը՝ Դա­ւիթ Տէր­տէ­րեան (1999)։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, տա­կա­ւին ստու­գուած չէ, թէ այս դէպ­քը ի՛նչ հան­գա­մանք­նե­րու մէջ պա­տա­հած է։

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը Դա­ւիթ Տէր­տէ­րեա­նի մա­հուան կա­պակ­ցու­թեամբ հրա­պա­րա­կեց ցա­ւակ­ցա­կան մը։ Այս առ­թիւ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը վշտակ­ցե­ցաւ Դա­ւիթ Տէր­տէ­րեա­նի ըն­տա­նի­քին, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ծա­ռա­յա­կից­նե­րուն, ո­րոնց նկատ­մամբ յայտ­նեց իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2016