ՊԱՔՈՒ ՊԻՏԻ ՄԻԱՆԱ՞Յ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Պաքու, ուր շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի կողմէ։ Ծանօթ է, որ Չավուշօղլու նախընթաց օր այցելած էր Թիֆլիզ։ Իսկ երէկ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ պիտի գտնուէր Պաքուի մէջ՝ Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական խորհուրդի ժողովին առթիւ։ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումին հետեւանքով Էրտողան վերջին պահուն յետաձգած էր իր այցելութիւնը եւ այս պայմաններուն ներքեւ Չավուշօղլու երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Հարկ է նշել, որ Չավուշօղլու այսօր վերադարձած է Թիֆլիզ՝ մասնակցելու համար Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպման։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլուի Պաքուի մէջ վարած բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը եւ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան աշխատանքներուն ընթացքը։ Ան ըսաւ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին շուրջ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը շարունակեն որդեգրել միեւնոյն մօտեցումը։ Միջազգային հարթակներու վրայ Անգարա կը գործէ Պաքուի հետ համատեղ։ Իր կարգին, Էլմար Մամէտեարով յոյս յայտնեց, թէ Պաքու-Կարս երկաթուղին շահագործման պիտի յանձնուի մինչեւ այս տարեվերջ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս շինարարութեան ընթացքը շօշափած է օր մը առաջ Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու ընթացքին եւս։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Չավուշօղլուի Պաքուի շփումներուն ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի հաւանական մասնակցութեան պարագան՝ Սուրիոյ միջազգային համախոհութեան։ Այս կապակցութեամբ տակաւին վերջնական որոշում մը չէ ընդունուած։ APA գործակալութեան հաղորդումներով, Էլմար Մամէտեարով ըսաւ. «Մենք առաջարկութիւն ստացած ենք միանալու համախոհութեան։ Տակաւին որոշում մը չէ ընդունուած։ Կը քննարկուի, թէ ի՛նչ ձեւով Ատրպէյճան պիտի կարենայ մասնակցիլ համախոհութեան Սուրիոյ մէջ»։ Ազէրի նախարարը աւելցուց, թէ Չավուշօղլուի հետ քննարկած են տարածքաշրջանային եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ ընդհանրապէս այն ռազմավարական յարաբերութիւնները, որոնք մշակուած են երկու երկիրներուն միջեւ։
Ակնյայտ է, որ Սուրիոյ ճգնաժամին եւ անով պայմանաւորուած Թուրքիա-Ռուսաստան լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ Պաքու սուր երկընտրանքներու դէմ յանդիման մնալու ռիսքեր կ՚ունենայ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ։ Այստեղ կայ նաեւ ուրիշ նրբութիւն մը։ Արդարեւ, Սուրիոյ համար ստեղծուած միջազգային համախոհութեան միանալու պատրաստակամութեան մէջ են Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի նման երկիրներ, որոնց բոլորն ալ կը պատկանին սիւննի դաւանանքի։ Իսկ Ատրպէյճան արդէն շիի դաւանանքով երկիրներու շարքին է եւ իր գործողութիւնները այդ առումով կրնան զգայնութիւններ յառաջացնել նաեւ Իրանի մօտ. երկիր մը, որու հետ իր յարաբերութիւնները առանց այդ ալ հարիւր տոկոսով ներդաշնակ չեն։