ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐ
Գրականութիւնը, գիրքը մեր մտերիմն է, սրտակից ընկերը, հարազատն ու բարեկամը։ Ան նորանոր հորիզոններ կը բանայ մեր առջեւ, հնարաւորութիւն կու տայ ճանչնալ աշխարհը, մարդկայի բարդ ու խճճուած յարաբերութիւնները, կը սորվեցնէ սիրել, երազել, պայքարիլ։ Գիրքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնն ու սէրը մեծցնելու համար մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը՝ Փետրուարի 19-ի այս օրը, Հայաստանի մէջ կը նշուի որպէս Գիրք նուիրելու օր։
Տօնը Հայաստանի մէջ արմատաւորուած է Գրողներու միութեան հանգուցեալ նախագահ Լեւոն Անանեանի նախաձեռնութեամբ 2008 թուականին։
«Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրուցեց Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։ Ան ըսաւ. «Դեռ յստակ չեմ որոշած, թէ ինչ գիրքեր պէտք է նուիրեմ, սակայն այդ օրը, կ՚երթամ «Խնկօ Ապոր» ազգային մանկական գրադարան, կը մասնակցիմ աւանդական դարձած Մանկապատանեկան գիրքի երեւանեան 14-րդ տօնավաճառին։ Մանկական կամ պատանեկան որեւէ ստեղծագործութիւն կ՚ընտրեմ եւ այդ օրը երեխաներու համար հէքեաթ կը կարդամ»։
Անոր խօսքով՝ այս տօնը շատ կարեւոր է հասարակութեան ուշադրութիւնը անգամ մը եւս դէպի գիրքը, գրահրատարակչութիւնը եւ առհասարակ գրողները գրաւելու համար։ «Կը կարծեմ՝ այդ նպատակով քիչ մը աւելին պէտք է ընել, քան Գիրքի տօնը եւ իրարու գիրք նուիրելը։ Կարելի է մտածել աւելի լայնածաւալ միջոցառումներ իրականացնելու մասին», եզրափակեց նախարարը։
Առիթով մը Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ, բանաստեղծ Եդուարդ Միլիտոնեան ընդգծած է, որ պատահական չէ Գիրք նուիրելու օրը Թումանեանի ծննդեան օրուան հետ կապելը։ «Անդրկովկասի մէջ չկար գրողներու միութիւն, սակայն Թումանեան ստեղծած էր «Վերնատուն»ը, որ ինքնին գրողներու միութիւն էր», նշած է ան։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը, Հայաստանի կառավարութեան որոշման համաձայն, ամէն տարի Գիրք նուիրելու օրը պետական պատուէրով եւ աջակցութեամբ հրատարակուած եւ չվաճառուած գիրքերը կը բաշխեն մարզային եւ համայնքային, նաեւ Արցախի եւ Ջաւախքի գրադարաններու միջեւ։