ԿԱՄՔԻ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Միւնիխի Անվտանգութեան միջազգային համաժողովին։ Տարեկան այս հաւաքը միշտ միջազգային բեմահարթակի վրայ կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան։ Այս տարի 54-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ սոյն համաժողովը, որու ընթացքին Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու առաջնորդներու եւ միջազգային յառաջատար կազմակերպութիւններու վարիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ համաժողովը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Սերժ Սարգսեան Միւնիխի մէջ կրկնեց Թուրքիոյ վերաբերեալ յայտնի մօտեցումները, որոնք միջազգային բոլոր հարթութիւններուն վրայ իր կողմէ կ՚ընդգծուին վերջին շրջանին։ Ինչպէս ծանօթ է, Երեւան կը պատրաստուի մինչեւ գարուն առ ոչինչ հռչակել Անգարայի հետ ստորագրուած արձանագրութիւններէն։ Այս մթնոլորտին մէջ Սերժ Սարգսեան Միւնիխի մէջ ընդգծեց թրքական կողմի կամքի բացակայութիւնը եւ ըսաւ. «Մենք չենք կրնար առ յաւէտ սպասել Թուրքիոյ պատասխան քայլերուն»։

Միւնիխի համաժողովի ընթացքին Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Պաղ պատերազմի տարիներուն Հայաստան երկու հակադիր բեւեռներէ մէկուն սահմանին էր։ Պերլինի պատի անկումէն շուրջ երեսուն տարի անց Թուրքիա կը շարունակէ փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը։ Ժամանակը այստեղ կարծես կանգ առած է։ Կրնամ վստահութեամբ ըսել, թէ Հայաստան ամէն ինչ ըրած է այս իրավիճակը յաղթահարելու համար։ Իմ նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կանոնակերգելու գործընթացը կրնար նոր հնարաւորութիւններ ստեղծել ինչպէս մեր երկիրներու, այնպէս ալ ամբողջ տարածքաշրջանին համար։ Այնուամենայնիւ, 2009 թուականին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած արձանագրութիւնները այդպէս ալ մնացին թուղթի վրայ։ Թուրքիա ոչ միայն չվաւերացուց անոնք, այլեւ առաջադրեց արձանագրութիւններու հետ որեւէ կապ չունեցող նախապայմաններ։ Սա ոչ այլ ինչ էր, քան պատմական հնարաւորութեան տապալում։

«Արդեօք Ատրպէյճա՞նը կը խոչընդոտէ Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցին մէջ, ինչպէս շատեր կը փորձեն մեզի համոզել։ Ոչ, հիմնական խոչընդոտը Թուրքիոյ առաջնորդներու քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է»։

Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ արձանագրութիւնները բանակցուած էին՝ ելլելով եղած պայմաններէն։ «Նոր պայմաններու մէջ պէտք է բանակցուի նոր փաստաթուղթ։ Հայաստան նախապայմաններու լեզուով չի խօսիր, բայց նաեւ չ՚ընդունիր ոեւէ մէկու կողմէ նախապայմաններու առաջադրումը», նշեց ան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2018