ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ԱՊԱՀՈՎԵԼ ՌՈՒՍԱԿԱՆ 12 ԿՈՐԾԱՆԻՉ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան յայտարարեց, որ հայկական կողմը մտադիր է մինչեւ ներկայ տարուան վերջը կամ յաջորդ տարուան սկիզբը ապահովել չորս հատ «Սու-30 ՍՄ» ռուսական ռազմաօդանաւ։ Ընդհանուր առմամբ Երեւան կը ձգտի ունենալ այդպիսի 12 ռուսական կործանիչ։

Tert.am-ի հաղորդումներով, Դաւիթ Տօնոյեան Ապու Տապիի մէջ մասնակցեցաւ IDEX-2019 ռազմական արտադրութեան ցուցահանդէսին։ Այս առթիւ ան զրուցեց ria.ru կայքէջի թղթակցին հետ։ Դաւիթ Տօնոյեան յայտնեց, որ կը շարունակուին «Սու-30 ՍՄ» յաջորդ խմբաքանակի մատակարարման շուրջ բանակցութիւնները։ Ամէն ինչ կախուած է այն հանգամանքէն, թէ որքան արագ պատրաստ կ՚ըլլայ տուեալ արտադրանքը։ Կան նաեւ ներածման եւ այլ շարք մը հարցեր։ Մենք ծրագրած ենք առաջին խմբաքանակը այս տարի ստանալ, ծայրայեղ պարագային միւս տարուայ սկիզբին», ըսաւ Դաւիթ Տօնոյեան եւ աւելցուց, որ խօսքը ընդամէնը 12 ռազմաօդանաւի մասին է։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ռուսաստանի կողմէ նախապէս յատկացուած 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ վարկի ծիրէն ներս զէնք ձեռքբերելու գործընթացը կը գտնուի իրականացման փուլի մէջ։

Միւս կողմէ, Դաւիթ Տօնոյեան Ապու Տապիի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Յունաստանի Պաշտպանութեան նախարար Էվանկելոս Ափոստոլաքիսի հետ։ Հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ ռազմական գետնի վրայ երկկողմանի համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ։

ՊԱՔՈՒԻ ՔԱՅԼԵՐԸ

Մինչ այդ, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովն ալ մասնակցեցաւ Ապու Տապիի ցուցահանդէսին։ «Եւրոնիուզ»ի հաղորդումներով, Ատրպէյճան Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է նոր անօդաչու թռչող սարքեր ձեռք բերելու համար։ «Ճերուսալէմ Փոստ» թերթը գրած է, որ այս գործարքը կ՚արժէ 13 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Ատրպէյճան Իսրայէլէն պիտի ապահովէ «Orbiter 1 K»ներ, որոնք ծանօթ են որպէս՝ «ինքնասպանական տրոն»ներ։ Այս անօդաչուները կրնան մինչեւ երեք ժամ օդի մէջ մնալ ու կը նշմարուին միայն յարձակման անցնելէ 2 երկվայրկեան առաջ։

Ատրպէյճան միջոցէ մը ի վեր այս անօդաչուները ձեռք բերել չէր յաջողեր, որովհետեւ իսրայէլեան մամուլի մէջ լոյս տեսած էին լուրեր, ըստ որոնց անոնցմով Հայաստանի վրայ յարձակելու փորձ մը կատարուած էր։ Այդ լուրերուն հետեւանքով արտադրող ընկերութեան արտօնութիւնը կասեցուած էր։ Այժմ, այդ պատժամիջոցը վերջ գտած է եւ այսպէսով ճանապարհ բացուած՝ Ատրպէյճանի հետ գործարքի առջեւ։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019