ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՒ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ ԱՌԱՆՑ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆՔԻ

Սուրիոյ տագնապի ամբողջին մէջ Իտլիպի իրադարձութիւնները կը շարունակեն հրատապ մնալ։ Երէկ, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի պատուիրակութիւնները աւարտեցին իրենց Մոսկուայի բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին կեդրոնացան Իտլիպի իրադարձութիւններուն վրայ։ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի կողմէ գլխաւորուած թրքական պատուիրակութիւնը բանակցեցաւ՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Վերշինինի եւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, դիւանագէտներու առընթեր, բանակցութիւններուն մասնակցեցան նաեւ զինուորական իրաւասուներ եւ լրաքաղութեան պատասխանատուներ։ Բանակցութիւններու աւարտին որեւէ յայտարարութիւն չկատարուեցաւ։ Թրքական պատուիրակութիւնը բանակցութիւններու ընթացքին շեշտը դրած էր դաշտի վրայ լարուածութեան նուազեցման անհրաժեշտութեան եւ մարդասիրական կացութեան վատթարացման կասեցման վրայ։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ ներկայ փուլին Անգարայի առաջնահերթութիւնն է վերականգնել Սոչիի պայմանաւորուածութիւնով նախատեսուած վիճակը։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Անգարա եւ Մոսկուա վերահաստատած են իրենց հաւատարմութիւնը՝ Սուրիոյ վերաբերեալ համաձայնութիւններուն նկատմամբ։ Երկու կողմերն ալ համամիտ են մարդասիրական առկայ ծանր կացութիւնը թեթեւցնելու ուղղութեամբ։ Ռուսական կողմի յայտարարութեան մէջ վերյիշուեցաւ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումը ու շեշտուեցաւ Սուրիոյ տագնապի լուծման համար սուրիացիներու կողմէ յառաջ տարուող քաղաքական գործընթացի զարգացման կարեւորութիւնը։ Ըստ ռուսական կողմի յայտարարութեան, Անգարա եւ Մոսկուա վերահաստատած են մարդասիրական ծանր վիճակը թեթեւցնելու եւ լարուածութիւնը նուազեցնելու ուղղեալ համաձայնութիւններուն նկատմամբ հաւատարմութիւնը՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքար մղելու զուգահեռ։

Միւս կողմէ, զանազան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ հաւանական կը նկատուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հանդիպում մը՝ Իտլիպի վերջին իրադարձութիւններու բերումով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020