ՃԱԿԱՏԱԳՐԱՅԻՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Երէկուան օրը մեր համայնքին տեսակէտէ ճակատագրային որոնումով մը բնորոշուեցաւ։ Այսպէս, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը, որով պաշտօնապէս մեկնարկեցաւ՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը նոր դրութիւնով մը ղեկավարելու ուղղեալ աշխատանքը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան գահակալութեան շրջանի անմիջապէս սկիզբին յանձնառու եղած է կեդրոնական սեղան մը ստեղծելու գործին։ Ան կը ձգտի Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ ստեղծել կեդրոնական սեղան մը, որ աշխատանքային խումբի մը ձեւաչափով պիտի գործէ՝ առայժմ չունենալով պաշտօնական հանգամանք։

Գումգաբուի երէկուան համայնքային խորհրդակցութեան նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի անդամները։ Խորհրդակցութեան մասնակցեցան մեր գրեթէ բոլոր հաստատութիւններու ատենապետները կամ լիազօր ներկայացուցիչները։ Համայնքային մամլոյ սպասաւորներն ալ դիտորդի կարգավիճակով քննարկումներուն հետեւելու հնարաւորութիւն ունեցան։ Ժողովի սկիզբին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ մանրամասն ներածական խօսքով մը։ Ան շեշտը դրաւ համայնքային կեանքը իտէալներով կառավարելու սկզբունքին վրայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ մեր համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհական ղեկավարութիւններու համախմբումով ստեղծուած երէկուան հարթակը գործնականօրէն թրքահայութեան հնարաւոր ամենաբարձր ժողովը կը հանդիսանայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ նոյն ձեւաչափին մէջ պատրիարքական ընտրութենէն առաջ կազմուած էր նախաձեռնարկ մարմինը։ Ուստի, նոյն մակարդակին վրայ ներկայիս յառաջ կը տարուի մեր համայնքին համար կեդրոնական լիազօրութիւններով մարմնի մը հիմքերը դնելու աշխատանքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ հիմնական մօտեցումը զօրակցութեան, հակակշռման եւ իրերօգնութեան առաջնահերթութիւններով պիտի բիւրեղանայ եւ այս առանցքներուն շուրջ կեդրոնաձիգ համակարգ մը պիտի  ստեղծուի՝ նախապայմաններ առաջ քշելու փոխարէն առաջարկներ յղանալու ոգիով։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ այսօր մեր համայնքին համար անհրաժեշտ է համապարփակ մօտեցումով կառավարման դրութիւն մը գտնելը։ Տեղական մտածելակերպը պէտք է փոխարինուի ընդհանրականով։ Հաշուարկները պէտք է կատարուին՝ համայնքի ամբողջութիւնը նկատի ունենալով։ Նորին Ամենապատուութիւնը համոզուած է, թէ 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութեամբ նախատեսուած համակարգին նմանը այսօրուան պայմաններով հնարաւոր չէ ստեղծել, սակայն մեր համայնքը պարտաւոր է գործնական լուծումներ գտնելու իր հրատապ հարցերուն համար։ Այսօր թրքահայութեան օրակարգին վրայ առաջնահերթ կը համարուին վարժարաններն ու համայնքապատկան կալուածները։ Թէ ի՞նչ կրնանք ընել մեր հաստատութիւններու միջոցները համայնքին ի նպաստ օգտագործելու համար։ Այս հարցման պատասխանին շուրջ մանրամասն խորհրդածութիւններ ըրաւ Նորին Ամենապատուութիւնը ու շեշտեց, որ պատմութիւնը այս տեսակէտէ ներկայ շրջանի վարչայինները կը կոչէ պատասխանատուութեան մը։ Նոյն տրամաբանութեամբ ան երէկուան ժողովին պատմական իմաստ մը վերագրեց։ Արդարեւ, եթէ երէկ սկիզբ առած աշխատանքը յաջող շարունակութիւն ունենայ, ապա մեր համայնքը պիտի երաշխաւորէ իր ապագան, այլապէս՝ ան պիտի յայտնուի գոյատեւման վտանգի առջեւ։

Առկայ բոլոր խնդիրներու լուծման տեսակէտէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անհրաժեշտ կը նկատէ հասարակաց կամքի մը ձեւաւորումը։ Ուստի, գնահատելի ըլլալով հանդերձ, այժմու վիճակին մէջ անկարելի է գոհանալ մեր համայնքային վարիչներուն կողմէ տարուած աշխատանքով, որոնք լոկ տեղական կարիքներու դիմագրաւման ուղղուած են։ Մինչդեռ, այսօր այդ աշխատանքներուն բնոյթը պէտք է փոխուի եւ աւելի ընդհանրական մօտեցումներ պէտք է իւրացուին։ «Պաշտօնական մարմին մը պիտի չկազմենք, ժողովուրդն ալ պիտի չըլլայ, սակայն, յամենայնդէպս, մենք հասարակաց կամք մը պիտի ձեւաւորենք», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ Պատրիարքարանը կեդրոն ունենալով՝ հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարութիւններու ամբողջութիւն մը պէտք է ստեղծուի համայնքէն ներս։

Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ թրքահայ կեանքէն ներս այլեւս պէտք է վերջ տրուի անմիաբանութեան վատ առասպելին։ Իրականութեան մէջ, եթէ վերյիշենք վերջին տասնամեակներուն յաղթահարուած փորձութիւնները, թրքահայութիւնը անմիաբան չէ եղած։ Բայց եւ այնպէս, այսօր պէտք է նոր վիճակ մը, նոր համակարգ մը ստեղծել՝ հրաժարելով ինքնագլուխ գործելաոճէ։  Համայնքի վարիչները պէտք է միասնաբար մտածեն, միասնաբար ծրագրաւորեն, միասնական տեսլական մը եւ միասնական պիւտճէ մը պէտք է ունենան։ «Շուրջ վաթսուն տարիէ ի վեր մենք կորսնցուցած ենք մեր այս ընդունակութիւնը։ Միասին, համատեղ գործ մը չենք կրցած ընել։ Մենք չենք կրնար խուսափիլ թափանցիկ ըլլալու հրամայականէն եւ այլեւս չունինք առանց հակակշռուելու գործելու ճոխութիւնը», շեշտեց Նորին Ամենապատուութիւնը։ Բաց աստի, ան յիշեցուց, որ քաղաքական անբարենպաստ պայմաններու հետեւանքով անցեալի մէջ մեր պատրիարքները չեն յաջողած նման մթնոլորտ մը ստեղծել, մինչդեռ այսօր պայմանները բոլորովին փոխուած են։ «Հանրապետական շրջանին մէջ առաջին անգամ այսպիսի կառավարութիւն մը ունինք։ Պաշտօնական մարմինները մեզմէ կը պահանջեն համապատասխան առաջարկներ յղանալ։ Ուստի, այս հնարաւորութիւնը պէտք է արժեւորենք ու պէտք է արագ գործենք, որովհետեւ քաղաքականութեան մէջ յանկարծ փոփոխութիւններ կրնան ըլլալ», շարունակեց Նորին Ամենապատուութիւնը։

Խորհրդակցութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կարեւորեց նաեւ մեր ժողովուրդին առջեւ նոր ղեկավարութեան յոյս մը դնելը։ Ուստի, կեդրոնական սեղանի մը հիմքերը պիտի դրուին եւ աւելի վերջ պիտի ձեւաւորուին արդի պայմաններու համապատասխան հնարաւոր բուրգ մը։ Առաջին հերթին նախատեսուած համակարգի սիրտը պիտի ձեւաւորուի եւ յաջորդող քայլերուն աստիճանաբար, սիստեմաթիկ ձեւով պիտի կազմուի մարմին մը։ Ուրեմն, կեդրոնական սեղանը պիտի ըլլայ այդ համակարգին սիրտը։

Խորհրդակցութեան տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մեկնաբանեց նաեւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) մօտաւոր անցեալի փորձառութիւնը։ Իր խօսքով, մեծ հաշուով VADİP ձախողեցաւ, որովհետեւ այնտեղ հոգեւոր իշխանութիւնը ներկայացուած չէր։ VADİP-ի շաղախը չգոյացաւ, որովհետեւ տարրերէն մին պակաս էր, այդ մէկը ստեղծուած էր Պատրիարքարանէն դուրս եւ Պատրիարքարանը պարտաւորուած էր հանդուրժելու, որովհետեւ կը դիմագրաւէր առանց գահակալի անցումային շրջան մը։

Գործադիր մարմնի մը բնոյթը պիտի ունենայ այս կեդրոնական սեղանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խորհրդածութիւններուն ի շարունակութիւն՝ Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ շեշտեց, որ համայնքի աշխարհական վարիչները վերջին շրջանին կորսնցուցած են իրարու նկատմամբ հաւատը։ Շիրինօղլու նշեց, որ Անգարայի հետ շփումներու ժամանակ կը զգան, թէ պաշտօնական մարմիններու մօտ կը խմորուի մեր համայնքի պարագային կեդրոնական վարչութեան մը ձեւաւորման գաղափարը։ Սա անցեալի ազգային-կեդրոնական վարչութեան նման լայն ծաւալ մը պիտի չունենայ, սակայն հնարաւոր պիտի ըլլայ գոնէ հակակշռել կալուածներու արժեւորումը եւ սխալ գործողները պիտի ենթարկուին հետեւանքներուն։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ նշեց, որ համայնքն ալ պէտք է խրախուսէ պետութեան կողմէ՝ կեդրոնական վարչութեան մը ձեւաւորման համար ձեռնարկուած աշխատանքը։ «Մենք ալ պէտք չէ սպասենք ձեռնունայն։ Թէկուզ անոնք ալ մեզմէ ակնկալութիւններ կ՚ունենան», շեշտեց ան։

Թեր ու դէմ կարծիքներու փոխանակումէ վերջ ժողովականները հաւանութիւն տուին Նորին Ամենապատուութեան նախատեսած ձեւաչափով կեդրոնական սեղանի մը ստեղծման։ Այդ սեղանին շուրջ պիտի գտնուի քսան հոգի՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը, վարժարան հովանաւորող հաստատութիւններու ատենապետները պիտի ըլլան մշտական անդամներ։ Բաց աստի, վարժարան չունեցող երեք հաստատութիւններու ատենապետները հերթով մաս պիտի կազմեն աշխատանքին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր փափաքով՝ առաջին փուլին այդ երեք հաստատութեան հերթը պիտի վիճակի՝ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետին, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետին եւ Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետին։ Կեդրոնական սեղանի շուրջ Պատրիարքարանը պիտի ներկայացնեն՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Յառաջիկային Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժողովի պիտի հրաւիրէ այս կազմը։ Երէկ անդրանիկ նիստի համար որեւէ ժամկէտ չնշուեցաւ։ 

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ երէկուան ժողովի ընթացքին լաւ լուր մը տուաւ համայնքային վարիչներուն։ Ան տեղեկացուց երէկ իր աւարտին հասած դատավարութեան մը արդիւնքին վերաբերեալ տուեալներու մասին։ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը միջոցէ մը ի վեր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հետ ունէր դատ մը։ Երէկ արձակուած վճռի հիման վրայ՝ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը շուրջ 5 միլիոն 250 հազար լիրա հատուցում ստանալու իրաւունք շահած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն։

Իսքէնտէր Շահինկէօզ ժողովականներուն տեղեկացուց, որ ընթացակարգը տակաւին կ՚ենթադրէ կարգ մը փուլեր եւ այդ բոլորի աւարտին Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը վերոյիշեալ հատուցման գումարը պիտի ստանայ՝ ընթացքին կուտակուելիք տոկոսներով հանդերձ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020