Ս. Փ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԻՍ 4 ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՏԱՆԻ ԻՍԹԻՔԼԱԼ ՊՈՂՈՏԱՅԻ ՎՐԱՅ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան համայնքային խորհրդակցութեան ընթացքին հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւնով մը։ Ան ուշագրաւ բացատրութիւններ տուաւ Ազգային հիւանդանոցի ելմտական այժմու վիճակին շուրջ։ Ատենապետ Շիրինօղլու ընդգծեց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը ներկայիս ունի 95 միլիոն լիրայի սահմաններուն հասնող ստացուածք մը։ Այս միջոցները գոյացած են շնորհիւ մեծ ջանքերու եւ յամառ աշխատանքի։

Թէեւ ելմտական տեսակէտէ Ազգային հիւանդանոցի կացութիւնը կայուն է, սակայն Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ տրուած բացատրութիւններով, այս խնայողութիւնները մօտաւոր ապագային ի գործ կրնան դրուիլ հաստատութեան տեսակէտէ կենսական շարք մը ծրագրերու համար։ Անոնցմէ մին մասնագիտական ծրագրի մը կը վերաբերի, իսկ միւսը՝ վարչակալուածային։ Ըստ Պետրոս Շիրինօղլուի ներկայացուցած բացատրութիւններուն, Ազգային հիւանդանոցը ունի բաւական յաւակնոտ ռատիոլոժիի բաժանմունք մը, որ կը գործէ բարձր արդիւնաւէտութեամբ։ Այս բաժանմունքը կատարեալ մակարդակի վրայ կը գործէ, որովհետեւ այնտեղ բարձր փորձագիտութիւններով բժշկական սարքաւորումներ զետեղուած են։ Ախտորոշման այս կեդրոնը այժմու նախանձելի մակարդակին վրայ պահելու համար պարբերաբար կը կատարուին փորձագիտական ներդրումներ։ Շիրինօղլու տեղեկացուց, որ մօտաւոր ապագային ռատիոլոժիի բաժանմունքի սարքաւորումներու վերանորոգութեան անհրաժեշտութիւնը անխուսափելիօրէն օրակարգի վրայ պիտի գայ։ Սա կ՚ենթադրէ մօտաւորապէս 60 միլիոն լիրա արժողութեամբ ներդրում մը, ինչ որ կը համապատասխանէ հիւանդանոցի այժմու խնայողութիւններու մօտաւորապէս երկու երրորդին։

Բաց աստի, հոգաբարձութիւնը միշտ հետամուտ կը մնայ հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու իրաւական պայքարին։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի աստղաբաշխային գումարներ արժող տարածքի մը։ Այդպիսի տարածքներու վերաբերեալ դատավարութիւններու պարագային՝ դատական իշխանութիւններուն վճարուելիք տուրքերն ալ կ՚արժեն հսկայական գումարներ։ Ուստի, բանջարանոցի տարածքի զանազան հատուածներու դատավարութիւններուն համար վճարուելիք տուրքերը կրնան արժել շուրջ 30 միլիոն թրքական լիրա։ Այս գումարն ալ կը համապատասխանէ հիւանդանոցի այժմու խնայած գումարի շուրջ մէկ երրորդին։

Այս բոլորի լոյսին տակ Շիրինօղլու ընդգծեց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը թէեւ կը գործէ արդիւնաւորութեամբ, հոգաբարձութիւնը մեծ ջանքեր կը գործադրէ, սակայն միւս կողմէ հաստատութեան խնայած միջոցներու յատկացուելիք ծրագրերն ալ աստիճանաբար կը յստականան։

Երէկուան հաւաքոյթին ժամանակ Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկացուց նաեւ, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ներկայիս չորս շինարարութիւն յառաջ կը տանի Պէյօղլուի մէջ, Իսթիքլալ պողոտային վրայ։ Բաց աստի, հիւանդանոցի բուն համալիրէն ներս վերջերս վերակառուցուած է վեց շէնք։ Այդ շինարարական աշխատանքներն ալ անհրաժեշտ դարձած են, որովհետեւ այդ շէնքերու երկրաշարժի դէմ տոկունութիւնը բաւական մեծ կասկածի տակ է։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020