ՕՍՄԱՆ ՔԱՒԱԼԱ ԿԵԶԻԻ ԴԱՏԷՆ ԱՆՊԱՐՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ, ՍԱԿԱՅՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ ԱՌՆՈՒԵՑԱՒ
«Կեզի» զբօսայգիի դէպքերու դատավարութեան 7-րդ փուլը երէկ տեղի ունեցաւ Սիլիվրիի մէջ։ Դատակազմը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ մեղադրեալներու պարագային գոյութիւն չունի իրաւունքի համապատասխան շօշափելի ու վերջնական ապացոյց մը։ Ուստի, դատակազմը անպարտ համարեց բոլոր մեղադրեալները ու որոշեց անոնց ազատ արձակուիլը։ Այս վճիռը, բնականաբար, մեծ ուրախութիւն պատճառեց անոնց մերձաւորներուն։ Այս դատավճիռը ի զօրու էր նաեւ յայտնի գործարար Օսման Քաւալայի պարագային, որ 28 ամիսէ ի վեր ձերբակալւած էր։ Մինչ կ՚ակնկալուէր Օսման Քաւալայի եւս ազատ արձակուիլը, վրայ հասաւ Իսթանպուլի Աւագ դատախազութեան նախաձեռնութիւնը։ Այսպէս, դատախազութիւնը 15 յուլիսի պետական հարուածի փորձին վերաբերեալ հարցաքննութեան ծիրին մէջ պահանջեց Քաւալայի հսկողութեան տակ առնուիլը։