ԱՅՍՕՐ՝ ԱՌՑԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ՄԸ

«Պողազիչի» գեղարուեստից խմբակի թատերախումբին կողմէ բեմադրուած «Զապէլ»ը այսօր երեկոյեան, ժամը 21.00-ին պիտի ներկայացուի առցանց։ «Մոտա սահնէսի»ի կողմէ ուղիղ եթերով պիտի սփռուի թատերախումբի ներկայացումը։ Հեռավար ներկայացումը պիտի ունենայ նաեւ անգլերէն թարգմանութեան ենթագիր եւ այսպէսով աշխարհի ամէն կողմէն գեղարուեստասէրներ հնարաւորութիւն պիտի ունենան հետեւելու անոր։

Ինչպէս յայտնի է անունէն, այս թատերախաղը ձօնուած է Զապէլ Եսայեանին, կը կեդրոնանայ անոր կեանքին ու գործունէութեան վրայ։ Ներկայացման մէջ Զապէլ Եսայեան յաչս թատերասէրներուն կը մարմնաւորէ զանազան կերպարներ. օրինակ՝ Օսմանեան կարեւոր մտաւորական, կանանց իրաւունքներու պաշտպան, Ստալինի բռնատիրութեան շրջանի հետապնդուելով առեղծուածային ձեւով մահացած հայ գործիչ։

Ցարդ բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած է այս թատերախաղը, որու բեմագիրներն են՝ Այսել Եըլտըրըմ եւ Տույկու Տալեանօղլու։ Այս հեղինակներուն առընթեր բեմադրութեան գործին մասնակցած է նաեւ Սեւիլայ Սարալ։ Դերակատարներն են՝ Այսել Եըլտըրըմ, Տույկու Տալեանօղլու, Էլիֆ Քարաման, Մարալ Չանքայա, Նիհալ Ալպայրաք եւ Զէյնեփ Օքան։ Ամերիկահայ յայտնի արուեստագէտ Արա Տինքճեանի «1915-2015/Truth&Hope» ալպոմէն զանազան ստեղծագործութիւններ ընդգրկուած են այս ներկայացման։ Երաժշտութեան վերադաշնաւորումներ կատարուած են Արի Հերկելի կողմէ։ Բեմադրութեան ժամանակ օգտագործուած լուսանկարները Տիլէք Շէնեիւրէքին կը պատկանին։ Թեքնիկ աշխատանքները յառաջ տարուած են Զիլան Քաքիի եւ Պերիլ Սարըալթունի կողմէ։

Սկիւտարէն սկսած եւ Սովետական Միութեան մէջ վերջ գտած Զապէլ Եսայեանի 60 տարուան «երկար» կեանքը այս առցանց ներկայացումով կը մատուցուի գեղարուեստասէրներուն, ինչ որ քորոնաժահրի համաճարակի սահմանափակումներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կարեւոր հնարաւորութիւն մըն է։

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2021