ՄԻՇՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ Թուրքիա եւ Ռուսաստան կը շարունակեն անմիջական կապի մէջ մնալ։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան վերաբերեալ նիւթերը մշտական քննարկման առարկայ կը դառնան։ Երէկ, հերթական անգամ կողմերու միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում հաստատուեցաւ։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ի շարունակութիւն, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Պեշթեփէի աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փութին զրուցեցին այն քայլերուն շուրջ, որոնք պիտի զարգացնեն երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Նախագահները կանգ առին նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրներու վրայ՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։ 11 յունուար 2011 թուականին Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած համատեղ յայտարարութեան լոյսին տակ՝ Էրտողան յայտնեց, որ ցամաքուղիներու եւ երկաթուղիներու փոխադրամիջոցները աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար թուրք եւ ռուս մասնագէտներ կրնան մէկտեղուիլ ատրպէյճանցի իրենց պաշտօնակիցներուն հետ։

Փութինի հետ զրուցելու ժամանակ Էրտողան մատնանշեց նաեւ Աղտամի մէջ հաստատուած՝ Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ կեդրոնի գործունէութիւնը։ Այսպէս, այդ կեդրոնը հրադադարի դիտարկումն ու հաւասարակշռումը յաջողութեամբ կ՚իրականացնէ։ Թրքական կողմը համոզուած է, որ հրադադարի պահպանման վերաբերեալ բոլոր նիւթերուն շուրջ հասարակաց ջանքեր պէտք է գործադրուին։

Նախագահ Էրտողան Սուրիոյ եւ Լիպիոյ իրադարձութիւններու շուրջ ալ խորհրդածութիւններ ըրած է իր ռուս պաշտօնակցին հետ զրուցելու ժամանակ։ Այսպէս, Սուրիոյ տագնապի փութով լուծումը կը բխի կողմերու հասարակաց շահերէն։ Իսկ Լիպիոյ պարագային, Էրտողանի խօսքով, խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար ստեղծուած հնարաւորութիւնը պէտք չէ մսխուի։

Քրեմլինի աղբիւրներն ալ Էրտողան-Փութին զրոյցին կապակցութեամբ հրապարակեցին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը։ Այսպէս, երկու նախագահները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային կատարուած երկու եռակողմանի յայտարարութեամբ ամրագրուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքին։ Նկատի առնուած է տարածքաշրջանի ընկերատնտեսական զարգացման հետամուտ՝ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ գործողութիւններու համակարգման անհրաժեշտութիւնը։ Նախագահները գոհունակութիւն յայտնած են ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի գործունէութեան մեկնարկին կապակցութեամբ։

Նախագահներու հեռախօսազրոյցէն վերջ, արտաքին գործոց նախարարներն ալ ծաւալած են նոյն օրակարգով քննարկումներ ու զարգացուցած միտքերը։

Մինչ այդ, Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այցելեց Անգարա։ Հիւր վարչապետը ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուատ Օքթայի կողմէ։

Բաց աստի, տարածքաշրջանի ներկայ բանուկ դիւանագիտական երթեւեկով հանդերձ, երէկ Պաքուի մէջ նախատեսուած՝ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպումը յետաձգուեցաւ։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ յետաձգման պատճառ դարձած է Վրաստանի մէջ կառավարութեան հրաժարումը։

Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ իրադրութեան վերաբերեալ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան տեղեկացուց, որ հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը կայուն է, հրադադարի խախտումներ չեն արձանագրուած։ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ իրավիճակը կը վերահսկուի։ Անոնք կը շարունակեն տարածքը մաքրել պայթուցիկ առարկաներէ եւ ապահովել փախստականներու Արցախ վերադարձի անվտանգութիւնը։

Անգարա-Մոսկուա առանցքի երէկուան ամենաբարձր մակարդակի շփումներով հանդերձ, ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներէն որոշ հակազդեցութիւն ալ բարձրաձայնուեցաւ թրքական կողմի հասցէին։ Այսպէս, Մարիա Զախարովա անդրադարձաւ Սեւ ծովէ ներս 9 փետրուարին տեղի ունեցած Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ զօրավարժութիւններուն։ «Բոլորի համար ակնյայտ է, որ այդ զօրավարժութիւնները հակառուսական ուղղուածութիւն ունին։ Անոնք տեղի կ՚ունենան մեր սահմաններու անմիջական հարեւանութեամբ եւ այսպէոսվ սպառնալիք կը հանդիսանան խաղաղութեան ու կայունութեան։ Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ ԱՄՆ-ի վեցերորդ նաւատորմը օր առաջ կը փափաքի թշնամի գտնել», յայտնեց Մարիա Զախարովա՝ առաջին հերթին ամերիկեան կողմը քննադատութեան թիրախ դարձնելով։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ վերջին օրերուն միշտ կը շարունակէ խօսիլ տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման խնդիրներուն, ինչ որ երէկուան Էրտողան-Փութին զրոյցին ժամանակ ալ օրակարգի վրայ եկած է։ Ըստ Ալիեւի, փոխադրական նախագիծերը կարեւոր դեր կը խաղան տարածքաշրջանի երկարաժամկէտ զարգացման համար՝ ապահովելով կայունութիւն եւ նուազագոյնի հասցնելով Արցախէ ներս նոր պատերազմի մը ծագելու վտանգը։ Տարածքաշրջանի բոլոր երկիրները կը շահին այս բանէն։ Համապատասխան նախագիծերու իրականացման միջոցաւ Ատրպէյճան կը կապուի Թուրքիոյ եւ Նախիջեւանի հետ։ Միեւնոյն ժամանակ Ռուսաստան կրնայ երկաթուղի բանալ դէպի Հայաստան։ Այս նախագիծերը, միեւնոյն ժամանակ, թոյլ կու տան, որպէսզի Ռուսաստան եւ Իրան երկաթուղային կապ ունենան Նախիջեւանի հետ։ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ալ երկաթուղային հաղորդակցութիւն կ՚ըլլայ։ «Հետեւաբար, կը շահին տարածքաշրջանի բոլոր երկիրները», նշեց Ալիեւ։ Բաց աստի, ան դիտել տուաւ, որ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի գործարկումը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ բեռնափոխադրումներ իրականացնելու Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ։

Պաքուի այս մօտեցումները վերջին շրջանին միշտ Երեւանի վերապահ արձագանգին պատճառ կը դառնան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան նախընթաց օր հերթական անգամ յայտարարեց, որ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ համաձայնութիւնները չեն ենթադրեր Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքով որեւէ միջանցքի ստեղծման վերաբերեալ դրոյթներ։

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2021