ԷԼՄԱՐ ՊՐՈՒՔԻ ԱՅՑԸ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կո­մի­տէի նա­խա­գահ Էլ­մար Պրու­քը։ Էր­տո­ղան Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի եր­դի­քին տակ տե­սակ­ցե­ցաւ Էլ­մար Պրու­քի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թեան հետ, որ վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ան­գա­րա­յի մէջ։ 

Էր­տո­ղա­նի մօտ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած զրոյ­ցէն օր մը ա­ռաջ եւ­րո­պա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը տե­սակ­ցե­ցան նաեւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ճե­միլ Չի­չէ­քի հետ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս զրոյ­ցի ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նաեւ հայ­կա­կան հար­ցը։ Չի­չէ­քի հա­մոզ­մամբ, իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի ի­րեն վի­ճա­կած պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մը։ Խորհր­դա­րան­նե­րը պէտք չէ ինք­զինք­նին դա­սեն պատ­ժա­կան ա­տեան։ «Այ­լա­պէս, ես ալ կրնամ ըն­դու­նիլ ո­րո­շում մը, թէ այ­սինչ եր­կի­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կա­տա­րած է։ Սա ճիշդ չ՚ըլ­լար», ը­սած է Ճեմիլ Չի­չէք։ 

Իր կար­գին, Պրուք յի­շե­ցու­ցած է, որ իր եր­կի­րը ըն­դու­նած է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը գոր­ծած ըլ-
լա­լը։ Ա­սոր փո­խա­րէն, Չի­չէք յա­ռաջ քշած է այն հա­մո­զու­մը, թէ Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին ան­կա­րե­լի է խօ­սիլ դա­տա­կան ո­րո­շու­մի մը շուրջ։ Ըստ ի­րեն, պէտք է տա­րան­ջա­տուին ցա­ւի ապ­րուած ըլ­լալն ու երկ­րի մը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծած ըլ­լա­լով մե­ղադ­րուի­լը։ 

Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Էլ­մար Պրուք դի­տել տուած է, որ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի մօտ այս նիւ­թը կ՚ըն­կա­լուի ոչ միայն իր քա­ղա­քա­կան բնոյ­թով, այլ նաեւ որ­պէս խղճի խնդիր մը։

 

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2015