Ս. ՊԱՊԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՄԱԿ-Ի ԿԵԴՐՈՆԸ
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը յառաջիկայ աշնան պիտի այցելէ ՄԱԿ-ի կեդրոնը։ Նիւ Եորքէն հասած լուրերուն համաձայն, ՄԱԿ-ի հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին մասնակցութիւն պիտի բերէ քահանայապետը, որու ելոյթը նախատեսուած է Սեպտեմբերի 25-ին՝ ընդհանուր ժողովին առջեւ։
Նկատի ունենալով, որ ՄԱԿ-ի մօտ այդ շրջանին օրակարգի վրայ պիտի գան տեւական զարգացման, կլիմայի փոփոխութեան եւ խաղաղ ապագայի մը կերտման վերաբերեալ խնդիրները եւ կը ծրագրուի կարեւոր որոշումներու ընդունուիլը՝ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի մասնակցութեան ալ կը վերագրուի առանձնայատուկ կարեւորութիւն։
Հարկ է նշել, որ ՄԱԿ-ի մօտ Վատիկանին վերապահուած է մշտական դէտի կարգավիճակ։