IFJ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

Լրագ­րող­նե­րու մի­ջազ­գա­յին դաշ­նակ­ցու­թեան (IFJ) նա­խա­գահ Ճիմ Պու­մե­լա այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան ե­րէկ այ­ցե­լեց Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րան։ «Պա­լեան» դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ Ճիմ Պու­մե­լա մէկ­տեղուե­ցաւ հա­մալ­սա­րա­նի լրագ­րու­թեան, մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ըն­կե­րա­յին ֆա­քիւլ­թէ­նե­րու ու­սա­նող­նե­րուն հետ։ 

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Պու­մե­լա խօ­սե­ցաւ ժա­մա­նա­կա­կից փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու լրագ­րու­թեան ար­հես­տին վրայ գոր­ծած դրա­կան կամ բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ 

Պու­մե­լա պա­տաս­խա­նեց նաեւ ու­սա­նող­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2015