ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ

Ռու­սա­կան ու­ժե­րուն Սու­րիա­յէն հե­ռա­նա­լու ո­րո­շու­մը անս­պա­սե­լի չէր: Միակ կա­րե­ւոր հար­ցու­մը, որ կ՚ու­րուագ­ծուէր, թէ ին­չու հե­ռա­ցու­մը կը կա­տա­րուէր այս հանգ­րուա­նին՝ տրուած ըլ­լա­լով, որ այդ ու­ժե­րուն Սու­րիոյ մէջ տե­ղե­կա­յուե­լու տուն տուող հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը ցարդ չէ վե­րա­ցած: Խօս­քը ան­շուշտ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման մա­սին է, որ այ­սօ­րուան դրու­թեամբ շատ ա­ւե­լի տկար դիր­քե­րու մէջ է, քան ռու­սա­կան օ­դու­ժին 2015 Սեպ­տեմ­բե­րին շղթա­յա­զեր­ծած օ­դա­նա­ւա­յին գրոհ­նե­րէն ա­ռաջ ե­ղած փու­լը: Լի­բա­նան­ցի տիւր­զի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Ո­ւա­լիտ Ժոմպ­լաթ, որ Մոս­կուա­յի կող­մէ հրա­պա­րա­կուած ո­րո­շու­մէն 48 ժամ անց Twitt մը ը­նե­լով կը փոր­ձէր ի­րա­վի­ճա­կը ներ­կա­յաց­նել՝ կը գրէր, թէ բա­ցո­րոշ է, որ Սու­րիոյ հա­մար բա­ժան­ման ծրա­գիր մը «կ­­՚ե­փուի» եւ այդ ծրա­գի­րը կը պատ­րաս­տուի Ո­ւա­շինկ­թը­նի եւ Մոս­կուա­յի միա­ցեալ ճի­գե­րով:

 Սու­րիան բաժ­նուած տէ­րու­թեան կամ դաշ­նա­յին բա­ժա­նում­նե­րու են­թար­կե­լու մար­տա­վա­րու­թիւ­նը վեր­ջին ա­միս­նե­րուն կը դառ­նար ե­րե­ւե­լի: Ճիշդ է նաեւ, որ այդ ծրա­գի­րը իր դէմ պի­տի հա­նէ շրջա­նին մէջ կա­րե­ւոր գոր­ծօն հան­դի­սա­ցող միւս կող­մե­րը: Պէտք է ըն­դու­նիլ, որ գե­րու­ժե­րու կամ­քը ի­րա­կա­նու­թիւն կրնայ դառ­նալ, հա­կա­ռակ Սու­րիոյ մէջ հա­կա­մար­տող մէ­կէ ա­ւե­լի կող­մե­րուն բա­ժան­ման ո­րե­ւէ ծրագ­րի դէմ ցոյց տա­լիք ընդ­դի­մու­թեան:

Գեր­տէ­րու­թիւն­նե­րը Սու­րիոյ հա­մար կա­րե­ւո­րա­գոյն գրա­ւը դրած են ա­նոր բնակ­չու­թեան հո­գե­բա­նու­թեան եւ ձե­ւով մը «միա­կա­մու­թեան» վրայ: Ճիշդ է, որ Սու­րիան բաղ­կաց­նող հա­մայն­քա­յին տար­րե­րուն (սիւն­նի, տիւր­զի եւ քիւրտ) միաս­նու­թեան կամ միա­սին ապ­րե­լու հիմ­նա­կան ար­գել­քը (ան­շուշտ ըստ ի­րենց) Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սատն է: Ու ո­րե­ւէ հա­մա­ձայ­նու­թեան պա­րա­գա­յին, նոյն այդ կող­մե­րը ի­րենց նե­ցուկ ե­ղող ար­տա­քին ու­ժե­րուն ցուց­մուն­քը ստա­նա­լէ ետք, պի­տի են­թար­կուին պատ­րաս­տուած նոր ծրագ­րին: Վաղ է ը­սել, որ ինչ տի­պի քար­տէս մը կրնայ ու­նե­նալ վա­ղուան Սու­րիան, բայց եւ այն­պէս յստակ է, որ 2017 թուա­կա­նին նոր ու­րուագ­ծուող Սու­րիան նման պի­տի չըլ­լայ 2011-ի Մար­տի բո­ղո­քի հա­ւաք­նե­րէն ա­ռա­ջուա­նին: Այս­տեղ պէտք է քննարկ­ման կար­գով ներ­կա­յաց­նել կա­րե­ւոր այլ հան­գա­մանք մը՝ կա­պուած Սու­րիոյ մէջ ի­րենց իշ­խա­նու­թիւ­նը հաս­տա­տած Է­սատ ըն­տա­նի­քին մա­սին: Այ­սինքն մօ­տիկ ան­ցեա­լին հետ հա­մե­մա­տա­կան մը կա­տա­րե­լով կա­րե­լի է հաս­տա­տել, որ Սու­րիոյ այ­սօ­րուան նա­խա­գահ Պե­շար Է­սատ նախ­քան 2011 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը, նուազ խո­ցե­լի կեր­պար էր քան ա­նոր հայ­րը՝ Հա­ֆըզ Է­սա­տը, ո­րուն իշ­խա­նու­թեան վրայ ե­ղած տա­րի­նե­րուն Սու­րիան դար­ձած էր «խորհր­դա­յին մո­տէլ»ի եր­կիր մը: Խօս­քը վաղ 1970-ա­կան­նե­րուն մա­սին է, երբ Սու­րիան կը հա­մա­րուէր «փակ եր­կիր» ու հոն կեն­ցա­ղա­յին ա­մե­նէն տար­րա­կան կա­րիք­նե­րը կը հա­մա­րու­էին «տէ լիւքս» բա­ներ: Նոյն խօս­քը կա­րե­լի էր ը­սել երկ­րի քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գին մա­սին, ուր խօս­քի, մտա­ծե­լու եւ ար­տա­յայ­տուե­լու ա­զա­տու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի սահ­մա­նա­փակ էին, քան ներ­կայ նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի իշ­խա­նու­թեան օ­րե­րուն (ան­շուշտ խօս­քը 2011 թուա­կա­նի դէպ­քե­րէն ա­ռաջ ե­ղած փու­լին մա­սին է): Ու այս բո­լո­րով հան­դերձ նա­խա­գահ Հա­ֆըզ Է­սատ մնաց տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ կա­րե­ւո­րա­գոյն եւ վստա­հե­լի խա­ղա­ցող­նե­րէն մին: Շատ ա­ռիթ­նե­րու ա­նոր ըն­կա­լում­նե­րը, մօ­տեց­ման ե­ղա­նակ­նե­րը եւ քա­ղա­քա­կան կամ­քը հա­մա­րուե­ցան բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կի ե­ղած մօ­տե­ցում­ներ: Նախ­քան իր մա­հը՝ 2000 թուա­կա­նի Մար­տին (Հա­ֆըզ Է­սատ մա­հա­ցաւ 2000 թուա­կա­նի Յու­նի­սին) նոյն Հա­ֆըզ Է­սատն էր, որ հան­գա­մանք­նե­րու լոյ­սին տակ «ստի­պեց» Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու այդ օ­րե­րու նա­խա­գահ Պիլ Քլին­թը­նը Ժը­նեւ գալ եւ բա­նակ­ցիլ ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թեան ել­քեր գտնե­լու հա­մար: Ու­րեմն ի՛նչն էր պատ­ճա­ռը, որ հայր Է­սատ հա­կա­ռակ Հա­մա­յի սիւն­նի «Իս­լամ եղ­բայր­ներ»ու դէմ կա­տա­րած ծանր «մաք­րա­գոր­ծում­նե­րուն» (1982), մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան «թի­րախ» չդար­ձաւ: Պե­շար Է­սատ ըլ­լա­լով ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հի մէջ իր ու­սու­մը ստա­ցած անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, ա­մէն կեր­պով փոր­ձեց վե­րա­նո­րո­գել երկ­րի ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գը, բայց եւ այն­պէս ան բա­խե­ցաւ իր հօր շրջա­պա­տին՝ «հին գայ­լե­րու» մեր­ժում­նե­րուն: Տնտե­սա­կան թղթած­րա­րը մտա­հո­գիչ ա­ռանցք մը չէր բնա­կան պա­շար­նե­րով եւ նաւ­թով հա­րուստ Սու­րիոյ հա­մար: Տե­ղի ու­նե­նա­լի­քը վեր էր բո­լոր ըն­կա­լում­նե­րէն եւ հայր Է­սա­տի օ­րե­րուն ե­ղող խորհր­դա­յին «մեծ եղ­բօր» բա­ցա­կա­յու­թիւնն էր նաեւ, որ դէպ­քե­րու ըն­թաց­քին կու տար վտան­գա­ւոր հու­նա­ւո­րում: Ու­րեմն Սու­րիոյ դէպ­քե­րուն մէջ ո՛չ տնտե­սա­կան եւ ոչ ալ ներ­դա­ւա­նան­քա­յին գոր­ծօնն էր, որ կա­րե­ւոր դեր կ­­՚ու­նե­նար, որ­պէս­զի Սու­րիան մա­սամբ քան­դուի: Բա­ցա­կայ օ­ղա­կը ան­շուշտ երկ­րորդ գե­րու­ժի բա­ցա­կա­յու­թեամբ ստեղ­ծուած պա­րապն էր, ո­րուն բա­ցը կը փոր­ձէին լեց­նել Մի­ջին Ա­րեւլ­քին մէջ տնտե­սա­կան ուժ ներ­կա­յաց­նող սիւն­նի Ռիատն ու ա­նոր հա­մա­խոհ­նե­րը:

Տա­րի­ներ անց երբ վեր­լու­ծուի Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի հիմ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րը՝ պարզ պի­տի դառ­նայ, որ Է­սատ չէր, որ մա­հա­ցու սխալ­ներ գոր­ծեց «քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազմ»ի քօ­ղին տակ Սու­րիա հա­սած փո­թո­րի­կին ստեղծ­ման ա­ռըն­թեր, ինչ որ ա­ւե­լի ուշ դար­ձաւ միջ­պե­տա­կան տար­րե­րով ծա­ւա­լող շրջա­նա­յին ա­րիւ­նա­լի ընդ­հան­րում:

Է­սատ ան­կեղծ էր իր դա­շինք­նե­րուն մէջ: Յա­մառ եւ ան­զի­ջող: Ու թե­րեւս ա­նոր հա­մար էր նաեւ, որ ան «քա­ղեց» այդ ան­զի­ջո­ղու­թեան պտուղ­նե­րը, տե­ղի տա­լով բո­լոր ճա­կատ­նե­րու. կորսնց­նե­լով հող եւ ու­ժա­կան ներ­կա­յու­թիւն, կորսնց­նե­լով նաւ­թի կա­րե­ւո­րա­գոյն հան­քա­յին շրջան­ներ, կորսնց­նե­լով մարդ­կա­յին մեծ նե­րուժ եւ տնտե­սա­կան հզօր կա­րե­լիու­թիւն­ներ ու­նե­ցող գոր­ծա­րար­նե­րու հսկայ դա­սա­կարգ մը: Ու այս կո­րուստ­նե­րուն դի­մաց ան եր­բեք չմտա­ծեց, որ կա­րե­լի է գոր­ծակ­ցու­թեան պա­տու­հան մը բաց ձգել ա­մե­րի­կեան թե­ւին հետ։ Այն թե­ւին, որ ի գին նիւ­թա­կան մեծ հա­տու­ցում­նե­րու փոր­ձեց Սու­րիոյ մէջ «չա­փա­ւո­րա­կան» ընդ­դի­մու­թեան մը ա­նար­գա­ւանդ սաղ­մը ա­ճեց­նել: Լոն­տոն հրա­պա­րա­կուող «Շա­րըք Ալ Աու­սաթ» օ­րա­թեր­թին մէջ Հինգ­շաբ­թի լոյս տե­սած կարճ լրա­տուու­թեամբ մը կը խօ­սուի Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Պե­շար Է­սա­տի մի­ջեւ ե­ղած վի­ճա­բա­նու­թեան մը մա­սին: Թեր­թը նաեւ մատ­նա­ցոյց կ՚ը­նէ, որ վէ­ճը ծա­գած է, երբ Փու­թին Ժը­նե­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն կա­պուած կա­րե­ւոր ա­ռա­ջարկ­ներ ը­րած է Է­սա­տին ու միայն վեր­ջի­նիս այդ ա­ռա­ջարկ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ տուած մեր­ժու­մէն ետք՝ Փու­թին Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թեանց հա­մար անս­պա­սե­լի հա­մա­րուած քայ­լով մը կը յայ­տա­րա­րէ ռու­սա­կան «կա­րե­ւոր» ու­ժե­րու Սու­րիա­յէն հե­ռաց­ման մա­սին: Ու հա­կա­ռակ ռու­սա­մէտ բո­լոր վեր­լու­ծա­բան­նե­րու կող­մէ այս քայ­լին մա­սին ե­ղած  «դրա­կան» գնա­հա­տա­կա­ննե­րուն՝ պարզ է, որ Մոս­կուա կէս կը թո­ղու բո­լոր ճա­կա­տում­նե­րը եւ կը հե­ռա­նայ շրջա­նէն: Տար­բեր աղ­բիւր­ներ կը խօ­սին, որ այ­սօր սու­րիա­կան «Հը­մե­մին» զի­նուո­րա­կան կա­յա­նին մէջ կան ե­րե­սուն­վեց ռու­սա­կան կոր­ծա­նիչ­ներ, իսկ Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հը ի­րա­վի­ճա­կը «թե­թեւն­ցե­լու» հա­մար ե­ղած գնա­հա­տա­կա­նով մը կը յայ­տա­րա­րէր, որ ի­րենց հա­մար Սու­րիա կրկին վե­րա­դա­ռ­­նա­լը ժա­մե­րու հարց է ու ոչ ա­ւե­լին:

Ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ ռու­սա­կան այս քայ­լին դի­մաց սիւն­նի աշ­խար­հի գլխա­ւոր խա­ղա­ցո­ղը՝ Ռիատ այս քայ­լին դի­մաց ոչ միայն դրա­կան նշան­ներ կ­­՚ու­ղար­կէր, այլ կը յայ­տա­րա­րէր, որ 14 Մար­տը յաղ­թա­նա­կի օր է սու­րիա­ցի ժո­ղո­վուր­դին հա­մար:

Իր կար­գին, ՄԱԿ-ի Սու­րիոյ հար­ցե­րով յա­տուկ բա­նագ­նաց Սթե­ֆան տէ Միս­թու­րա իր «ճա­րա­հա­տեալ»ի ո­ճը փո­խե­լով՝ կը յայտ­նէր, որ ռու­սա­կան այս քայ­լը ա­ւե­լիով պի­տի հեշ­տաց­նէ Սու­րիոյ հա­մար ըն­թա­ցող քա­ղա­քա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք օ­րերս կը կա­յա­ցուին Ժը­նե­ւի մէջ: Յի­շեց­նեմ, որ Տէ Միս­թու­րա օ­րեր ա­ռաջ ը­սած էր, թէ «բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը դժուար հու­նի մը մէջ են եւ ձա­խո­ղե­լու պա­րա­գա­յին սու­րիա­կան տագ­նա­պը պի­տի տա­րուի ՄԱԿ-ի ա­պա­հո­վու­թեան խոր­հուր­դի սե­ղան»: Այս բո­լոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը նաեւ կրնան յստա­կօ­րէն ու­րուագ­ծել, որ ռու­սա­կան քայ­լը նա­խօ­րօք հա­մա­ձայ­նե­ցուած ու ծրագ­րուած քայլ մըն էր: Այս ալ հասկ­նա­լի է, բայց վտան­գա­ւո­րը Սու­րիան բա­ժան­ման տա­նե­լու ծրա­գիրն է: Ու այդ ծրագ­րին տուն տուող կա­րե­ւոր գոր­ծօ­նը ան­շուշտ Ի­ՇԻՊ-ը իր դիր­քե­րուն վրայ ա­մուր կեր­պով կառ­չած մնա­լու փաս­տա­ցի ի­րո­ղու­թիւնն է: Ռու­սա­կան կոր­ծա­նիչ­նե­րը Սու­րիոյ վրայ կա­տա­րած են ինն հա­զար թռիչք-գրոհ­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քին սպան­նուած են Ի­ՇԻՊ-ի եր­կու հա­զար հինգ հա­րիւր պա­րագ­լուխ­ներ եւ քան­դուած՝ ա­նոնց կա­րե­ւո­րա­գոյն զի­նուո­րա­կան յե­նա­կէտ­նե­րը: Ռու­սաս­տա­նի պա­տե­րազ­մը «կէս ձգե­լու» մա­սին կա­րե­ւոր փաս­տարկ մը ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար պէտք է խօ­սիլ Հա­լէ­պի մա­սին, ուր ա­հա­բե­կիչ զի­նեալ­ներ քա­ղա­քի հիւ­սի­սա­յին հա­տուած­նե­րուն մէջ այ­սօր կղզիա­ցած մնա­ցած են ու փոքր յա­ւե­լեալ ճի­գով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար «մաք­րել» այդ ամ­բողջ տա­րած­քը եւ Հա­լէ­պը դարձ­նել ա­հա­բե­կիչ­նե­րէ զերծ քա­ղաք մը:

Ըն­թա­ցող գոր­ծըն­թաց­նե­րը տեղ մը նաեւ կը մատ­նեն, որ այ­սօր գետ­նի վրայ ե­ղած բա­ժա­նում­նե­րը կրնան մնա­յուն քար­տէ­սի մը հիմ­քը ըլ­լալ, ուր քով-քո­վի պի­տի գո­յա­տե­ւեն ա­լե­ւի, սիւն­նի, տիւր­զի ու շատ հա­ւա­նա­բար քիւրտ դաշ­նա­յին «պե­տու­թիւն­ներ»:

Եւ­րո­պա­ցի մէ­կէ ա­ւե­լի վեր­լու­ծա­բան­ներ նոյն­պէս խօ­սած են Է­սատ-Փու­թին տա­րա­կար­ծու­թեան մը մա­սին, որ կա­պուած է Սու­րիոյ մէջ յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լին տե­ղի ու­նե­նա­լիք (Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րո­շու­մով) խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թեանց վե­րա­բե­րեալ: Մինչ Է­սա­տի հա­մար այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի ըլ­լան կամ կո­չուած են ըլ­լա­լու իր քա­ղա­քա­կան օ­րի­նա­կա­նու­թիւ­նը ամ­րագ­րող կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն, ան­դին Մոս­կուա սկսած է տո­ղա­տա­կի խօ­սիլ փո­խանց­ման կա­ռա­վա­րու­թեան մը մա­սին: Սիւն­նի ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն հա­մար փո­խանց­ման ո­րե­ւէ կա­ռա­վա­րու­թեան գլխա­ւոր նախ­ա­պա­յ­­ման ա­ռանց Է­սա­տի գո­յա­նա­լիք իշ­խա­նու­թեան մը կազ­մու­թիւնն է: Այս­տեղ, ու­րեմն ե­րեք հիմ­նա­կան ու­ժեր՝ Մոս­կուա, Ռիատ եւ Սու­րիոյ մէջ կռուող «չա­փա­ւո­րա­կան ընդ­դի­մու­թեան» ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ նոյն կէ­տին վրայ կը հա­մա­ձայ­նին: Ո­ւա­շինկ­թը­նի հա­մար եւս դրա­կան գոր­ծօն է, որ Մոս­կուա եւ Ռիատ միա­սին «գծեն» նոր Սու­րիոյ մը քար­տէս­ը:

Ու չմոռ­նալ, որ այս բո­լո­րը տե­ղի կ­­՚ու­նե­նան այն պա­հուն, երբ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սըլ­ման Պըն Ապ­տըլ Ա­զիզ թա­գա­ւո­րը կը պատ­րաս­տուի Մոս­կուա այ­ցե­լել: Նա­խօ­րօք յայ­տա­րա­րուած այս այ­ցին մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ չեն տրուիր, բայց բա­ցո­րոշ ու տրա­մա­բա­նա­կան է, որ եր­կու ղե­կա­վար­նե­րուն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու գլխա­ւոր ա­ռանց­քը յատ­կա­ցուած պի­տի ըլ­լայ Սու­րիոյ տագ­նա­պին ու Պե­շար Է­սա­տի ա­պա­գա­յի «վճռման»:

Սու­րիա­կան պա­տեր­զա­մը բո­լո­րեց իր սկզբնա­ւո­րու­թեան հին­գե­րորդ տա­րին: Մարդ­կա­յին, տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան տա­րաբ­նոյթ հիմ­նա­հար­ցե­րու ան­կան­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­ցած պա­տե­րազ­մը այ­սօր նոր քա­ղա­քա­կան ա­ռեւ­տուր­նե­րու ա­մե­նէն թէժ ա­ռանց­քին մէջ է ու բա­ցո­րոշ է, որ բո­լոր ա­ռում­նե­րով «հա­սուն­ցած» այս տագ­նա­պը «դարձ ի շրջանս իւր կա­տա­րե­լով» պի­տի փոր­ձէ լուծ­ման նոր ձե­ւա­չափ մը ո­րո­նել Ռիատ-Մոս­կուա պա­րու­նա­կին մէջ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016