ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ

Հա­յաս­տան այս տա­րի ստանձ­նած է Եւ­րո­պա­կան Օ­դագ­նա­ցու­թեան անվ­տան­գու­թեան գոր­ծա­կա­լու­թեան (Eurocontrol) մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հու­թեան պաշ­տօ­նը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ վեր­ջերս Ե­րե­ւան այ­ցե­լեց Eurocontrol-ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ֆրանք Պրեն­նէր։ Զուարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նին մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ան շեշ­տեց, թէ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռըն­թեր Քա­ղա­քա­ցիա­կան օ­դագ­նա­ցու­թեան ընդ­հա­նուր վար­չու­թեան պետ Ար­տեոմ Մով­սէ­սեան այս տա­րի կը վա­րէ Eurocontrol-ի մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հու­թիւ­նը։ Զուարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նէն ներս կա­տա­րած շրջայ­ցէն վերջ ան զրու­ցեց զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ ու նշեց, թէ Ար­տեոմ Մով­սէ­սեա­նի նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­նին հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ կազ­մա­կեր­պել սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը՝ ընդ­հա­նուր խնդիր­նե­րուն լու­ծում գտնե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Օ­դագ­նա­ցու­թեան անվ­տան­գու­թեան եւ­րո­պա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը հա­մաեւ­րո­պա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, ո­րու գոր­ծու­նէու­թեան նպա­տակն է օ­դա­յին եր­թե­ւե­կու­թեան պա­րա­գա­յին սպա­սարկ­ման միաս­նա­կան եւ­րո­պա­կան հա­մա­կար­գի մը հե­տա­մուտ ըլ­լա­լը։ Կա­ռոյ­ցը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ օ­դագ­նա­ցու­թեան բնա­գա­ւա­ռի թեք­նիկ զար­գաց­ման, օ­դա­յին եր­թե­ւե­կի կա­ռա­վար­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րու եւ թռիչք­նե­րու անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու հա­մա­լիր եւ­րո­պա­կան ծրագ­րի մը մշա­կու­մը եւ ան­դամ եր­կիր­նե­րու մէջ ա­նոր իւ­րաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մա­կար­գու­մը։ Հա­յաս­տան այս կազ­մա­կեր­պու­թեան կ՚ան­դա­մակ­ցի 2006 թուա­կա­նէն ի վեր։

Ֆրանք Պրեն­նէր Ե­րե­ւա­նի մէջ ընդգ­ծեց, թէ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ որ­դեգ­րուած «բաց եր­կին­քի» քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը նա­խադ­րեալ մըն է երկ­րէն ներս զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման հա­մար։ Այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը խոս­տա­նայ լուրջ հե­ռան­կար­ներ։ «Ես ար­դէն եր­րորդ ան­գամ կ՚այ­ցե­լեմ Հա­յաս­տան եւ օգ­տուե­լով ա­ռի­թէն կը փա­փա­քիմ ընդգ­ծել, որ կը հիա­նամ այս երկ­րի գե­ղեց­կու­թեան։ Կը կար­ծեմ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ կան շատ տե­սար­ժան վայ­րեր, ո­րոնք կրնան զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւել եւ Հա­յաս­տան պի­տի կա­րե­նայ ա­ւե­լի շատ զբօ­սաշր­ջա­յին այ­ցե­լու­թիւն­ներ ու­նե­նալ», ը­սաւ Պրեն­նէր եւ ա­ւել­ցուց, թէ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը ներգ­րա­ւե­լու հա­մար կա­րե­ւոր է ոչ միայն օ­րէնսդ­րա­կան դաշ­տին բա­րե­լա­ւու­մը, այլ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ երկ­րի են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րը պէտք է ու­նե­նան բարձր մա­կար­դակ։ Ան ա­ւել­ցուց, որ Զուարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նը ի զօ­րու է սպա­սար­կու­թիւն մա­տու­ցե­լու բա­զում ու­ղե­ւոր­նե­րու՝ իր թեք­նիկ սար­քա­ւո­րում­նե­րով, չա­փա­նիշ­նե­րով ու մար­դու­ժով։

Ի լրումն այս բո­լո­րին՝ Eurocontrol-ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նը ընդգ­ծեց, թէ դրա­կան կը հա­մա­րէ օ­դա­յին եր­թե­ւե­կու­թեան անվ­տան­գու­թեան ա­ռու­մով Հա­յաս­տա­նի կող­մէ ար­ձա­նագ­րուած յա­ռա­ջըն­թա­ցը։ Եր­կի­րը Eurocontrol-ի ան­դա­մակ­ցու­թե­նէն ի վեր ան­ցած տասն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին զգա­լի յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րած է։ Ար­դիւն­քին բա­րե­լա­ւուած են նաեւ օ­դա­յին եր­թե­ւե­կու­թեան անվ­տան­գու­թեան ցու­ցա­նիշ­նե­րը։ «Մենք այ­սօր գո­հու­նա­կու­թիւն կը յայտ­նենք մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րուած մեծ յա­ռա­ջըն­թա­ցին հա­մար», ը­սաւ ան։

Eurocontrol-ի ան­դամ 41 եր­կիր­նե­րու օ­դա­յին մար­զե­րուն մի­ջո­ցաւ ա­մէն օր կը կա­տա­րուի 31 հա­զար թռիչք եւ այդ թի­ւը հետզ­հե­տէ կը բարձ­րա­նայ։ «Ա­ճին զու­գա­հեռ օ­դա­յին մար­զը կը շա­րու­նա­կէ մնալ նոյ­նը։ Որ­պէս­զի մենք կա­րե­նանք ա­ւե­լի շատ թռիչք­ներ ի­րա­կա­նաց­նել հաս­տա­տուն օ­դա­յին մար­զի մը շրջա­նակ­նե­րէն ներս, մենք պէտք է ա­ռա­ւել ար­դիւ­նա­ւէտ կազ­մա­կեր­պենք մեր աշ­խա­տանք­նե­րը։ Եւ այս ա­ռու­մով Հա­յաս­տան մե­զի հա­մար շատ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի, ո­րով­հե­տեւ հա­շուի առ­նե­լով օ­դա­յին փո­խադ­րում­նե­րու հա­ւա­նա­կան ա­ճի մի­տում­նե­րը, որ ըստ էու­թեան նպա­տա­կաուղ­ղուած է ըլ­լալ դէ­պի Ա­սիա, Հա­յաս­տա­նի օ­դա­յին մար­զով թռիչք­նե­րը ան­պայ­ման պի­տի ա­ճին», ը­սաւ Ֆրանք Պրեն­նէր։

Eurocontrol-ի եւ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան օ­դանգ­նա­ցու­թեան ընդ­հա­նուր վար­չու­թեան մի­ջեւ ստո­րագ­րուած է հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, ո­րու նպա­տակն է Հա­յաս­տա­նի օ­դագ­նա­ցու­թեան ո­լոր­տի ի­րա­ւա­կան եւ օ­րէնսդ­րա­կան դաշ­տի բա­րե­լա­ւու­մը։ Ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նի խօս­քե­րով՝ սա պի­տի նպաս­տէ օ­դա­յին անվ­տան­գու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման։

Իր կար­գին, Ար­տեոմ Մով­սէ­սեանն ալ ընդգ­ծեց, թէ Eurocontrol-ի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հիմ­նա­կա­նին մէջ կը վե­րա­բե­րի օ­դա­յին անվ­տան­գու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման՝ օ­դա­յին տա­րածք­նե­րու օգ­տա­գործ­ման ա­ռու­մով։ «Խօս­քը մեր մաս­նա­գէտ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման, նոր սար­քա­ւո­րում­նե­րու ներդր­ման մա­սին է», ը­սաւ Մով­սէ­սեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ Պերն­նէ­րի այ­ցը պայ­մա­նա­ւո­րուած է թռիչ­քա­յին անվ­տան­գու­թեան մա­կար­դա­կի գնա­հատ­մամբ եւ ա­պա­գա­յին այս հար­ցին շուրջ ա­ջակ­ցու­թեան ցու­ցա­բեր­մամբ։ 

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016