հայաստան կը մասնակցի «Մոլորակի Ժամ» Արշաւին
Այսօր կը մեկնարկէ «Մոլորակի ժամ» համաշխարհային բնապահպանական արշաւը, որուն նպատակն է հասարակութիւնը, գործարար աշխարհը, համայնքներն եւ այլ շահագրգիռ կողմերը միաւորել՝ լոյսերը մէկ ժամով անջատելու գաղափարին շուրջ՝ յանուն մեր մոլորակի կենսական պայմաններու եւ աղբիւրներու պահպանման:
Արշաւին Հայաստան կը մասնակցի արդէն ութերորդ անգամ, եւ այս տարի արշաւին միացած են Աբովեան, Արարատ, Արմաւիր, Արտաշատ, Դիլիջան, Էջմիածին, Գաւառ, Գորիս, Կիւմրի, Հրազդան եւ Վանաձոր քաղաքները:
Ըստ Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Կարէն Մանուէլեանի՝ այսօր տեղական ժամով 20.30-21.30-ի միջեւ մէկ ժամով պիտի անջատուի Երեւանի շէնքերուն եւ խորհրդանիշ հանդիսացող յուշարձաններուն արտաքին, ինչպէս նաեւ փողոցային լուսաւորութիւնը: