ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Հանրային առողջապահութեան նոր մարտահրաւէրները» խորագրեալ միջազգային կարեւոր համաժողով մը՝ նախարարական մակարդակով։ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեանի հիւրընկալմամբ, այս համաժողովին մասնակցեցան Ռուսաստանի Առողջապահութեան նախարար Վերոնիքա Սքվորցովա, Իրանի Առողջապահութեան ու բժշկական կրթութեան նախարար Հասան Հաշիմի, Վրաստանի Աշխատանքի, առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու նախարար Տավիտ Սերկէէնքօ, Սպիտակ Ռուսիոյ Առողջապահութեան նախարար Վասիլի Ժարքօ եւ Ղազախիստանի Առողջապահութեան եւ ընկերային զարգացման փոխ-նախարար Էլժան Պիրթանով։ Բաց աստի, համաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի գրասենեակին կողմէ ներկայացուցիչ մը։ Համաժողովի բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան։ Այս առթիւ ան կանգ առաւ Հայաստանի մէջ հանրային առողջապահութեան կատարելագործման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն վրայ։ Աբրահամեան նշեց, թէ հանրային առողջապահութիւնը կառավարութեան գերակայութիւններու շարքին է։
Իր կարգին նախարար Արմէն Մուրատեանն ալ շեշտեց, որ հասարակութեան աջակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ հանրային առողջապահութեան վերաբերեալ ծրագրերու յաջողութեան տեսանկիւնէն։ Հետեւաբար, հանրային առողջապահութեան ծրագրերու պարագային շատ կարեւոր է միասնական հասարակական կարծիքի ձեւաւորումը։ «Մենք կոչ կ՚ուղղենք, որպէսզի լրատուամիջոցներու, հասարակական ու քաղաքական գործիչներու շրջանակներէն ներս ձեւաւորուի յստակ դիրքորոշում՝ մասնաւորապէս պատուաստանիւթերու, ծխելու դէմ պայքարի, սնունդի հարստացման, ֆիզիքական աշխուժութեան, բժիշկին վաղ դիմելու հարցերուն մէջ», ըսաւ Արմէն Մուրատեան եւ աւելցուց, թէ առողջութիւնն է հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս ձեռքբերումներուն հիմքը։
Բաց աստի, միջազգային համաժողովի մասնակիցները Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Զրոյցի տեւողութեան Սերժ Սարգսեան մատնանշեց, թէ ամբողջ աշխարհի մէջ պետութիւններու ընկերատնտեսութեան քաղաքականութեան յաջողութեան գլխաւոր չափանիշներէն մին կը համարուի հանրային առողջապահութիւնը։ Ըստ իրեն, այս ոլորտի խնդիրները արդի աշխարհին մէջ չեն ճանչնար սահմաններ եւ ի յայտ եկած նոր վիրիւսները փութով պատճառ կը դառնան համաճարակներու։ Այս եւ նման խնդիրները հնարաւոր է արդիւնաւէտօրէն լուծել սերտ համագործակցութեամբ եւ մասնագիտական փորձառութիւններու փոխանակմամբ։