ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ

Վիրաւորեալներու շարքին կայ հայ մը:

Իսթանպուլի սրտին՝ Իսթիքլալ պողոտային վրայ այսօր ժամը շուրջ 11.00-ին պատահեցաւ ահաբեկչական պայթում մը։ Պէյօղլուի գաւառապետարանի շէնքին մօտ պատահած պայթումին զոհ գնաց չորս հոգի։ Կենդանի ռումբն ալ մահացաւ տեղւոյն վրայ։ Կան տասնեակ վիրաւորեալներ։

Կուսակալ Վասիփ Շահին անմիջապէս այցելեց դէպքի վայր, մինչ իրաւապահ մարմինները ձեռնարկած են լայնածաւալ հետաքննութեան։ Քաղաքի սրտին վրայ ընդարձակ անվտանգութեան գօտի կը ստեղծուած է։ Վարչապետարանի Տոլմապահչէի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան գագաթաժողով մը, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ։

Տեղական լրատուամիջոցներու հաղորդումներով, վիրաւորեալներու միջեւ կայ նաեւ հայ մը, որ կը կոչուի Օքսան Խաչանեան։ Դէպքէն վերջ ան դարմանման տակ առնուած է Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցին մէջ։

​Օքսան Խաչանեան, որ 40 տարեկան է, կ՚աշխատէր դէպքի վայրի մօտակայքին։ Իր կեանքին վտանգ չի սպառնար։ Ան արդէն տեղափոխուած է հիւանդանոցի «փլաստիք» վիրահատութեան բաժինը։ Ընտանիքն ալ փութով հիւանդանոց հասնելով միացած է իրեն՝ այս ծանր պահուն։

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016