ՄԵԾ ԶՕՐԱԿՈՉ
Մինչ քորոնաժահրի համաճարակը կը շարունակէ բնորոշել համայն աշխարհի օրակարգը, Թուրքիոյ մէջ ալ մեծ զօրակոչի մը մթնոլորտը կը տիրէ։ Համաճարակը յաղթահարելու նպատակով երկրէն ներս համատարած դիմադրութիւն մը ծնունդ առած է։ Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցան իրերայաջորդ կարեւոր ժողովներ, որոնց ընթացքին ծաւալուն քննարկումներ կատարուեցան համաճարակի բոլոր երեսակներուն շուրջ՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Ներկայ դրութեամբ պետութիւնը շարժման անցուցած է իր բոլոր լծակները, որպէսզի ամենաազդու նախազգուշական միջոցները ձեռք առնուին համաճարակին դէմ։ Անգարա այս պայքարը յառաջ կը տանի թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին գործօնները հաշուի առնելով։
Չանքայայի ապարանքէն ներս երէկ նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ համաճարակի դէմ պայքարը համակարգելու ուղղեալ մարմինը գումարեց ժողով մը, որուն յաջորդեց նախագահին սարքած մամլոյ ասուլիսը։ Այս հաւաքոյթի ընթացքին Էրտողան խօսք ուղղեց ամբողջ երկրի ժողովուրդին։ Իր յայտարարութիւնները ուղիղ եթերով սփռուեցան բոլոր հեռուստակայաններուն, ձայնասփիւռի կայաններուն կողմէ եւ ընկերային ցանցերու միջոցաւ։ Շուրջ ժամ մը տեւեց Հանրապետութեան նախագահին մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին ան առաջին հերթին կոչ ուղղեց՝ հնարաւորինս դուրս չգալ բնակարաններէ։ Արդարեւ, ներկայիս իշխանութիւնները կը ձգտին թէ՛ առողջապահութեան եւ թէ տնտեսութեան գետնի վրայ չէզոքացնել առկայ բոլոր սպառնալիքները։ Առողջապահութեան գետնի վրայ ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցներուն շուրջ մանրամասն տեղեկութիւններ տալու զուգահեռ՝ Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ տնտեսութեան գետնի վրայ ձեռք առնուած միջոցներուն։ Պետութիւնը ներկայիս 100 միլիառ թրքական լիրայէ բաղկացեալ մեծ ծրար մը պատրաստած է, ինչ որ ռիսքի ենթակայ բոլոր բնակավայրերու պարագային խուճապը կանխելու, հաւանական վտանգները հնարաւորինս հաւասարակշռելու հեռանկարներ կը խոստանայ։ Հասարակութեան բոլոր խաւերուն ուղղեալ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնուած են կառավարութեան կողմէ։ Սա կ՚ընդգրկէ թէ՛ տուրքերը եւ թէ վարկերը վերադարձնելու ուղղեալ վճարումները։ Զբօսաշրջութեան բնագաւառէ սկսեալ մինչեւ արտածումներու կայունացումը՝ իշխանութիւնները այս փուլին հաւանական բոլոր վարկածները հաշուի առնելով կ՚ընթանան յառաջ։ Հանրապետութեան նախագահը երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ հերթական անգամ կոչ ուղղեց, որպէսզի պատկան մարմիններուն կողմէ նախատեսուած զգուշացման միջոցներուն անպայման բծախնդրութեամբ հնազանդի ժողովուրդը։ Էրտողան յայտնեց, որ այդ կարգապահութեամբ պիտի յաղթահարուի այս համաճարակը։
Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ երէկ քորոնաժահրի հետեւանքով երկրորդ մահը արձանագրուած է Թուրքիոյ մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, երկրին մէջ 93 նոր հիւանդ յայտնաբերուած է եւ այսպէսով Թուրքիոյ մէջ վարակուածներու թիւը հասած է 191-ի։
Միւս կողմէ, Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը տեղեկացուց, որ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթերու փորձարկումները արդէն սկսած են։ Այժմու վիճակագրական տուեալներով, աշխարհի վրայ քորոնաժահրով վարակուած անձերու թիւը յաղթահարած է 200 հազարի սահմանը։ Ցարդ վարակուածներու 85 հազարը բուժուած են, իսկ մահերու թիւը կը կազմէ շուրջ 8 հազար։