ՎԱՐԱԿԸ, ՋԵՐՄԱՉԱՓԸ ԵՒ ԿՈՒՊՐ ԿՏՐԱԾ ՄԵՐ ԵՐԵՍՆԵՐԸ
Նորէն ջերմաչափի խնդիր ունինք։ Տանը եղածը լաւը չէր,- կ՚ըսէ Անուշս, իսկ ես յօնքերս կիտելէ ետք կը յիշեցնեմ, որ առնուազն երեք դեղատուն մտայ, որպէսզի նոր, լաւ, որակաւոր ջերմաչափ մը առնեմ, սակայն չկար...
Մեծ Դաւթաշէնին տասնէ աւելի դեղարաններուն մէջ ջերմաչափ չկար։
Չկան նաեւ հեղուկ ալքոլ, դիմակ, բժշկական ձեռնոց, հականեխիչ հեղուկներ եւ յատկապէս քորոնավարակին դէմ պայքարող հականեխիչներ:
Աշխարհ այս օրերուն բռնուած է մաքրութեան արշաւով մը, որ կը միտի մեր ձեռքերը, ձեռքի մատները, եղունգները, մորթը մաքրել...
Բոլորը մաքրութեան մասին կը խօսին՝ հաւատալով կամ հաւատալ փորձելով, որ մաքրութեան այդ պարագաները մեզ զերծ պիտի պահեն քորոնա կոչուած «անդէմ տուշման»էն, որ մինչեւ հիմա աւելի քան 7 հազար մարդու մահուան պատճառ դարձաւ։
Ի դէպ, չմոռնամ ըսել, որ քորոնայի խնդիրը նաեւ լեզուական հարթութեան վրայ մինի-պատերազմ մը յառաջացուց այն իմաստով, որ մինչ հայաստանցիք գործածեցին ու դեռ ալ կը շարունակեն օգտագործել «կորոնավիրուս» եզրը, անդին սփիւռքի լեզուի «պահապաններ»ը, որոնք առիթ չեն փախցներ իրենց թունահոտ ամենավերջին մեղադրանքները թափել անոնց գլխուն, որոնք կ՚ընդդիմանան իրենց առաջարկներուն, նախընտրեցին տարածել «պսակաձեւ ժահր» եզրը, որ ամէն պարագայի թերի է։
Ըստ իս թերի է, որովհետեւ ժահր կը նշանակէ՝ թոյն, իսկ այս պարագային պսակաձեւ ըլլայ այն կամ թագադիր, վարակը թոյն մը չէ։
Վարակը ապրող օրկան է, որ կը մտնէ մեր մարմնին մէջ, ձեւով մը կ՚ուզէ շարունակել իր կեանքը այնտեղ, կ՚ուզէ մեզի հետ ապրիլ, պտտիլ ու վայելել այս կեանքը, սակայն եկուր տես, որ այդ այցելութեան ընթացքին կրնայ մեզ ալ տապալել ու մեզի հետ ինք եւս մեռնիլ։
Ժահրը թոյն է, որուն մասին գրած են Դանիէլ Վարուժանն ու Գրիգոր Զօհրապը: Եթէ թեթեւ պտոյտ մը ընենք Արեւմտահայ գրականութեան բեղուն էջերուն մէջ ու քիչ մը որոնել փորձենք այդ բառին իմաստը, ապա շատ արագ պիտի նկատենք, որ Վարուժան ժահր բառը գործածած է փոխաբերական իմաստով, որպէս անէծք։ Վարուժան կը գրէ՝ «Թող հոսի թոյն մ՚ոխութեան ու Թէյմզի, Հռենոսի, Վոլկայի ափերն ամբողջ լեցնէ ժահր, սեւցընէ»։ Իսկ Գրիգոր Զօհրապ անդրադառնալով «երիտասարդութեան մեղքեր»ուն մասին կը գրէ՝ «Ինք ուսանողաց արուարձանին խռովայոյզ ու խառնագնաց կեանքը միայն կ՚ուսումնասիրէր իր անձին վրայ՝ իր մարմնոյն մէջ ներմուծելով… ապականեալ երիտասարդութեան ժահրը»։
Իսկ այս վարակը, որ այսօր մեզ կը ստիպէ նոյնիսկ վերատեսութեան ենթարկել մեզի համար արդէն իսկ «անգիր օրէնք» դարձած կարգ մը սովորութիւննները, ժահր մը չէ։ Ժահրը վիճակ կը ներկայացնէ, ժահրը քաղաքի մը, այդ քաղաքի մարդոց, գետի մը, չար առասպելի մը ունեցած վրդովմունքի պատկերը ներկայացնող բառ է, կամ ինչպէս վերը ըսի, թոյն բառին իմաստն է։
Դուն ժահրոտ լեզու մ՚ունիս- թերեւս այդ ոճով եղած ընկալում մը կրնայ տալ, սակայն այս հիւանդութեան, այս «միքրոպ»ին, այս վարակին հետ չ՚առընչուիր։
Ինչ մեղքս պահեմ, երբ «Շանթ»ի եթերով ու մանաւանդ վարակի տարածման առաջին օրերուն, ես ալ նիւթին կ՚անդրադառնայի, յաճախ կը գործածէի ժահր բառը։
Սկիզբը գործընկերներս կը զարմանային, աւելի ուշ վէճ եղաւ ու ես տեղի տալով ընդունեցի, որ սխալական եմ։
Ժահրը կապ չունէր այս վարակին հետ, որ այսօր դարձած է մեր բոլորին, ամբողջ աշխարհի առաջնահերթ նիւթը։
Ամէն պարագայի ջերմաչափի մասին պիտի գրէի, ու յանկարծ գիրը, նորին վսեմութիւն մուսան, զիս ուրիշ տեղեր առաջնորդեց։
Փոթորիկ է ամէն տեղ, վարակը մտած է աշխարհի բոլոր փակ սենեակներէն ներս ու կը խառնէ։ Կը խառնէ մեր կեանքը, գուցէ ապահով ու բարի տեղ մը կը փնտռէ, գուցէ մաքուր եւ Անուշիկիս մեծ մամային՝ Կրեթա տատիկին մաքուր, մաս-մաքուր սաւան-վերմակով ու ճեփճերմակ բարձով գիւղի անկողինը կը փնտռէ։
Գուցէ բարի է այս վարակը, կամ գուցէ նոր մեծ նշան է, մեզի՝ այս երկրի բնակիչներուս, որ ինչքան հեռացած ենք մարդկային արժէքներէն։
Գուցէ ինք վարակը տապալած է, գուցէ իր մարմնին մէջ մտած են ուրիշ ուժեր ու կը փորձեն, տիւ եւ գիշեր հին հաշիւները մաքրել, նոր հաշիւներ դասաւորել եւ յստակօրէն գրել, որ անցանք քորոնավարակի դարը։
Եմէնի մէջ եղածներէն ետք, կուպր էին մեր սրտերը։
Իրաքը արիւն կը հեղու վաղուց, ու մենք լուր էինք։
Կուպր էր մեր սիրտը, երբ Հալէպը, Հոմսը, Դամասկոսն ու Կազզէն արիւն կը թափէին իրենց ձեռքերուն, ինչպէս որ մենք այսօր «սպիրթ» կը թափենք։
Ու կուպր էինք մենք բոլորս, երբ երեսուն եւ աւելի տարիներէ ի վեր անտունի դարձած կիւմրեցիներէն շատեր դեռ կը քնանան իրենց թիթեղեայ «տոմիկ»ներուն մէջ։
Կուպր էր մեր սիրտը, մենք չկայինք։
Իսկ այսօր մէկէն մոռցած ենք ամէն ինչ ու հերթի ենք, որ Դաւիթաշէնի տասը դեղատուներէն մէկուն մէջ գուցէ «նորմալ» ջերմաչափ մը ճարենք, կամ ալ դիմակ մը, սպիտակ ու մաքուր, կամ ալ «սպիրթ», որուն տուած բոյրովը պիտի մաքրենք մեր սրտերն ու հոգին։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԽՈՒՃԱՊ ՉԿԱՅ. ՎԱՐԱԿՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ՝ 115
Հայաստանցիներս րոպէ առ րոպէ կը հետեւինք քորոնա վարակին հետ կապուած վերջին զարգացումներուն։
Հայաստանի մէջ 1 մարտին էր, որ առաջին անգամ ըլլալով քորոնան կը յայտնուէր մեր մօտ։ Այդ օր նախատեսուած մարտի 1-ի հաւաք-երթը կը ջնջուէր ու ժամեր անց ալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի ուղիղ եթեր մը կատարելով վերջին տեղեկութիւնները կու տար, նաեւ կը հաղորդէր, որ յաջորդ օրուընէ՝ 2 մարտէն սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին գործող բոլոր վարժարանները, համալսարանները եւ գեղարուեստից հիմնարկները մէկ շաբաթով պիտի փակեն իրենց դռները։
Օրուան աւարտին մենք ընտանեօք կարճ պտոյտ մը կատարելով ականատես կը դառնայինք քաղաքամայր Երեւանի մէջ ընդհանուր անդամալուծուած վիճակի մը, չնայած անոր, որ օրը կիրակի էր ու կիրակի օրուան լրումին շատ բնական պիտի ըլլար քաղաքի գլխաւոր թաղամասերը ամայի տեսնելու իրադրութիւնը։
Օրեր անց դարձեալ կը մոռնայինք այդ վարակին մասին ու կը տարուէինք մեր բնականոն կեանքի հունով։
Լրատուութիւն, յօդուածագրութիւն, եթերի պատրաստութիւն ու ամէն ինչ կարծես կ՚ընթանար սովորականին պէս, մինչեւ այն պահը, երբ «կը պայթէր էջմիածնի նշանտուք»ի դէպքը, որուն մասնակիցներէն շատ-շատերը կ՚աւելնային քորոնայի վարակակիրներու ընդհանուր ցուցակին վրայ։
Եւ այսպէս վարակակիրներու թիւը դանդաղօրէն կը բարձրանար, իր հետ անշուշտ բերելով անորոշութեան զգացում մը, որուն ականատեսները կը դառնայինք անխտիր՝ բոլորս։
Աւելի վերջ՝ երկուշաբթի 16 մարտի ուշ երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն ելոյթ կ՚ունենար վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ կարեւոր նշումներ ընելէ ետք Ազգային ժողովէն կը խնդրէր քուէարկել «Արտակարգ դրութիւն» օրինագիծ մը եւ այդպէս ալ կ՚ըլլար։ Այդ օրէն սկսեալ Հայաստան կը մտնէր մէկ ամսուան «Արտակարգ դրութեան» մը մէջ, որուն ընթացքին ալ երկրէն ներս հիմնական ընթացակարգերը, կարեւոր ընելիքները եւ այս առթիւ առնուելիք քայլերը պիտի համադրէր խնդրին համար ստեղծուած «Պարէտային մարմին» մը՝ գլխաւորութեամբ պարէտ, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Ավինեանի։
Ի դէպ, այս նորաստեղծ մարմնի գլխաւոր ընելիքներու շարքին պիտի ըլլայ շարունակել վերահսկողութեան տակ պահել մասնաւորապէս Հայաստանի օդային սահմանները եւ ըստ պահանջի որոշել, թէ պիտի ներգրաւուին արդէն իսկ առկայ այն ցուցակին վրայ, ուր կ՚երեւին այն երկիրներու անունները, որոնցմէ դէպի Հայաստան ուղեւորներու մուտքը ժամանակաւորապէս կ՚արգիլուէր։ Մարմինը նաեւ պիտի զբաղէր քորոնա վարակի դէմ պայքարի կարեւոր կարիքները հոգալու խնդրով, որոնցմէ պէտք է առանձնացնել քննութեան յատուկ սրուակները, ջերմութիւնը չափելու յատուկ եւ արդիական սարքերը, նաեւ վարակէն հեռու մնալը ապահովող առօրեայ օգտագործման իրերու եւ հականեխիչ նիւթերու ապահովումը։
Ուրախալի է նաեւ, որ մինչեւ այս տողերուն գրուիլը երկրին մէջ խուճապային մթնոլորտ մը չկայ, հակառակ անոր, որ օրուայ սովորական ժամերուն քաղաքին մէջ երեւելի դառնալ սկսած է ամայութիւնը, իսկ վարակակիրներու թիւը հասած է 115-ի։
Հիմա այս մթնոլորտին մէջ ամենամտահոգիչը մեծ թիւով քաղաքացիներու անհոգութիւնն է։ Անոնց համար այս վտանգաւոր եւ նոյնիսկ մահաբեր վարակը կը շարունակէ դասուիլ իբրեւ «ծանր կրիփ» մը, որուն մասին խօսելով մեծ թիւով քաղաքացիներ պիտի ըսէին՝ «Ինչ ա եղել որ, կ՚անցնի էլի...»։
Այո, «կ՚անցնի էլի»… Բայց այդ անցնելուն մէջ մեծ ու կեդրոնական դեր պիտի ունենան նաեւ ամենասովորական ու շարքային քաղաքացիները ու յատկապէս անոնք, որոնց համար համաճարակ դարձած քորոնան «սովորական մի կրիփ է»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան